Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը Իր Անվերապահ Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Թեկնածու Ներկայացած ՌԱԿ-ի Ներկայացուցիչներուն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս մօտէն կը հետեւի Լիբանանի երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններու գործընթացին:

Այս առիթով ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնս կը հովանաւորէ ու զօրակցի ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կնքած ընտրական թէ քաղաքական դաշինքներուն ու  կը շնորհաւորէ ու կը քաջալերէ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակը՝ իր քաղաքացիական իրաւունքներն ու պարտականութիւնները լաւապէս դրսեւորելու պատրաստակամութեան համար յառաջիկայ Մայիս 6-ին թէ՛ իր յարմար տեսած ՌԱԿ-ի անունով ընտրութիւններու ներկայացող թեկնածուներով ու թէ ընտրութեան մասնակցութեամբ:

Վերջապէս ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնս իր անվերապահ նեցուկը կը յայտնէ ու յաջողութիւն  կը մաղթէ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ու անոր ատենապետին՝ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանին՝ ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի անունով ներկայացող միւս թեկնածուներուն՝ տիկ. Ալինա Կիւլվանէսեանին եւ ընկ. Արա Գոյունեանին:

Ի Դիմաց՝

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

Կեդրոնական Վարչութեան

Սեւակ Յակոբեան                                       Սերխիօ Նահապետեան

Ատենադպիր                                              Ատենապետ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին