*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
Երիտասարդներուն Կ»առաջարկեն Արաքսի Հովիտին Մէջ Աշխատիլ
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան մի քանի տասնեակ երիտասարդներու հետ ներկայ գտնուած է Արաքսի հովիտ, գնահատած է կատարուածը ու խօսած ապագայ ընելիքներու մասին: Վերջերս գիւղատնտեսութեան զարգացման գծով հաստատուած հայեցակարգը կը պահանջէ վերանայիլ մօտեցումները, ներդրել ժամանակակից արհեստագիտութիւններ, առաջարկել նոր լուծումներ:
Բակօ Սահակեան այդ հարցին մէջ մեծ ակնկալիքներ ունի, մասնաւորաբար երիտասարդներէն: «Հաշուի առնելով Արաքսի հովիտի նշանակութիւնը մեր երկրի կեանքին մէջ՝ մենք կը շարունակենք աշխատանքները Հադրութի շրջանի հարաւային թեւին վրայ: Այն պահէն, երբ կառավարութիւնը գիւղատնտեսութեան զարգացման նոր հայեցակարգ հաստատած է, անհրաժեշտութիւն եղած էր այս հատուածին մէջ եւս մեր աշխատանքները համապատասխանեցնել այդ նոր հայեցակարգին»,- ընդգծած է նախագահ Բակօ Սահակեան:
2018-ի սկիզբը Արցախի կառավարութեան որոշումով ստեղծուած է «Արաքս գօտի» ընկերութիւնը: Նպատակը Արաքսի հովիտին մէջ աշխատանքները աշխուժացնել եւ համակարգել է: «Բոլոր անոնք, որոնք գիւղատնտեսութեամբ կը զբաղին, կամ կը պատրաստուին զբաղելու, կրնան համոզուած ըլլալ, որ ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ ասկէ ետք, պիտի ստեղծենք անհրաժեշտ պայմանները՝ անոնց գործունէութիւնը արդիւնաւէտ դարձնելու համար»,- նշած է նախագահ Սահակեան: Վերականգնուած են 200 հա խաղողի եւ թութի այգիներ: Յառաջիկային նոյնպէս 1000 հա կը մաքրուի եղեգներէն: 200 հա մաքրուած է՝ այգիներ հիմնելու նպատակով, իսկ ոռոգման ցանցը կը վերականգնուի ու կ’արդիականացուի: Մարքուած են ջրանցքներ ու հորատուած են արտեզեան ջրհորներ: Տեղադրուած են անձրեւացման ժամանակակից համակարգեր: Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ երիտասարդներու աւելի լայն եւ աշխոյժ ներգրաւուածութենէն նաեւ կ’ակնկալուի նոր մօտեցումներու եւ նոր փորձի կիրարկում: «Յոյսով ենք, որ երբ երիտասարդները մտնեն գիւղատնտեսութեան բնագաւառէն ներս, այս ոլորտին մէջ զարգացումը աւելի արդիւնաւէտ, աւելի լաւ կազմակերպուած կ’ըլլայ»,- լաւատես է գիւղատնտես Արամ Վերդեանը: Որոշ երիտասարդներ գործով կ’ապացուցեն այդ մէկը: Հանդիպման ընթացքին Շուշիի արհեստագիտական համալսարանի տասնեակ գիւղատնտես-ուսանողներու հետ արդէն որոշ ուղի անցած երիտասարդ ագարակապաններ մասնակցած են, որոնք պատրաստ են սկսնակներու հետ իրենց փորձը կիսել: «Բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզեն զբաղիլ ջերմատնային տնտեսութեամբ, կ’առաջարկեմ մասնաւորաբար ելակի արտադրութեամբ զբաղիլ: Պատրաստ եմ իմ անձնական փորձս ներկայացնելու իրենց»,- կը խոստանայ երիտասարդ մենատնտես Արամ Պատալեանը: Կառավարութեան առաջարկը աւելի ընդգրկուն է: Արաքսի հովիտին մէջ կարելի է գրեթէ ամէն ինչ մշակել՝ մերձարեւադարձային բոյսերէն մինչեւ հացահատիկ: Գիւղատնտեսութեան զարգացման նոր հայեցակարգը օժանդակութեան բազմաթիւ ազդակներ ունի: Արցախի նախագահը կը վստահեցնէ, որ տակաւին սկսնակ հող օգտագործողները առանձին չեն մնար իրենց խնդիրներուն հետ. «Այդ մէկը չի կրնար միայն ա՛յդ մարդոց խնդիրը ըլլալ: Մենք պէտք է ատիկա որպէս մեր բոլորին խնդիրը ընկալենք: Ես հակուած եմ մեր յարաբերութիւնները կազմակերպել՝ նոյնինքն այդ պահանջէն մեկնելով»: Գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերու հետ կապուած նախապատրաստման աշխատանքները կը շարունակուին: Բաց աստի, այդ տարածքներուն մէջ աշխատողներու կենցաղային խնդիրները մոռացութեան երբեք չեն մատնուիր: Քաղաքաշինութեան նախարարն ալ կը յիշեցնէ, որ դեռ 2014-ին 29 քմ ելեկտրագիծ ստեղծուած է: Տեղադրուած են հող օգտագործողներու համար առաջին տնակները: Արդէն մի քանի տասնեակ տնակներ կան Արաքսավանի մէջ: 2018-ին այս տարածքին մէջ կը տեղադրուի եւս 100 տնակ: