Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Պեթթի. Նպատակասլացութեան Պայծառ Օրինակ

*ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ*

15-ամեայ մեր հայրենակից Պեթթին նպատակասլացութեան ու աշխատասիրութեան լաւագոյն օրինակ է, անոր գործունէութեան ծանօթացնելու համար խոստացած էինք պատրաստել ծաւալուն նիւթ մը, որ վստահաբար ուսանելի պիտի ըլլայ շատերուն համար:

Էլիզապէթ Դանիէլեան (Պեթթի) ծնած է 2003-ի Մարտ 7-ին: Չորս տարեկանէն յաճախած է Պարարուեստի պետական ուսումնարան, վեց տարեկանին՝ Հայաստանի ազգային մշակոյթի կեդրոն՝ հետեւելով նկարչական, ասեղնագործական, խեցեգործական խմբակներուն: Բազմաթիւ մրցոյթներու, փառատօններու դափնեկիր է. 2014-ին մասնակցած է «Մանկական Նոր ալիք»-ի մոսկովեան փուլին եւ անցած կիսաեզրափակիչ փուլ: Յաջողութիւններ արձանագրած է նաեւ «Կենգուրու» միջազգային թուաբանական մրցոյթին: Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի ընկերութեան կողմէն արժանացած է «Լաւագոյն մանկական հեռուստադէմք» կոչումին, վարած է երկու հաղորդաշար` «Betty Show»-ն` 21TV-ով եւ «Տանը մենակ»–ը` H2 հեռուստաալիքով, չորս տարի վարած է «Հրաշալի եօթնեակ» հաղորդումը, ինչպէս նաեւ «Ինչուներու մոլորակը» Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեամբ: Այսինքն՝ ան աշխատած է Հայաստանի կարեւորագոյն բոլոր հեռուստաալիքներուն հետ: Բազմաթիւ երգերու եւ բանաստեղծութիւններու հեղինակ է, յաճախած է կիթառի եւ վոքալի դասերու։

Պեթթին հանրաճանաչ դարձաւ 11 տարեկանին, երբ հանդէս եկաւ «Արեւի մարդիկ» երգով եւ Հայաստանը ներկայացուց Մալթայի մէջ կայացած «Մանկական եւրոտեսիլ 2014»-ին։ Ընդամէնը 11 տարեկան աղջնակը այդ փոքր հասակին արդէն իրականացուց իր քանի մը տարիներու մեծ երազանքը եւ պատուով ներկայացուց Հայաստանը՝ գրաւելով երրորդ տեղը։

Յիշողութեանս մէջ թարմ է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի տպաւորութիւնները Պեթթիի մասին. ան աշխատանքային այցով Մալթա մեկնած էր Պեթթիի ելոյթի օրերուն, ելոյթէն ժամեր առաջ տեսած էր Պեթթին, որուն ջերմութիւնը խիստ բարձր էր, հետեւաբար ան անկողինը  պառկած էր, սակայն դեղերու շնորհիւ իր մէջ ուժ գտած էր մասնակցելու. նպատակասլաց աղջնակին կամքը տկարութիւն չէր ճանչնար։

Պեթթին առաջին անգամ տեսայ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Յայտնիները սուրիահայ երեխաներուն» ծրագիրին ծիրէն ներս կազմակերպուած երեկոյին ժամանակ, ժպտերես ու կենսուրախ Պեթթին ներկայացնելով՝ նախարարը պատմեց, թէ ի՛նչպէս Պեթթին յաղթահարեց բարձր ջերմութիւնը եւ մրցոյթին մասնակցեցաւ՝ գրաւելով երկրորդ տեղը։ Պեթթին մանկական անմեղութեամբ ուղղեց նախարարի ըսածը եւ ըսաւ. «Ես երրորդ տեղը գրաւեցի»։ Նախարարը ժպտաց ու ըսաւ. «Դուն ինծի համար առաջինն ես»: Այդ հասակին՝ ակնյայտ էր Պեթթիի արդարամտութիւնը:

2016-ին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախաձեռնութեամբ, միջպետական խմբագրական խորհուրդի նախագահութեան որոշումով եւ ՀՀ Մշակոյթի, ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ Երեւանի Ալ. Պուշկինի անուան թիւ 8 հիմնական դպրոցի առաջարկով` Պեթթին, շնորհիւ իր արժանիքներուն եւ ձեռքբերումներուն, Պեթթիի անունը ընդգրկուեցաւ «Կրթութեան մէջ լաւագոյնը» միջազգային հանրագիտարանին մէջ: Յատուկ ձեռքբերումներու հասնելու շնորհիւ՝ Պեթթին արժանացաւ «Շնորհալի երեխայ» մետալի անուանական վկայականին եւ առաջին կարգի միջազգային վկայագիրին:

Նմանատիպ հանրագիտարանի մէջ յայտնուիլը Պեթթիի համար միջազգային կարգի ձեռքբերում էր, իսկ Հայաստանի համար՝ եւս մէկ յաղթանակ:

Աւելի ուշ՝ 13 տարեկանին, Պեթթին հանրութեան ներկայացուց «New Generation» (պատանիի օր) պատանեկան հեղինակային նախագիծն ու համանուն երգին տեսահոլովակը։ Նախագիծին նպատակն է հանրութեան ու պատասխանատու մարմիններու ուշադրութիւնը հրաւիրել դէպի պատանիները, խթանել սէրը կեանքի, աշխարհի, հայրենիքի, աշխատասիրութեան եւ ընկերասիրութեան հանդէպ՝ ուրախութիւն տարածելով ամէնուր: «Հայերը ամենակրթուած, ամենաշնորհալի երեխաներ ունեցող ազգն են: Ես հպարտ եմ, որ հայ եմ եւ ունիմ այսպիսի հասակակիցներ: Ես կ’ուզեմ իմ ընկերներուս օգնութեամբ Յունիս 7-ն յայտարարել Պատանիներու տօն: Կան շատ տօներ, որոնք նուիրուած են երեխաներուն, մեծերուն: Ճիշդ կ’ըլլայ, որ պատանիները նոյնպէս որեւէ տօն ունենան: Յոյս ունիմ, որ բոլորը այս տօնը կ’ընդունին»,- իր նախագիծին անդրադառնալով ըսած էր Պեթթին։

Կրթութիւնը կարեւոր համարող Պեթթին մօտ մէկ տարի առաջ մեկնեցաւ ԱՄՆ՝ իր հիմնական ուշադրութիւնը սեւեռելով լեզուներ ուսումնասիրելու վրայ։ Անգլերէնն ալ կատարելագործելէն ետք, սկսաւ սորվիլ սպաներէնը, կը յաճախէ նաեւ երաժշտական դպրոց՝ կատարելագործելու իր երաժշտական վարպետութիւնը։ Ան կը հետեւի նաեւ հարուածային գործիքներու վրայ նուագելու դասերուն եւ պարի։ Պեթթին համոզուած է, որ 21-րդ դարուն եթէ մարդը կրթութիւն չունենայ, չի կրնար որեւէ բանի հասնիլ։

Պեթթին ԱՄՆ-ի կառավարութենէն ստացաւ «Extraordinary» կարգավիճակ, որ հնարաւորութիւն կու տայ անոր օրինական կերպով գործունէութիւն ծաւալելու այնտեղ:

Պեթթին ունի նաեւ իր Blog-ը, որ ամբողջովին անգլերէն է եւ իրեն համար շատ հետաքրքրական, քանի որ անոր միջոցով ան ձեռք կը բերէ նոր փորձ, իբրեւ համակարգող: Այնտեղ Պեթթին կը տեղադրէ նաեւ իր երգերը. երգեր, որոնց հեղինակային իրաւունքները կը պատկանին իրեն: «Էջը ունի ուսուցողական բնոյթ: Քանի որ ան կ’իրականացուի «New Generation» նախագիծին ծիրէն ներս, իսկ նախագիծն ալ, իր հերթին, նոր սերունդը կը մղէ դէպի դրական երեւոյթներ։ Կ’ուզեմ այնպէս ընել, որ իրենք հասկնան, թէ ինչքա՛ն կարեւոր է օտար լեզուներ սորվիլը»,- կ’ըսէ Պեթթին։

Վերջերս Պեթթին առաջարկներ ստացած է ամերիկեան մի քանի ընկերութիւններէ՝ մետիա ոլորտէն ներս աշխատելու համար, ան պայմանագիր կնքած է իր  ընտրած ընկերութեան հետ, որուն հետ շուտով պիտի սկսի նախապատրաստական աշխատանքները, իսկ իր նախագիծի «New Generation»-ի ծիրէն ներս դարձեալ նոր ծրագիրները  սպասուին։

Այս բոլորին հետ մէկ տեղ Պեթթին միշտ կը կրկնէ. «Ես դանդաղ կ’աճապարեմ»:

Պեթթին կը խոստանայ իր քայլերով, նախագիծներով եւ յաղթանակներով մէկ անգամ եւս ապացուցել, որ հայը ամենադրական, ամենաաշխատասէր, ամենակրթուած, ամենաբարի, համարձակ, ուրախ, ամենախաղաղասէր, վեհ, հպարտ, յաղթանակած, ամենագեղեցիկ տեսակն է, իսկ ապագային անդրադառնալով կ’ըսէ. «Ապագային պիտի ըլլամ աշխարհի մարդ, ի նպաստ իմ հայրենիքիս՝ Հայաստանի»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին