Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

Դէպի Խորհրդարան Ուղիին Վրայ – Ընտանիք Կերտել-Աճեցնել-Ծաղկեցնելու Իմացութիւնը

Սիրելի ընթերցող բարեկամ, սիրելի քուէարկող,

Այսօր կը փափաքիմ միասին դարձեալ մտածենք քու, իմ եւ ընդհանրապէս լիբանանցի ընտանիքին մասին:

Վերջին տասնամեակին, համաշխարհայնացումի հետեւանքները, Միջին Արեւելքի տագնապները առաւել սուր կերպով ազդեցին մեր առօրեայ եւ կենցաղային կեանքին վրայ:

Մեր ընտանեկան դաստիարակութիւնը, մեր անպատրաստուածութիւնը համաշխարհային կեանքի նոր հանգրուանի նորութիւններուն եւ պարտադրանքներուն, մեր՝ պէտք եղած փորձառութեամբ եւ գիտելիքներով ու մտքի ճկունութեամբ, քննական կարողութիւններով չդաստիարակուիլը մեզ դէմ յանդիման դրին այնպիսի կացութիւններու, որոնք դիմագրաւելը, յաղթահարելը  – ներկայ գիտելիքներով եւ կարողութիւններով – մեծագոյն ճիգեր կը պահանջէ:

Մենք տասնամեակներ շարունակ, մեր տուներուն մէջ արժանացանք աւանդական դաստիարակութեան, արժէհամակարգերու: Ասոնք, էական ըլլալով հանդերձ մեզ չզինեցին նորագոյն կեանքի մարտահրաւէրները յաղթահարելու միջոցներով: Մենք զարգացուցինք այնպիսի ճարտարութիւններ որոնք մասամբ միայն կրնային օգտակար ըլլալ մեզի՝ յաջողապէս կեանք մը վարելու համար:

Մենք չսորվեցանք family planning, չսորվեցանք մեր եկամուտները իմաստուն ձեւով տնօրինել. չէինք գիտեր: Մտածենք միասին. այսօր մեր եկամուտներուն քանի՞ տոկոսը ինչի՞ կը ծախսենք, ի՞նչ պէտք է ընենք որ անակնկալ-անսպասելի տագնապի մը պարագային մենք նիւթապէս չտապալինք, չսնանկանանք նաեւ հոգիով:

Կասկածէ վեր է որ լիբանանցի ընտանիքը այսօր տնտեսական, ընկերաբանական, առողջական, յարաբերական, կրթական, աշխարհընկալումի սուր տագնապ կը դիմագրաւէ: Ոմանց կը թուի թէ այս տագնապը լիբանահայ ընտանիքին քով աւելի ծանր է, եւ թէ լիբանանցի արաբ ընտանիքը պետութեան մէջ իր մարդոցմով կրնայ իր տագնապը թեթեւցնել: Լիբանահայ ընտանիքին պարագային որոշ, մասնակի կարգադրութիւններ կը կատարուին լիբանահայ բարեսիրական միութիւններու, խմբաւորումներու եւ հաստատութիւններու կողմէ:

Ինծի կը թուի սակայն, որ լուծման, նման տագնապներ աւելի թեթեւ վնասներով դիմագրաւելու նախաքայլը ընտանիքն է եւ անոր դաստիարակումը:

Ձեր ձայներով երբ հասնիմ խորհրդարան, ընտանիքի ընկերաբաններու պիտի աջակցիմ որ անոնք հանրային ելոյթներով բացատրեն, ուղղեն եւ կողմնորոշեն ընտանիքի անդամները թէ ինչպէս պէտք է կազմակերպեն իրենց նորահաստատ ընտանիքները, ինչպէս պէտք է ծրագրեն իրենց ընտանեկան կեանքն ու կենցաղը, որպէսզի մեր ընտանիքները չընկրկին եւ նուազ դժուարութեամբ յաղթահարեն իրենց դիմագրաւած տագնապները:

Ես համոզուած եմ որ կրնանք միասնաբար յաջողիլ:

ԱԼԻՆԱ ԿԻՒԼՎԱՆԷՍԵԱՆ-ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի թեկնածու

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին