Դոկտ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Մօտիկ անցեալին, երբ «Սասնայ Ծռեր»-ը գործողութիւն մը կատարեց եւ ալեկոծեց հայկական միջավայրը, «Զարթօնք»–ի այս էջերէն շատ վճռակամօրէն գրեցի, որ համաձայն չէի եղածին՝ գէթ թայմինկի պատճառով:
Առարկութիւնս այն էր, որ այդ օրերուն Կիւլէնի տագնապը կար Թուրքիոյ մէջ, ուր տեղի ունեցած էր «ձախորդ» յեղաշրջում, աշխարհի հաղորդամիջոցները կը խօսէին այդ մասին, ու յանկարծ մենք ծառայութիւն մատուցինք Թուրքիոյ, պախարակումի կախաղանէն՝ վար առնելով Թուրքիան ու տեղը դնելով մեզ՝ հայերս եւ հայաստանեան իրադարձութիւնները:
Այսօր նոյն սխալը կը գործենք աւելի ծանրակշռօրէն. կարճ ժամանակ առաջ Ազրպէյճանի նախագահը վերընտրուեցաւ, Թուրքիոյ նախագահը աւելի քան մէկ տարիով յառաջաձգեց խորհրդարանական ընտրութիւնները, այս օրերուն հայութիւնը պիտի նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցը…: Վերոյիշեալ երեք իրադարձութիւնները դատապարտումի սիւնին կը գամեն Ազրպէյճանն ու Թուրքիան: Իսկ մենք փոխանակ սատարելու այդ իրադարձութեանց արձագանգումին՝ լուսանցքայնացուցինք զանոնք եւ մեզ դրինք դատապարտումի սիւնին:
Ազրպէյճանական Յարձակում
Մարդիկ, ի տես այս օրերու երեւանեան փողոցի զարգացումներուն, դժգոհելով եղածէն մտահոգութիւն կը յայտնեն, որ այս դժուար օրերուն, երբ ՀՀ ներքին ճակատը թոյլ է, Ազրպէյճան կրնայ յարձակում գործել…: Կրնամ վստահեցնել, որ նման չհաշուուած քայլ հայերս կրնանք առնել, բայց ազերիները չեն առներ: Բացատրեմ. ազերիական նման քայլ մը միջազգային լուսարձակները հայավնաս հայկական ներքին խնդիրներէն պիտի փոխադրէ հայօգուտ իրավիճակի, որովհետեւ նախայարձակը մեղադրանքի սիւնին պիտի դրուի: Նման չհաշուուած քայլ մե՛նք կ’ընենք, տհասօրէն:
Նախկին Փորձեր
Մեզմէ ո՞վ մոռցաւ Արծուի Հունանեանին խորհրդարանական ահաբեկչութիւնը: Ո՞վ մոռցաւ Մարտ 1-ի իրադարձութիւնները, ո՞վ մոռացութեան տուաւ Սասնայ Ծռերուն անխելահաս արարքը…: Այս բոլորէն ի՞նչ դաս սորվեցանք: Ի՞նչ դաս քաղեցինք: Այն որ մեր հարցերը սուրի մէկ հարուածով կը լուծուի՞ն:
Հայկական Գորգ Եւ Բամբասանք
Հայերս կը յաւակնինք որ գորգի ծնունդը հայկական է: Այս պահուն կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ ծնունդ ունի գորգը: Կարեւորը գորգի յառաջացման գործընթացին մտավիճակն է: Բացատրեմ: Գորգին ծնունդը երկար գործընթացի արդիւնք է: Բուրդը յառաջացնելը, լուալը, ներկելը (նաեւ գոյնը յառաջացնելը), չորցնելը, գորգին տիզայնը որոշելը, գորգին հէնքը պատրաստելը, հիւսելը, լուալը, չորցնելը…: Այս բոլորը երկար ժամանակ կ’ուզէ: Այլ խօսքով գորգի մը ծնունդը սուրի մէկ հարուածով չի յառաջանար…: Եւ մենք իբրեւ դարաւոր գորգ հիւսողներ, պարտաւոր էինք իւրացուցած ըլլալ երկարաշունչութիւն, գորգը ծնելու համբերութիւնը, որպէսզի երկիր կերտենք… եւ ոչ թէ բամբասանքով երկիր շինենք…:
Նայեցէք իրանցիներուն. իրենց քաղաքականութիւնը հանգոյց առ հանգոյց կը հիւսեն եւ այսօր իրանեան գորգը որքան շուկայ գրաւած է…:
Հայոց Պատմութիւն Եւ Հայ Պետականութիւն
Հայ մատենագրութեան իմ մասնակի դիտարկումէս սորված դասերէն մէկը հետեւեալն է.-
Հինգերորդ դարու հայ մատենագիրները աշխարհի կեդրոնը կամ իրենց կեանքին կեդրոնը կը համարեն Հայաստանն ու հայ ազգը: 6-8րդ դարերու հայկական զարգացումները ապակողմնորոշեալ դրութիւն մը կը յառաջացնեն հայ մատենագիրներուն մտասեւեռումներուն մէջ: Բագրատունեաց թագաւորութենէն մինչեւ Կիլիկեան հայոց պետութեան անկումը (9-րդ դար-1375) հայ մատենագիրները, հակառակ պատմական այլեւայլ (յաճախ ողբալի) վերիվայրումներուն, կարծես թէ այնքան ալ դժգոհ չեն հայկական իրավիճակէն: Իրենց համար աշխարհի կեդրոնը, կամ իրենց աշխարհին բեւեռը Հայաստանն ու հայ ազգը չեն այլեւս: Իրենց տեսադաշտը աւելի լայն է եւ աւելի ընդգրկուն:
15-րդ դարէն սկսեալ, մանաւանդ Հայկական Լեռնաշխարհին 1555-ի երկատումէն ետք, հայ մատենագիրներն ու յիշատակագիրները տակաւ կը սկսին անդրադառնալ, որ հայ ժողովուրդի պատմաքաղաքական ճակատագրին ընթացքը փոխուած է, սկսած է վտանգալից դառնալ: Հաւանաբար Յակոբ Մեղապարտը ասիկա կը զգար, քան կը գիտակցէր, երբ հայ գիրքի տպագրութեան անցաւ: Այդ զգացումներուն աւելի շօշափելիութիւն բերաւ Առաքել Դաւրիժեցին, երբ իր կենդանութեան տպուեցաւ իր հայոց պատմութիւնը (1669), որ լուսարձակի տակ կ’առնէր Շահ Աբասի՝ հայոց բռնի տեղահանութիւնը, սփիւռքացումը եւ ծննդավայրի զգացողութիւնը:
Իսրայէլ Օրին, Շահամիր Շահամիրեանը, Մովսէս Բաղրամեանը, Յարութիւն Շմաւոնեանը պապենական ծննդավայրի զգացողութեան տուին պետականութեան գիտակցում: Այնուհետեւ, պետականութեան այս գիտակցումը ունեցաւ իր խարխափումները (Ներսէս Աշտարակեցիով, հայ կուսակցութիւններով, հայ մտաւորակններով…) եւ կարծէք թէ մինչեւ այսօր ալ անոր լրիւ գիտակցումը չունինք, հակառակ որ 20-րդ դարու հայ իրականութեան մեծագոյն երկու իրադարձութիւններէն մէկն է հայ պետականութեան վերականգնումը: Միւսը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնն է:
Հայրենասիրութիւն, Հայ Դատ
Հաւանաբար, իւրաքանչիւր ազգի ու պետութեան հայրենասիրութեան բովանդակութիւնն ու օրակարգը կը տարբերի միւս ազգերէն: Տարբեր են նաեւ նոյն ազգի ու պետութեան տարբեր ժամանակներու հայրենասիրութիւնն ու անոր բովանդակութիւնը, մինչ տեսլականները կրնան անփոփոխ մնալ:
Հայրենասիրութիւնը այսօր ինծի համար – մեր ժողովուրդի պատմութեան թերի իմացութեամբս – բովանդակութենէն առաջ նախ մտադրոյթ է եւ տեսական համակարգ: Ինծի համար այսօր հայրենասիրութիւնը խոհեմ, երկարահաս օգտակարութեամբ հայութեան ծառայող քաղաքական-ընկերային-գաղափարախօսական-տնտեսամշակութային գործընթաց է: Ոչ թէ երազատեսութիւն, այլ իրատեսութիւն է, իրապաշտութիւն:
Ո՞ր հայրենասէր անհատը իր ազգին համար իտէալականն ու կատարեալը չի փափաքիր: Բայց եթէ այդ կատարեալը անհասանելի է ներկայ հանգրուանին, եթէ ուժերը չեն ներեր որ իրագործուի այդ իտէալականը, երբ փորձով գիտենք որ սուրի մէկ հարուածը բաւարար չէ, որ բարեկարգումները, բարելաւումները երկար, գորգի ծնունդի գործընթաց կ’ենթադրեն, եւ եթէ այսքանը գիտակցելով հանդերձ նորէն փողոց կ’ելլենք՝ ապա մենք հեռու ենք հայրենասիրութենէ, աւելի ճիշդը՝ մեր հայրենասիրութիւնը օգտակար, հայանպաստ հայրենասիրութիւն չէ:
Հայրենասիրութիւն չէ՛ հայ նկարագրին խոցելի կողմեր չարաշահելը, անոր զգացականութիւնը գրգռելը, անոր զգայնոտութիւնը բորբոքելը՝ յանուն շարժումի մը, որուն եթէ սկիզբը կը կարծենք գիտնալ կամ տեսնել՝ վստահ եղէք ո՛չ վերջը յայտնի է, ոչ ալ կրնանք տեսնել: Այս խնդրով հաճեցէք նայիլ մեր դրացի Սուրիոյ տագնապին, կամ խորհրդածենք լիբանանեան տագնապին մասին. ինչո՞վ սկսանք ու ինչո՞վ եւ ի՞նչպէս վերջացանք. այո՛, վերջացանք, բայց լիբանանեան տագնապը… դեռ չաւարտեցինք:
Դանակը Ոսկորին Հասաւ
Դժուար է լիարժէք արժեւորում կատարել հայաստանեան իրավիճակին: Յստակ է, որ ժողովրդագրական առումով վտանգաւոր նահանջ եղած է, որ կը շարունակուի: Գիւղերը կը պարպուին, բնակչութեան քով դժգոհութեան ալիքը իր կոհակները կ’ունենայ…: Սակայն չկարդացի՞նք տնտեսական աճը որ արձանագրուեցաւ վերջին ամիսներուն, Կարէն Կարապետեանի վարչապետութեան գալը յոյսեր ներշնչեց, որոնք սկսան արդիւնաւորուիլ: Հաւանաբար բաւարար չեն այդ յոյսերը… իսկ սուրի մէկ հարուածը բաւարա՞ր է: Միջազգային փորձը միշտ ալ կ’ըսէ, թէ ոսկորին հասած դանակին դիմաց փողոց իջնելը պատճառ կը դառնայ… ոսկորին կոտրումին…:
Զգոյշ եւ հազար անգամ զգոյշ:
Արաբական Գարուն
Հաւանաբար արաբներուն մեծամասնութիւնը արաբական գարունով ակնկալեց դրական փոփոխութիւններ: Բայց եթէ այն հինգ քիլոկրամ բարեկարգումին համար պէտք պիտի ըլլայ տասնհինգ քիլո քանդում, ապա պիտի նախընտրեմ կրամային բարեկարգումը, մանաւանդ որ – նորէն կը կրկնեմ – սուրի մէկ հարուածով կացութիւնը ո՛չ կը փոխուի, ո՛չ ալ կը շտկուի:
Ինծի համար հայրենասիրութիւնը նա՛խ հաշիւ է. եթէ որեւէ բարեկարգում աւելի սուղ պիտի արժէ, քան նոյնինքն այդ բարեկարգումը… ապա պէտքը չունիմ այդ բարեկարգումին: Պիտի նախընտրեմ արիւն հոսեցնող-ապարդիւն յեղափոխութեան փոխարէն դանդաղ բարեշրջումը:
Հայ Ուժականութիւն Եւ Խաչաձեւումներ
Դժուար է գտնել երկու հայ, որ չհամաձայնին թէ մենք ստեղծագործ եւ մեծ ներուժի ժողովուրդ ենք: Սարոյեանին գրածին պէս՝ երբ երկու հայ քով-քովի գան իրենց Հայաստանը կը հիմնեն: Պատկերացուցէք, ուրեմն քանի՜ տեսակ Հայաստան հիմնած ենք մենք… մեր ներուժով, մանաւանդ մեր երեւակայութեան մէջ: Լա՛ւ կ’ըլլայ, որ այս երեւակայածին հայաստանները գետին բերենք: Աւելի լաւը ա՛յն կ’ըլլայ, որ այդ երեւակայութեան տէրերը՝ մենք բոլորս, մեր ոտքերը գետին դնենք: Դադրի՛նք երեւակայելէ եւ իրապաշտօրէն, խոհեմաբար մտածենք, ոչ ալ պարտադրենք մեր երեւակայած Հայաստանը միւս հայերուն: Մեր ներուժը ոչ թէ երեւակայութեան տանք, այլ իրատեսութեան: Չէ՞ որ հայերս կ’ըսենք, թէ տունը մտածածդ շուկայի հաշիւին չի գար…: Մենք ուրիշի՞ն կ’ըսենք այս եւ նման խօսքեր, թէ նաեւ մենք մեզի…:
Ինչու՞ համար մենք օտար միջավայրի մէջ պատրաստ ենք պատշաճելու, յարմարելու, զիջելու, ընդառաջելու, տեղի տալու, մեր ներուժը տուփի մէջ դնելու, սանձելու եւ ուրիշին ուզածին պէս գործածելու…: Իսկ հայկական միջավայրին մէջ, մենք յանկարծ այդ ներուժը կը հանենք իր տուփէն, կը դարձնենք սանձարձակ եւ անով կը դառնանք կատարեալ ինքնիշխաններ, չկամ՝ մեր անձնական գերիշխանութենէն սանթիմ մը զիջելու:
Ժամանակն է, որ ոչ միայն սկսինք իրատեսօրէն մտածել, թէ մենք մեզ՝ 25-ամեայ Հայաստանին մէջ ի՛նչպէս կը պատկերացնենք, մենք զմեզ այդ երկրին համակարգին մէջ ի՛նչ կը տեսնենք եւ ի՛նչպէս կրնանք – ԻՐԱՏԵՍՕՐԷՆ – նպաստել երկրին:
Յիշեցնեմ, երկիր մը մէկ նախագահ կ’ունենայ, իսկ երկրին ընկերութիւն-հաւաքականութիւնը բրգաձեւ կ’ըլլայ:
Լիբանանի Պատերազմէն Դաս Մը
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ամբողջ տեւողութեան, բոլոր կողմերը առաւելագոյնս տուժեցին, երբ ենթարկուեցան ներհամայնքային պայքարի: Քրիստոնեայ ճակատը առաւելագոյնս տուժեց, երբ ծայր առին Ժաաժաա-Աուն բախումները: Նոյնն էր պարագան Ամալ-Հըզպալլա բախումներուն, պաղեստինեան Ղազզա-Արեւմտեան ափ բախումներուն: Եթէ իմաստութիւնը չունինք ներհայկական առճակատումին առաջքը առնելու, գէթ խոհեմութիւնը ունենանք այդ առճակատումը երէկ քան թէ այսօր կասեցնելու՝ յանուն գալիքին:
Եզրափակում
Բոլորս համաձայն ենք, որ ՀՀ-ի մէջ վերը յիշածս ժխտական իրադարձութիւնները (եւ անոնք, որոնց չանդրադարձայ) կը խախտեն հայ պետականութեան հիմքերը, կը տկարացնեն հայ պետականութիւնը: Մեզմէ ոչ ոք (բառացիօրէն՝ բոլոր անոնք որոնք իրենք զիրենք հայ կը դաւանին, առնուազն մասամբ) իրաւունք ունի թուլցնելու հայ պետականութեան հիմքերը: Իւրաքանչիւրս պարտաւոր է հզօրացնելու այդ հիմքերը, որովհետեւ հզօր հայ պետականութեան գոյութիւնը ինքնըստինքնեան երաշխիք է հայութեան գոյատեւումին: Հայ պետականութեան հզօրութիւնը ուղիղ համեմատական է հայութեան (եւ անոր տենչերուն) հզօրութեան:
Օշական եւ ուրիշներ կը հաւաստեն, որ մինչեւ Եղեռնի գործադրութիւնը արդէն Եղեռնը կատարուած էր հայ իրականութեան մէջ: Այսինքն՝ Եղեռնէն առաջ արդէն եղեռնագործուած էր հայու հոգին, հայ մարդուն բովանդակութիւնը…:
Զգուշացէ՛ք, այսօր Փաշինեանի ըրածը, երէկ՝ «Սասնայ Ծռեր»-ը, Մարտի դէպքերը, Հունանեանին ահաբեկումները եւ ասոնց նմաններն ու անոնց հայկական դրդապատճառները կը ծառայեն հայ մարդուն բովանդակութիւնը պարպելու, հայուն երազը սպաննելու, մեր տենչերը տկարացնելու…: