Ռազմական կրթութիւնը միշտ ալ արժանացած է պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի Զինուած ուժերու ուշադրութեան եւ հետապնդումին: Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ Ապրիլ 14-ին «Ա. Խանփերեանց» ռազմաօդային համալսարանի հիմնադրման 25-ամեակի ձեռնարկին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեան:
Ըստ նախարարի պաշտօնակատարին՝ ռազմական կրթութեան հանդէպ մեծ ուշադրութեան առաջին վկայութիւնը Դիլիջանի մէջ գործող «Մոնթէ Մելքոնեան» ռազմամարզական վարժարանն է:
«Արդէն այս պահուն մենք ունինք 10-րդ դասարան ընդունուելու 600 դիմում, երբ դեռ պաշտօնապէս չենք յայտարարած ընդունելութեան ընթացքին մասին: Եթէ նկատի առնենք, որ աւանդաբար այնտեղ ընդունած ենք 70 սան, ապա այդ արդէն շուրջ 9 դիմորդներ են մէկ տեղի համար: Մենք պիտի աւելցնենք ընդունելութեան տեղերու թիւը՝ հասցնելով զայն մինչեւ 100-ի, եւ վստահ եմ, որ պիտի ունենանք շատ լուրջ մրցակցութիւն այդտեղ ուսանելու համար»,- ընդգծած է Սարգսեան:
Ըստ անոր՝ յառաջիկայ շաբաթ պիտի սկսին աշխատանքները «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական համալսարանին նոր ենթակառուցուածք ձեւաւորելու եւ այնտեղ ուսումնական ու կենցաղային նոր պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ: «Մենք ռազմական կրթութիւնը պիտի դարձնենք մրցակցային եւ խիստ ներգրաւուած՝ մեր պետութեան, տնտեսութեան յառաջընթացին մէջ»,- ըսած է Սարգսեան:
«Մոնթէ Մելքոնեան» ռազմամարզական վարժարանին մէջ կ’ուսանին աւագ դպրոցի 10, 11 եւ 12-րդ դասարաններու աշակերտներ: Ներկայիս ուսանողներու թիւը 190 է, անոնցմէ 94-ը ընդունուած է այս տարի: Աշակերտները Հայաստանի զանազան մարզերէն են: Վարժարանին մէջ կրթութիւնը կը կիրարկուի հանրակրթական ծրագիրով, յառաջիկային կը նախատեսուի անցում «Արարատեան բակալավրիատ» հայերէնով եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած կրթական ծրագիրին:
Ամբողջովին նոր, միջազգային ամենաբարձր չափանիշներուն համապատասխանող վարժարանին մէջ ստեղծուած են շատ լաւ պայմաններ՝ ուսումնառութեան եւ ժամանցի համար: Սաները տեղաւորուած են 3-4 հոգինոց, ջեռուցուող, օդափոխուող, առանձին բաղնիքներով յարմարաւէտ սենեակներու մէջ: Վարժարանին մէջ կը գործեն ժամանակակից վարժասարքերով մարզադահլիճներ, կառուցուած են լողաւազան, ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ թենիսի խաղահրապարակներ: Կը մատուցուի որակեալ սնունդ՝ բարձրակարգ ճաշարանին մէջ: Վարժարանը կը հոգայ սաներու կեցութեան, սնունդի եւ հագուստի ծախսերը: Կրթական ժամանակացոյցը Երկուշաբթիէն Ուրբաթ է, հանգստեան օրերուն սաները կրնան մեկնիլ տուն կամ մնալ վարժարան: