Ի տարբերութիւն նախորդ չորս նոյնատիպ գիտաժողովներուն՝ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած «Եգիպտոսի, Սուտանի Եւ Եթովպիոյ Հայերը» գիտաժողովը ծրագրուեցաւ կազմակերպել երկու հանգրուանով, որուն առաջինը պիտի կայանար Գահիրէի մէջ 12-13 Ապրիլ, 2018-ին, իսկ երկրորդը՝ Մայիս 29-30-ին Հայկազեան Համալսարանին մէջ:
Յիրաւի, Չորեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Կոկանեան Սրահին մէջ, Գահիրէ, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ գիտաժողովին՝ ներկայութեամբ Եգիպիոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշն. Տ. Աշոտ սրբազան Մնացականեանի, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Դոկտ. Արմէն Մելքոնեանի, Եգիպտոսի հայօճախի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի, եգիպտահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ մշակոյթով ու պատմութեամբ հետաքրքրուող եգիպտահայ խաւին:
Գիտաժողովին այս հանգրուանը կազմակերպուած էր գործակցութեամբ Եգիպտոսի Հայոց Առաջնորդարանին: Պաշտօնական բացման հանդիսութեան, բարի գալուստի սրտագին խօսք արտասանեց Առաջնորդ սրբազան հայրը՝ ողջունելով ներկայութիւնը Վեր. Դոկտ. Հայտոսթեանի եւ հրաւիրեալ բանախօսներուն։ Այնուհետեւ մասնաւոր իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Դոկտ. Տագէսեանին, որ սոյն գիտաժողովին իրականացումին մղիչ ուժը հանդիսացաւ։ Ան նշեց նաեւ, որ նման գիտաժողովները առիթ են ոչ միայն մօտէն ծանօթանալու հայ ժողովուրդի զաւակներուն տուեալ երկրին մէջ եւ ազգային կեանքէն ներս բերած նուիրեալ մեծ ծառայութեան ու ծաւալած գործունէութեան, այլեւ ազգային գիտակցութիւնը կը զօրացնեն՝ շարունակելու համար նախորդ սերունդներուն ազգապահպան գաղափարներուն եւ համոզումներուն իբրեւ արդիւնք այսօր մեզի հասած հայապահպանութեան օճախները բաց եւ գործուն պահելու դժուար, պատասխանատու եւ միեւնոյն ժամանակ պատուաբեր առաքելութիւնը։
Ապա խօսք առաւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ գնահատանք յայտնեց առաջնորդարանին եւ դեսպանութեան գործակցութեան՝ իրականացնելու համար այս իւրայատուկ գիտաժողովը: Ան ընդգծեց, որ Սփիւռքի ուսումնասիրութիւնը պէտք է ըլլայ արդիւնքն հաւաքական ճիգի, ըլլայ ճկուն մեթոտներով, միջ-ուսմունքային եւ բազմա-ուսմունքային, առարկայական եւ անկաշկանդ, ունենայ քննական մօտեցում եւ չքննէ միայն անցեալը, այլեւ այսօրը եւ անդրադառնայ վաղուան, ու զուգահեռուին հայ եւ օտար սփիւռքները: Վեր. Հայտոսթեան նշեց, որ Սփիւռքը իր հերթին սփիւռքներ կը ստեղծէ եւ պէտք է այս նոր զարգացումները եւս ուսումնասիրել եւ օգտուիլ անոնցմէ: Ան ինքնութիւնը առնչեց յիշողութեան, ինչը յիշել-չյիշելուն, գնահատեց այն մեծ նպաստը, որ ունեցած է Եգիպտոսի հայօճախը եւ մաղթեց, որ եգիպտահայ նոր սերունդները շարունակեն այդ նուիրական գործը:
Իր խօսքին մէջ, Դոկտ. Տագէսեան, ի միջի այլոց առանձնացուց գիտաժողովին առնչութեամբ երեք խորհուրդներ. ան դիտել տուաւ Միջին Արեւելքի հայօճախներու փոխհամագործակցութեամբ յառաջացող այն համոզումը, որ շրջանի նօսրացող հայօճախները երբ համագործակցին, նօսրացման հետեւանքով յառաջացող դժուարութիւններ կարելի կը դառնայ զօրակցութեամբ հարթել, ան շեշտեց նաեւ մէկութեան գաղափարը, այն առումով որ Միջին Արեւելքի հայը իր մտապաստառին վրայ այս ձեւով կը տեսնէ Միջին Արեւելեան հայութիւնը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն եւ ըստ այդմ կը գործէ: Հուսկ, ան կոչ ըրաւ, որ այս գիտաժողովը նախանշան ըլլայ եգիպտահայ համալսարանականներու պարբերական խորհրդաժողովներու կայացումին, որով երիտասարդ սերունդը աւելի մեծ համեմատութեամբ ընդգրկուի եւգիպտահայ կեանքին մէջ: Անդրադառնալով գիտաժողովին՝ Դոկտ. Տագէսեան մատնանշեց, որ գիտաժողովին երկրորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ աւելի ծաւալուն, պիտի ընդգրկէ 27 զեկոյց եւ տեղի պիտի ունենայ 29 եւ 30 Մայիս 2018-ին Հայկազեան Համալսարանի մէջ:
Այնուհետեւ, սկիզբ առաւ առաջին նիստը, որուն աւարտին զեկուցողներն ու հիւրերը ուղղուեցան մօտակայ ՀՄԸՄ Արարատ Ակումբը, ուր հիւրասիրուեցան եւ ուր ծաւալեցաւ օգտակար ճանաչողական ու տարբեր հայօճախները յուզող խօսակցութիւն:
Յաջորդող երկու նիստերը տեղի ունեցան յաջորդ օր, առաւօտեան ժամը 11-էն 5 Հայ Կաթողիկէ Սրբուհի Թերեզա Եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ:
Գումարուած երեք նիստերուն ընթացքին կարդացուեցան 10 զեկոյցներ՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն ու Եգիպտոսէն ժամանած փորձագէտներէ ու մասնագէտներէ: Եգիպտոսի մօտ ՀՀ արատակարգ եւ լիազօր դեսպան Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան «Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եգիպտոս Միջպետական Յարաբերութիւնները» վերնագիրին տակ ներկայացուց շուրջ քսանհինգամեայ այդ յարաբերութիւններուն համապատկերը: Բանասէր Միհրան Մինասեան ներկայացուց «Եգիպտահայ Արաբագիր Հեղինակներ» նիւթը՝ առանձնացնելով շուրջ երեսնեակ մը եգիպտահայ հեղինակներէն առաւել նշանաւորները՝ Պատր Էլ Ճամալին, Ալթուն Տիւրրին եւ ուրիշներ: Վաստակաւոր կրթական մշակ Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեան լուսարձակի տակ առաւ «Եգիպտահայ Արտեմիսը, Իբրեւ Կնոջական Խնդիրներու Յառաջապահ Մամուլ» (անգլերէն) նիւթը՝ ծանրանալով 20-րդ դարասկիզբի մեծ ֆեմինիսթ Մարի Պէյլերեանի ողջախոհ գաղափարներուն: Տոքթ. Սուրէն Պայրամեան իր՝ «Եգիպտահայ Գրատպագրութիւնը Եւ Մամուլը Սկիզբէն Մինչեւ Մեր Օրերը» զեկոյցով տուաւ համապարփակ պատկերը եգիպտահայ գիրքին, մամուլին եւ տպարաններուն պատմութեան: Պետրոս Թորոսեանի զեկոյցը՝ «Պատմական Ակնարկ ՀԲԸՄիութեան Եգիպտոսի Օրկան՝ Միութեան (1912-1927)» երեք հանգրուանի բաժնեց «Միութիւն»–ի 15-ամեայ գործունէութունը՝ ըստ անոր հետապնդած նպատակներուն: Նարինէ Մարգարեան, իր «Հայ Որբախնամ Կազմակերպութեան Գործունէութիւնը 1916-23» նիւթին մէջ ծաւալեցաւ ու անդրադարձաւ ընդհանրապէս եգիպտահայ որբախնամ կազմակերպութիւններու եւ անոնց գործունէութեան: Եգիպտահայ Հայկ Աւագեանի «Եգիպտոսի Սինեմայի Եւ Թատրոնի Հայ Դերասանները. Ինքնութեան Խնդիրներ» նիւթը հարցադրումներու առիթ էր հայ ինքնութեան, պատշաճումի եւ ինքնահաստատումի խնդիրներու առումով: Դոկտ. Տիգրան Ղանալանեան՝ «Հայերի Արտագաղթը Եգիպտոսից 1950-1970-ականներին» նիւթով վերլուծեց եգիպտահայ արտագաղթը եւ արժեւորումը կատարեց արտագաղթին: Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատան մշակութային կցորդ Դոկտ. Վլատիմիր Պօղոսեան ներկայացուց «Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէն Եւ Եգիպտահայութիւնը» նիւթը՝ լուսարձակի տակ առնելով այդ օգտաշատ յարաբերութիւնը: Պէյրութահայ Ռաֆայէլ Ումուտեան ներկայացուց «Եգիպտահայ Երկու Կաթողիկոս-Պատրիարքներ՝ Գասպարեան Եւ Թարմունի» նիւթը՝ ծանրանալով երջանկայիշատակ երկու կաթողիկոս-պատրիարքներուն պաշտօնավարութեան եւ ծաւալած գործունէութեան վրայ:
Զեկոյցներու աւարտին ծաւալեցան աշխոյժ հարց-պատասխան եւ քննարկումներ: Նիստերը վարեցին Օրդ. Ասփէ Ճիզմէճեան, Տիկ. Սօսէ Պայրամեան-Կրպոյեան եւ Դոկտ. Տագէսեան: Ազատ, անմիջական, երկար քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան եգիպտահայ անցեալին ու ներկային հայող հարցեր, իրագործումներ:
Երրորդ նիստի աւարտին, դադարէ մը ետք տեղի ունեցաւ եգիպտահայ հետազօտող Տոքթ. Սուրէն Պայրամեանի «Հայկական Համայնքային Կառոյցները Եգիպտոսի Մէջ» գիրքին գինեձօնը՝ Եգիպտոսի Հայոց Առաջնորդարանին հովանաւորութեամբ: Արարողութեան մասնակցեցան Գերշն. Աշոտ Սրբ. Մնացականեան եւ Վեր. Դոկտ. Հայտոսթեան, Եգիպտոսի հայօճախի դէմքեր, հարազատներ: Հատորը ներկայացուց Դոկտ. Տագէսեան:
Գիտաժողովի աւարտին, Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Դոկտ. Արմէն Մելքոնեան, ի պատիւ գիտաժողովի մասնակիցներուն, ընթրիքով մը հիւրասիրեց զեկուցաբերները, հիւրերը եւ հայօճախին պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, շքեղ դեսպանատան պարտէզին մէջ:
Գիտաժողովին մասնակիցները այցելեցին առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին եւ առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցան առաջնորդ սրաբազան հօր հետ: Համալսարանի նախագահ Վեր. Հայտոսթեան եւ Դոկտ. Տագէսեան նաեւ պաշտօնական այցելութիւն մը տուին ՀՀ դեսպանատուն, ուր հանդիպեցան Պրն. դեսպանին հետ:
Գիտաժողովը կարեւոր նորութիւն էր եգիպտահայութեան համար: Ներկաները խանդավառ էին եւ լաւատես, որ նման բնոյթի հաւաքներ կարելի է կազմակերպել պարբերաբար՝ ընդգրկելով եգիպտահայ երիտասարդ համալսարանականներ եւ նոր երեսակ մը աւելցնելով եգիպտահայ մշակութային կենցաղին: Գիտաժողովին տեւողութեան, զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ ունկնդիրներ, եգիպտահայ փորձագէտներ, հետազօտողներ, մտաւորականներ շաղախուեցան նոր մտածումներու, հաստատեցին նոր ծանօթութիւններ եւ յարաբերութիւններ, որոնք կը ծառայեն սփիւռքագիտութեան:
Գիտաժողովը նաեւ իւրօրինակ երախտիք եւ ճանաչում էր Եգիպտոսի հայութեան կատարած հայկական եւ մարդկային ճիգերուն:
Յառաջիկայ Մայիս 29-30-ին տեղի պիտի ունենայ գիտաժողովին երկրորդ հանգրուանը՝ գիտական նիստերով, իրիկնային դասախօսութիւններով, շնորհահանդէսով եւ ցուցահանդէսով:
Կեդրոնի կազմակերպած վերջին հինգ տարիներու գիտաժողովները Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Իրաքի եւ Եգիպտոսի-Սուտանի-Եթովպիոյ հայօճախներուն բեւեռուող լուսարձակներ են, որոնք նոր եւ հրատապ այժմէականութիւն կու տան Միջին Արեւելքի սփիւռքագիտութեան զարգացման՝ մղելով առնչուող հայութիւնը իր պատմութիւնը, դէպքերն ու զարգացումները շրջանի համապատկերով, Միջին Արեւելքի անդրսահմանային հայեցակարգով դիտելու եւ ընկալելու:
Գիտաժողովին նիւթերը պիտի հրատարակուին յառաջիկային: Արդէն լոյս տեսած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայօճախներուն նուիրուած գիտաժողովներուն հատորները, շուտով կը հրապարակուին Յորդանանի եւ Իրաքի գիտաժողովներուն նիւթերուն հատորները:
Յառաջիկայ տարուան՝ Կեդրոնի գիտաժողովի նիւթ ծրագրուած է «Կիպրոսի եւ Յունաստանի Հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2019 Մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները ընթացք առած են:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն:
Հայկազեան Համալսարանի
Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն