Մեծարգոյ Տիար Սերժ Սարգսեան,
Նորընտիր Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան, Հայաստան
Մեծարգոյ Պրն. Վարչապետ,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս իր աշխարհասփիւռ անդամակցութեան անունով Ձեզի կը յղէ իր ջերմ շնորհաւորանքները` Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի պատուաբեր եւ պատասխանատու պաշտօնին վրայ Ձեր ընտրութեան առիթով:
Մենք համոզուած ենք, որ, հիմնուելով Ձեր պետական մարդու տարիներու փորձին վրայ, Դուք լաւագոյնս պիտի ընէք, որ Ձեր ղեկավարման տարիները ընթանան Հայրենիքի աւելի եւս զարգացման համար ծրագիրներու իրականացումով ու ստեղծարար նախաձեռնութիւններու իրագործումով` ի շահ մեր երկրին ու ժողովուրդին։
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն՝ որպէս ժողովրդավարութեան ռահվիրա կուսակցութիւն, մենք կը հաւատանք, որ ժողովրդային հանրաքուէով հաստատուած՝ Հայաստանի նոր սահմանադրութեան կարգով խորհրդարանի մեծամասնութիւնը կազմող կուսակցութեան իրաւասութիւններուն մէջ կ’իյնայ վարչապետի թեկնածուին առաջադրումն ու անոր ընտրութիւնը: Այս առիթով լիայոյս ենք, որ Դուք Ձեր պատասխանատու անձի խոհեմութեամբ ու համբերութեամբ եւ հիմնուելով երկխօսութեան առողջ սկզբունքներու վրայ պիտի կարենաք շրջանցել տուեալ անհաճոյ դրութիւնը, որուն Աստուած մի արասցէ` բացասական զարգացումը ուրախութիւն կրնայ պատճառել միայն Հայ ժողովուրդի թշնամիներուն:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ