Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի բացումին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բացի, արձագանգած է նաեւ Ժընեւի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոս Մեհմեթ Սաիթ Ույանըքը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber.am»-ը։
Ապրիլ 13-ին տեղի ունեցած յուշարձանի բացման արարողութեան ներկայ էին Ժընեւի քաղաքապետը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, որոնց թրքական աղբիւրը «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) կողմնակիցներ կ’անուանէ։ Նշեալ կուսակցութիւնը Անգարայի կողմէ կը համարուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն:
Թուրք հիւպատոսը նշած է, որ այդ յուշարձանը ոչ միայն բացասական անդրադարձ պիտի ունենայ թուրք-զուիցերիական յարաբերութիւններուն վրայ, այլեւ աւելի պիտի վատացնէ Զուիցերիոյ մէջ ապրող թրքական եւ հայկական համայնքներու յարաբերութիւնները։
«Թրեմպլէյ զբօսայգիին մէջ բացուած յուշահամալիրը բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ թուրք-զուիցերիական յարաբերութիւններուն վրայ: Ատիկա ոչ բարեացակամ եւ չհաշուարկուած քայլ է»,- ըսած է թուրք հիւպատոսը:
Վերջինս Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ներկայացնելով թրքական աւանդական ժխտողականութիւնը, հայերը մեղադրած է, որ «միակողմանի» կը նային պատմութեան:






