Ապրիլ 17-ին ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ ականի մը պայթումէն զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Ռուսլան Զօրիկօ Մանուկեանը:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:






