ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 20-ին հիւրընկալեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի պաշտօնական կայքը:
Վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ ետք Սերժ Սարգսեանի հետ առաջին հանդիպման ընթացքին վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը նախ իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին վարչապետին` մաղթելով անոր ուժ, կարողութիւն, համբերութիւն, տոկունութիւն:
Զրուցակիցները հանդիպման ժամանակ անդրադարձան նաեւ այս օրերուն հանրապետութեան մէջ բողոքի արտայայտման զանգուածային միջոցառումներուն` տեղի ունեցող հաւաքներուն, երթերուն եւ իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին ստեղծուած իրավիճակի առնչութեամբ: Բնական համարելով, որ որեւէ երկրի մէջ կրնան ըլլալ դժգոհութիւններ, պահանջներ, մտահոգութիւններ, կաթողիկոսները կարեւոր նկատեցին բողոքի արտայայտումը բացառապէս քաղաքակիրթ եղանակով` յարգելով պետութեան սահմանադրական կարգն ու օրէնքները:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը միաժամանակ իրենց գոհունակութիւնն ու գնահատանքը յայտնեցին, որ տեղի ունեցող գործընթացին մէջ ուժի կիրարկումը, բախումները, ընդհարումները տեղ չունին:
«Կ’աղօթենք, որպէսզի աստիճանաբար այս իրավիճակը հանդարտի, խաղաղի, եւ մարդիկ լծուին մեր հայրենաշինութեան, մեր երկրի անվտանգութեան նուիրական գործին: Մենք, այո՛, ունինք դժուարութիւններ մեր կեանքին մէջ, բայց նաեւ բազում մարտահրաւէրներ եւ այդ մարտահրաւէրներուն առջեւ կրնանք կանգնիլ ու դիմակայել զանոնք միայն ազգային համախմբուածութեամբ եւ միասնականութեամբ: Շուտով նաեւ Ապրիլ 24-ն է` Մեծ եղեռնի յիշատակի օրը: Եւ այդ օրուան խորհուրդը պիտի որ իւրաքանչիւր հայորդիի գիտակցութեան, ընկալումներուն մէջ ըլլայ եւ առաջնորդէ` շիտակ ապրելու եւ շիտակ մեր ընթացքը առաջնորդելու, որպէսզի մենք զերծ պահենք մեր երկիրը ողբերգութիւններէ, կորուստներէ:
Մենք ունինք Արցախ, մենք ունինք մեր հայրենիքի սահմաններուն վրայ ծառայող երիտասարդ հայորդիներ, որոնց անվտանգութիւնը, գիտենք, Պրն. վարչապետ, Ձեր մշտական մտահոգութիւնն է: Մենք հաղորդ եղած ենք Ձեր մտածումներուն այս առումով: Թող Աստուած պահէ, պահպանէ մեր ժողովուրդը սիրոյ, խաղաղութեան մէջ: Այս է մեր մաղթանքը, այս է մեր աղօթքը»,- ըսած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․Կաթողիկոսը, նշելով, որ ամբողջութեամբ կը կիսէ Գարեգին Վեհափառի մտահոգութիւնները, ընդգծած է, որ այս օրերուն երկրին մէջ երիտասարդներու, պատանիներու ներգրաւմամբ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու ժամանակ գրգռիչ արտայայտութիւններով լարուածութեան, անորոշութեան մթնոլորտի ստեղծումը կը վնասէ թէ՛ մեր ժողովուրդին, թէ՛ մեր երկրի ընկալման արտաքին աշխարհի մէջ:
«Վերջ ի վերջոյ, այս ցոյցերուն հետեւանքները կամ անոնց ընթացքին հասցուած վնասներու յաղթահարումը ամիսներ պիտի տեւեն: Այսինքն` երկիրը կրնայ վնասուիլ: Մենք պէտք է ցուցարարներուն ըսենք` սա մեր բոլորիս հայրենիքն է, բոլորս այս հայրենիքի զաւակներն ենք, մէկ ընտանիք ենք: Դժուարութիւններ, հարցեր կ’ըլլան, սակայն պէտք է նստիլ, փոխադարձ հասկացողութեամբ հարցերը քննել սեղանի շուրջ, ոչ թէ փողոցը: Հարցերը քննելու միասնական այդ ճիգով ատոնց լուծման ճամբաներ պէտք է որոնել միասնաբար: Սա է, որ պէտք է ըլլայ: Այս մթնոլորտի մէջ նման ձեւով շարունակելը վնաս է` վնաս է հայրենիքին, վնաս է մեր ժողովուրդին: Հետեւաբար, ես ուրախ եմ, որ նաեւ Դուք, Պրն. վարչապետ, այդ կոչը ըրած էք, որ ուժերը կողք-կողքի գան եւ սեղանի շուրջ նստին ու խօսին: Նախագահի եւ Ձեր գլխաւորութեամբ այդ խօսակցութիւնը պէտք է ըլլայ, որովհետեւ այս կացութեան շարունակութիւնը մեծապէս կը վնասէ մեր հայրենիքին, մեր ժողովուրդին, մանաւանդ Արցախին: Ժամանակն է, որ համախմբուինք, որովհետեւ պաշարուած ենք ոչ բարեկամ ուժերով: Հարցեր կան, բնականաբար, բայց այդ հարցերու մասին պէտք է խօսինք, փոխադարձ սիրոյ, յարգանքի սահմաններուն մէջ: Սա է, որ կ’ուզէինք Ձեզի փոխանցել, Պրն. վարչապետ»,-ըսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը: