Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

Հալէպահայ Աշակերտներ Դա՛րձեալ Խմբուեցան Յակոբ Օշականի Շիրիմին Շուրջ

   Հալէպի մէջ հինէն եկող շատ գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է Յակոբ Օշականի շիրիմին տրուող ուսանողական այցը։ Մեր դպրոցներէն մէկ քանին կը յարգեն այս աւանդութիւնը նախանձախնդրօրէն։

   ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանի ԺԱ. կարգի աշակերտները անցեալ տարուան նման այս տարի եւս (Հինգշաբթի, 12 Ապրիլ 2018) խմբովին այցելեցին Հալէպի ազգ. գերեզմանատուն եւ բոլորուեցան մեծանուն գրականագէտ ու երկարամեայ ուսուցիչ Յակոբ Օշականի (1883-1948) շիրիմին շուրջ։ Այս աւանդական այցելութիւնը, որ կը զուգադիպէր գրագէտին մահուան 70-ամեակին, կազմակերպուեցաւ վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ։ Տնօրէնուհի օրդ. Գայանէ Թիւմպալեան, հայերէնաւանդ ուսուցիչներն ու դաստիարակ-տեսուչները ընկերակցեցան աշակերտներուն, առաջնորդեցին զանոնք։

   Աշակերտները, որոնք տակաւին անցեալ շաբաթ նո՛ր ծանօթացեր էին Օշականին՝ իրենց հայերէնի դասագրքին մէջէն ընթերցելով անոր սիրուն մէկ պատմուածքը, իրենց հետ բերած էին ծաղկեպսակներ, խունկ ու մոմ։ Անոնք երկիւղածութեամբ շրջապատեցին Օշականի դամբարանը, «Տէր, ողորմեա՛» երգեցին, ապա գործադրեցին կարճ յայտագիր մը։

   Օշականի կենսագրութիւնը կարդաց Մարինա Մաթոսեան, իսկ Սիլվի Չիչեան արտասանեց ուղերձ մը։ Լուսինէ Քէլէշ ասմունքեց Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»-ը։ Արտայայտուեցան հայերէնաւանդ ուսուցիչներ տիկ. Անի Յովակիմեան եւ Պրն. Լեւոն Շառոյեան՝ շեշտը դնելով Օշականի գրական մեծղի վաստակին, քննադատի բացառիկ տաղանդին եւ ուսուցչական երկարամեայ վաստակին վրայ։ Տնօրէնուհի օրդ. Թիւմպալեանն ալ նշեց, որ ասիկա իսկական ուխտագնացութիւն մըն է։

   Այնուհետեւ խումբը այց մը տուաւ գերեզմանատան մէկ այլ անկիւնը թաղուած ողբացեալ տնօրէն Ալեքսան Աթթարեանի (1951-2002) շիրիմին։ Հոս եւս ծաղկեպսակ դրուեցաւ, խունկ ծխուեցաւ ու երգուեցաւ Տէրունական աղօթք։ Ննջեցեալին մասին արտայայտուեցաւ Պրն. Մանուէլ Քէշիշեան՝ նշելով, որ ան կանխահաս մահ մը ունեցաւ ու կիսատ թողուց իր կրթական բազմապիսի ծրագիրները։ Իսկ տնօրէնուհի օրդ. Թիւմպալեան այս առթիւ մի առ մի յիշատակեց վարժարանին նախկին բոլոր տնօրէնները, ոմանք՝ արդէն մահացած, ոմանք՝ ի կեանս։

   Աշակերտները գերեզմանատունէն դպրոց վերադարձան խորունկ տպաւորութեամբ։

*

   Այս խմբական այցին անդրադառնալով՝ դպրոցի ուսուցչական կազմէն Պրն. Մանուէլ Քէշիշեան «Հայերէնի դասապահ» վերնագրով կը գրէ դիմատետրի իր էջին վրայ.   ՀԲԸՄիութեան Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանի ԺԱ. կարգի աշակերտներու հայերէն դասի նիւթը Յակոբ Օշականն էր՝ ներկայութեամբ նոյնինքն Յակոբ Օշականին…: Այո՛, այո՛, այս օրուան դասապահին ներկայ էր մեծ գրագէտը:

   Հայոց գերեզմանատան մէջ, ուր կը հանգչի Օշականը, հաւաքուած են հայերէն լեզուի ուսուցիչ Լեւոն Շառոյեանի աշակերտները: Օդը լեցուած է Օշականի շունչով. աշակերտները կը զգան անոր ներկայութիւնը, կը խօսին անոր հետ, կ’ըսեն, որ իրենք եկած են իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու «Մնացորդաց»-ի հեղինակին, կ’ըսեն, որ իրենք հպարտ են իրենց քաղաքի մեծ ննջեցեալով:

   Աշակերտները աղօթքներ կը մրմնջեն, շարականներ կ’երգեն, կ’արտասանեն: Հայերէնի ուսուցիչը չի կրնար յոյսով չլեցուիլ. այս աշակերտները կը սիրեն հայերէնը, այս աշակերտները կը սորվին հայերէնը:

   Այո՛, յուսահատելի չէ մեր մայրենիին վիճակը, քանի դեռ այս շունչը կը տիրէ մեր դպրոցներուն, մեր ուսուցիչներուն եւ մեր աշակերտներուն վրայ, քանի դեռ այս հոգին է մեր մէջ ապրողը: Վստահօրէն կարելի է ըսել, թէ մայր գաղութին մէջ հայերէնը պիտի ապրի կենսունակօրէն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին