Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Սարգսեան-Փաշինեան Հանդիպումը Վայրկեաններ Տեւեց

Ապրիլ 22-ի առաւօտեան՝ Երեւանի ժամանակով 10:00-ին, «Արմենիա Մարիոթ» հիւրանոցի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի եւ ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի «հանդիպումը», որ տեւեց մի քանի վայրկեան։

Հակառահ երկխօսութեան սկզբունքներուն, Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ եկած է  Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին մասիխօսելու: Սերժ Սարգսեան պատասխանեց,  «դուք չէք գիտակցիր պատասխանատուութեան աստիճանը: Ձեր ըրածը շանթաժ է պետութեան: Եթէ այդ թոնով պիտի խօսիք, կը մնայ ձեզի մէկ անգամ եւս խորհուրդ տալ, որ գաք օրինական դաշտ եւ ընդհանրապէս տրամաբանական գործողութիւններու սահման, հակառակ պարագային ամբողջ պատասխանատուութիւնը ձեր վրայ է, դուք դաս չէք քաղած Մարտի մէկէն»:

Նիկոլ Փաշինեան ի պատասխան ըսաւ. «Ոչ ոք կրնայ սպառնալ մեզի, ես կը ներկայացնեմ ժողովուրդի կարծիքը»: Ի  պատասխան՝ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ ինքը ցանկութիւն չունի այդ թոնով շարունակելու բանակցութիւնները: «7-8 տոկոս ձայն ունեցող խմբակցութիւնը իրաւունք չունի խօսելու ժողովուրդի անունով, եւ ես ձեզի հետ այլեւս ցանկութիւն չունիմ շարունակելու խօսակցութիւնները»,– ըսաւ Սերժ Սարգսեան ու հեռացաւ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին