Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Անշպար Եւ Անողոք Խօսք – Կուսակցութեան Մը Պատմութիւնը Ողջ Երկրի Մը Պատմութիւնը Չէ

*ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ*

Սակայն հինգլուխ դաշնակցականները՝ Ռուբէն փաշայականները, կը հերքեն դաշնակցական Ահարոնեանի կողմէ Զօրավար Անդրանիկին տրուած հերոսի յատկանիշները, նոյնիսկ անոր հայու յատկանիշները, քանի որ ան դուրս եկաւ Դաշնակցութենէն…: 1922-ին երբ Զօրավար Անդրանիկ մեզմէ հեռացաւ, Աթէնքի «Նոր Օր» դաշնակցական թերթի 8 Սեպտեմբեր 1922 թուակիր համարի խմբագրականը գրեց. «Դաշնակցական գրիչը անոր (Զօր. Անդրանիկի) չըրած հերոսութիւնները անոր վերագրեց, դաշնակցական ճառախօսը աստուածացուց անոր քաջութիւնը, յանդգնութիւնը եւ թշնամիին վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը մեծ ու անտիրական չափերու հասցուց (երբ ան դաշնակցական էր…): Անդրանիկ հռչակուեցաւ ազգային հերոս: Երբ որ տիրացաւ այդ հռչակին, ան արդէն քիչ դաշնակցական էր: Քիչ դաշնակցական ըլլալը քիչ հայ ըլլալուն հաւասար էր: Անդրանիկ ժամանակի ընթացքին կորսնցուց նաեւ իր հայու յատկանիշները, քանի որ կորսնցուցած էր հայութեան ծառայելու (իմա՝ Դաշնակցութեան ծառայելու…) եւ իր անձը անոր (իմա՝ Դաշնակցութեան…) ստորադասելու առաքինութիւնը…» (տես՝ «Պայքար» շաբաթաթերթի 20 Օգոստոս 2017 թուակիր համարին մէջ, Յակոբ Վարդիվառեանի գրութիւնը): Աթէնքի «Նոր Օր»-ը կը խոստովանի, թէ երբ Անդրանիկ դաշնակցական էր, դաշնակցական գրիչը սուտ կը խօսէր, պատմաշինարարութիւն կ«ընէր՝ ըստ իր սովորութեան… եւ այսօր ալ սուտ կը խօսի, երբ Անդրանիկ դուրս եկած է Դաշնակցութենէն: Եւ դաշնակցական գրիչը ցարդ չէ հրաժարած պատմաշինարարութենէ:

Սակայն Հրայր Մարուխեանի օրերէն՝ 1970-ականներէն, սկսան շատնալ նորգլուխ դաշնակցականները, յայտնապէս ՀՅԴ 24-րդ ընդհանուր ժողովէն ետք։ Եւ օրինակ՝ Արա Արծրունին «Կամար» պարբերականի 28-րդ թիւին մէջ, խօսելով Սփիւռքահայութեան կերպարին մասին, քննադատեց հինգլուխ դաշնակցականներու յօրինած երգերուն («Սթանպուլը պիտի լինի արեան ծով», «Սուր ակռաներով պողպատ կը ծամենք», «Հերոս մռնչեց՝ Սուլթան դողդողաց, Եւրոպի աչքից՝ արտասուք սողաց», եւ այլն) անհեթեթութիւնները: Իսկ Յ. Պալեան «Ազդակ»-ի 12 Մարտ 2018 թուակիր համարին մէջ՝ «Ուժերը Մէկտեղել Եւ Վերականգնիլ» վերնագրով գրութեամբ զատորոշուեցաւ հինգլուխներու մենատիրական մոլուցքէն, բացառիկութեան հոգեկան հիւանդութենէն եւ «ով որ դաշնակցական չէ, հայ չէ» զառանցանքէն, եւ համահայկականութեան ոգիով գրեց. «Հայաստանի պատմութեան խորհրդային շրջանը աւարտած է, բայց չէ հինցած: Ան մաս կը կազմէ մեր անցեալին՝ իր սեւով եւ սպիտակով, այդ անցեալը եւս պէտք է հասկնալ, տեւաբար կարելի չէ քարացած դիրքերու վրայ մնալ եւ նիզակ ճօճել։ Նման ընթացք կ’առաջնորդէ նաեւ դրական արդիւնքներու ուրացումին եւ անկարելի կը դարձնէ ներազգային միասնութիւնը, որ այնքան կարեւոր է դժուար ճանապարհ անցած մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար»:

Պետական մտածողութիւն, հասարակութեան հանդէպ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, հաւաքական գործի ատակութիւն, համայնական, ո՛չ եսասիրական սէր, եւ լայն մտահորիզոն ու անսահմանափակ տեսլական կը պահանջուի՝ լիովին հասկնալու եւ գործնականօրէն կիրարկելու համար վերի պարբերութեան իմաստութիւնն ու ահազանգային պատգամը… ներկայի սրընթաց փոփոխութիւններու, եւ մերթ ընդ մերթ մեզի համար աննպաստ զարգացումներու ժամանակներուն մէջ, ե՛ւ Սփիւռքի ե՛ւ Արեւելահայաստանի մէջ տիրող աւատապետական տրոհումի կեդրոնախոյս, ո՛չ կեդրոնաձիգ պայմաններուն լոյսին տակ…:

Զօր. Անդրանիկ իր զօրքով եւ տեղ-տեղ ալ իրեն հետ տարած գաղթականներով կռուեցաւ թշնամիին դէմ. Սասունի, Տարօնի, Տիլմանի, Խոյի, Ջաւախքի, Էրզրումի, Վանի, Բաղէշի, Ղարաբաղի, Ջուլֆայի, Նախիջեւանի, Ալեքսանդրապոլի, Դիլիջանի եւ Զանգեզուրի մէջ… իսկ միայն Կիլիկիա չկրցաւ անցնիլ՝ ֆրանսական գաղութարար զօրքին անգելքին հետեւանքով: Ան քաջածանօթ էր ոչ միայն երկու Հայաստաններու աշխարհագրութեան, այլեւ այդ տարածքը շրջապատող մեր թշնամիներու լեզուներուն, թրքերէնին եւ քրտերէնին, եւ այդ տարածքին մէջ գործող ականաւոր հայդուկներուն՝ Արաբոյին, Գէորգ Չաւուշին, Մուրատին, Աղբիւր Սերոբին, Հրայր Դժոխքին ու միւսներուն, նաեւ մեծանուն գրողներուն ու հասարակական յեղափոխական գործիչներուն՝ Յովհ. Թումանեանին, Ստեփան Շահումեանին, Վահան Տէրեանին, Ռուբէն Զարդարեանին, Աւետիս Ահարոնեանին, Զապէլ Եսայեանին, Սիամանթոյին, Արշակ Չօպանեանին, Պօղոս Նուպարին, Վահան Թոթովենցին։ Մէկ խօսքով՝ կը մարմնաւորէր «Հայ Ազգի Ոգին» ու ռազմաքաղաքական համահայկական ու միջազգայնական դպրոցը…:

Եւ Արեւելահայաստանի Հայկական, Սովետական, Սոցիալիստական Հանրապետութեան ղեկավարները չսահմանափակուեցան Արեւելահայաստանով, այլ համահայկական տեսլականով, իրենց պետութեան գերբին կեդրոնը զետեղեցին Միացեալ Հայաստանը, Արեւմտահայաստանն ալ ներառող վեհանիստ Արարատը… շարունակելու համար Ազգային Հերոսին կիսատ մնացած ազատագրութեան գործը: Եւ Եղիշէ Չարենց Արարատը որակած է «անհաս փառքի ճամբայ»:

Եւ քանի որ այսօր տակաւին ազատագրուած չէ Արարատը, Երեւանը պէտք է նկատենք Միացեալ Հայաստանի մայրաքաղաքը եւ անոր կեդրոնական հրապարակին վրայ պէտք է կանգնեցնենք Զօրավար Անդրանիկի յուշարձանը, գէթ մինչեւ Արարատի ազատագրումը՝ համահայութեան Ազգային Հերոսին յուշարձանը դարձնելով յարացոյցը տակաւին շարունակելի մեր ազատագրական պայքարին:

Հայկական, Սովետական, Սոցիալիստական Հանրապետութեան ղեկավարները՝ պետական գերբի Արարատին կողքին պէտք էր, որ պետական դրօշ որպէս՝ պահպանած ըլլային հայկական եռագոյնը, եւ արդարացիօրէն անոր վերի կարմիր շերտին վրայ միայն զետեղէին ոսկեգոյն մուրճն ու մանգաղը, ինչպէս ըրին՝ Դեմոկրատական Արեւելեան Գերմանիոյ իշխանութիւնները գերմանական դրօշին վրայ, եւ Լիբանանի Կոմկուսը, որ լիբանանեան դրօշի կարմիր շերտին վրայ միայն զետեղեց ոսկեգոյն մուրճն ու մանգաղը:

Ժողովուրդի մը դրօշը իր ինքնութիւնն է, որ մնայուն է, իսկ վարչակարգը պարզապէս գնայուն է: Պատմութիւնը չի յաւերժացներ ժամանակաւոր, ասուպային ու գնայուն իրադարձութիւնները, այլ որոշ ժամանակաշրջան գոյատեւած մնայուններ: Օրինակ՝ սոցիալիստական առաջին յեղափոխութիւն որպէս կը յիշէ Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւնը եւ ոչ թէ Փարիզի Կոմունան, կամ Պաքուի Կոմունան, կամ Անթիլիասի Կոմունան եւ ուրիշ երկիրներու պատմութեան մէջ ստեղծուած ժամանակաւոր, գնայուն կոմունաները։ Եւ Լիբանանի կեդրոնական հրապարակին վրայ կանգնած է Մայիս 6-ի նահատակներու յուշարձանը, որ կը խորհրդանշէ Օսմանեան լուծէն ազատագրութիւնը, իսկ անկախութեան կերտիչներէն ոմանց արձանները՝ առաջին նախագահին հետ միասին, կանգնած են մայրաքաղաքի տարբեր թաղամասերու հրապարակներուն վրայ։ Իսկ Արամ Մանուկեանի, Ստեփան Շահումեանի եւ Ալեքսանդր Միասնիկեանի արձանները կրնան զետեղուիլ Երեւանի տարբեր թաղամասերու հրապարակներուն վրայ:

Արամ Մանուկեան չի կրնար բաղդատուիլ, ոչ մէկ չափանիշով, Զօրավար Անդրանիկի եւ Անաստաս Միկոյեանի հետ։ Պշարա Խուրին առաջին նախագահն էր Լիբանանի, բայց անոր արձանը կանգնած էր Պէյրութի երկրորդական հրապարակներէն մէկուն վրայ։ Պաթումի ստրկական դաշնագրի անկախութիւնը պարտադրուած էր Թուրքիոյ կողմէ եւ միայն եօթը հազար քառ. քլմ. Նեղլիկ տարածքին վրայ, որուն պետութիւնը խիստ կարճատեւ եղաւ, եւ անոր բնակչութեան պաշտպանութեան համար պահանջուած զինուժը արգիլուած էր ունենալ՝ Թուրքիոյ կողմէ։ Անոր նեղլիկ տարածքէն, թշնամիին բանակը երթեւեկելու բացարձակ ազատութիւնը ունէր մինչեւ Պաքու, եւ ամբողջ տարածքը կը գտնուէր թշնամի բանակի ներխուժումին անմիջական սպառնալիքին ներքեւ: Այս պայմաններուն մէջ, Արամ Մանուկեան ի՜նչ իրագործումներ կրնար ունենալ, մարդկայնօրէն եւ իրապաշտօրէն, հեռու՝ դիցաբանութենէ եւ առասպելապատումէ: Ի՜նչ իրագործումներ, երբ երկիրը ամբողջութեամբ կախեալ էր թշնամիին քմահաճոյքէն եւ բարեացակամութենէն, եւ անկախութիւնը միրա՜ժ մըն էր։ Ի՜նչ իրագործումներ, որոնք կրնային ոչ թէ գերազանցել, այլ գէթ բաղդատուիլ Զօրավար Անդրանիկի եւ Անաստաս Միկոյեանի իրագործումներուն հետ:

Վերջապէս, առանց ուրանալու Ա. Հանրապետութեան միայն բարոյական արժէք ունեցող ջանքերն ու նկրտումները եւ լիովին հասկնալով անոր գործնական անբաւարարութեան առարկայական պատճառները՝ կարելի չէ անոր բարոյական անհետեւանք ջանքերը բաղդատել Բ. Հանրապետութեան գործնական ու ոսկեդարեան իրագործումներուն հետ, իսկ Ա.-ի բարոյական իրագործումները Բ.-ի իրագործումներէն գերազանց նկատելը կամ աւելի կարեւոր համարելը 70-ամեայ Ոսկեդարը ուրանալու համազօր չէ՞ արդեօք: Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակենք մենք մեզ խաբել, թէ բարոյական «յաղթանակը» աւելի կարեւոր է, քան գործնական յաղթանակը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին