Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Անշպար Եւ Անողոք Խօսք – Կուսակցութեան Մը Պատմութիւնը Ողջ Երկրի Մը Պատմութիւնը Չէ

*ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ*

Կուսակցութիւններ կրնան խօսիլ ու գրել ամբողջ երկրի մը ամբողջ ժողովուրդին անունով, սակայն երբ ընտրուած չեն ամբողջ ամբողջ ժողովուրդին կողմէ, չեն կրնար ներկայացնել այդ ժողովուրդը՝ իրաւականօրէն, եւ հետեւաբար անոնց պատմական դէմքերը անպայմանօրէն չեն ունենար կամ չեն վայելեր համազգային ճանաչում, եւ ուրեմն խորհրդանիշը չեն կրնար ըլլալ ամբողջ ազգին: Բոլոր կուսակցութիւններն ալ ունեցած են իրենց հերոսները անշուշտ, բայց միայն Զօրավար Անդրանիկն է, որ բոլորին կողմէ արժանացած է Ազգային Հերոսի պատիւին, քանի որ ան պատկանած է բոլոր կուսակցութիւններուն եւ քաղաքական հոսանքներուն, իր համահայկական, հակամենատիրական ու հակահատուածական գաղափարականին շնորհիւ։ Արմենական ակունքով Զօրավար Անդրանիկ, եղած է նախ՝ հնչակեան, Շապին Գարահիսարի մէջ, ապա՝ դաշնակցական, ապա նաեւ՝ ՀԲԸՄ-ի եւ Պօղոս Նուպարի գործակից, եւ հուսկ՝ գործակցած է Ստեփան Շահումեանի հետ, պատրաստակամութիւն յայտնած է իր ազդեցութեան տակ գտնուող շրջանները դնելու սովետական իշխանութեան հովանաւորութեան տակ եւ ողջունած է ու բարձրօրէն գնահատած սովետ իշխանութեան Թրքահայաստանի անկախութեան մասին դեկրետը՝ զայն նկատելով միակ անկեղծ յայտարարութիւնը՝ միջազգային միւս բոլոր յայտարարութիւններէն: Եւ Զօրավար Անդրանիկի քաղաքական լայն մտահորիզոնին մասին վկայած է նաեւ Լէօն Թրոցքին՝ իր «Պալքանեան Պատերազմները» գիրքին մէջ՝ մէջբերելով 1913 թուին կատարած սա յայտարարութիւնը. «Ես ազգայնամոլ մը չեմ եւ կը ճանչնամ միայն մէկ ազգութիւն, ատիկա՝ բոլոր ճնշուած ժողովուրդներու ազգութիւնն է» (տես՝ L. Troçki, “Balkan Savaşları”, Arbu Yayın, Istanbul, 1995, էջ 285, որ մէջբերուած է ռուսական «Kievskaya Miysl» թերթի 19 Յուլիս 1913 թուակիր համարէն): Ուրեմն Զօրավար Անդրանիկ կը պատկանի նաեւ բոլոր իրաւազրկուած ազգութիւններու, իր միջազգայնական գաղափարականով, իբր ռահվիրա, յառաջապահ առաջնորդ…:

Զօրավար Անդրանիկ ոչ միայն համահայկական, այլեւ միջազգայնական էր՝ զանոնք գործնապէս ի՛ր անձին մէջ խտացնելով… իր համամարդկայնական տեսլականին շնորհիւ։

***

Այս մտորումներուն տուն տուաւ Յարութ Սասունեանի այն գրութիւնը, զոր տեսանք «Պայքար» շաբաթաթերթի 18 Փետրուար 2018 թուակիր համարին մէջ (էջ 9), խօսելով Անաստաս Միկոյեանի մէկ յայտարարութեան մասին, Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ անոր արձանը կանգնեցնելու Քաղաքապետական Խորհուրդի որոշումին եւ անոր դէմ արտայայտուած յերիւրածոյ կարծիքին կապակցութեամբ։

Սասունեան ԱՄՆ-ի արխիւէն յայտնաբերած է փաստաթուղթ մը, որ կը նկարագրէ 1959 թ. Յուլիսի 25-ին տեղի ունեցած տեսակցութիւնը ԱՄՆ-ի նախագահ Ռիչարտ Նիքսոնի եւ ՍՍՀՄ-ի այդ թուականի նախարարաց խորհուրդի նախագահի Ա. տեղակալ Անաստաս Միկոյեանի հետ։

Այդ փաստաթուղթին մէջ Ռիչարտ Նիքսոն գովաբանած է Ա. Միկոյեանի անձնաւորութիւնը եւ կատարած դրական աշխատանքը, ԱՄՆ կատարած իր այցելութեան ընթացքին։ Իսկ Ա. Միկոյեան, իր հայու ինքնութիւնը յայտնելով, քննադատած է ԱՄՆ-ի Պետական Բաժանմունքին (Արտգործնախարարութեան) այն յայտարարութիւնը, ուր ըսուած է, թէ Ռուսիա գերեվարած է Սովետ Միութեան հանրապետութիւններուն ժողովուրդները, եւ աւելցուցած է. «Ես Սովետ Հայաստանի Գերագոյն Սովետի 30 պատգամաւորները լաւ կը ճանչնամ, անոնք հետաքրքրուած են գիտնալու, թէ ո՛վ իրաւունք տուած է ամերիկեան կառավարութեան՝ գործելու իրենց անունով… եւ թէ ինչո՛ւ ամերիկեան կառավարութիւնը ոչինչ կ’ընէ, իրօք, ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրման համար, ինչպէս է պարագան Թուրքիոյ մէջ ապրող հայկական փոքրամասնութեան…»:

ԱՄՆ-ի պետական արխիւին մէջ եւ փոխնախագահ Ռիչարտ Նիքսոնի կողմէ փաստագրուած Անաստաս Միկոյեանի այս կեցուածքը կը մոխրացնէ անոր թշնամիներուն յերիւրած բոլոր վերագրումները եւ կը խարանէ անոնց ճակատները։ Միկոյեանի ծանծաղամիտ թշնամիները արդեօք անձնապէս կը հաւատա՞ն, որ Սովետ պետութեան գերագոյն իշխանական աթոռին հասած այս համաշխարհային դէմքը կրնար հակասել սովետ պետութեան առաջին իսկ օրերուն հրատարակած եւ Լենինի ու Ստալինի ստորագրութիւնները կրող դեկրետին՝ Թրքահայաստանի անկախութեան մասին…:

Բայց մեզի անհասկնալի մնաց այն, թէ ինչո՛ւ կողմերէն մէկը չառաջադրեց մեր հանճարեղ այն բանաստեղծին անունը, որ պատգամած է. «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է…»: Այս պատգամին, որ դեռեւս հրատապ կը մնայ, Չարենց հասած է՝ խորապէս սերտելով մեր պատմութիւնը եւ իր «Պատմութեան Քառուղիներով» պոեմային մէջ գրած է.

«Մեր պատմութեան գրքից դարձնում է մի թերթ
Եւ բացում է էջը նախավերջին,–
Եւ հանդէս են գալիս – անկերպարանք, անդէմ –
Երէկուայ մեր տէրերը չնչին
Սերմանողներ քամու եւ մուրացկանութեան,–
Մեզ ժառանգած գանձի, օ՜, վատնիչներ յետին,
Որ ափերում հեռու ձեզ ապաստան գտած –
Կերտեցիք դղեակներ ու ապարանքներ,
Եւ այսօրուայ ձեր խեղճ ոչնչութեանն անգէտ՝
Վերջին խարիսխը մեր
Վաճառքի հանեցիք…»:

Հանճարեղ տեսանողը կարծէք տեսած էր նաեւ մեր այսօրուան իշխանութիւններու խեղճութիւնը, իրենց ժառանգած գանձին վատնիչները… (Գ.ի իշխանաւորներու ժառանգածը Բ. իշխանութիւններէն):

***

Յիշատակուող երեք անուններէն՝ Միկոյեան, Անդրանիկ եւ Արամ, դժուար ընտրութիւնը՝ Արամի եւ միւս երկուքին միջեւ չէ, այլ միւս երկուքին միջեւ: Արամ չի կրնար բաղդատուիլ միւս երկուքին հետ՝ ոչ մէկ չափանիշով, որ կը գերազանցէ միւս երկուքին լրացուցած բոլոր չափանիշները, որոնք կը ներառնեն ազգային ծառայութեան չափանիշը, բացի դաշնակցականի կուսակցական չափանիշէն, զոր Ռուբէն փաշան եւ հիմա ՀՅԴ կը համարեն գերագոյն, գերիվեր չափանիշ: Որովհետեւ կ’ըսէ Ռուբէն փաշա. «Դաշնակցութիւնը սպաննելով կարելի է հայութիւնը անկենդան մի դիակ դարձնել… եթէ հայութիւնը մարմինն է, Դաշնակցութիւնը ոգին է, առանց ոգիին մարմինը ոչինչ է»… իմա՝ առանց Դաշնակցութեան հայութիւնը ոչինչ է (տես՝ «Ազդակ»-ի 26 Հոկտեմբեր 2015 թուակիր համարին մէջ Ռուբէն փաշայի «Դաշնակցութիւնը» յօդուածը):

Երեւանի Քաղաքապետարանի Խորհուրդը Միկոյեանը որոշած է՝ նկատի առնելով անոր միջազգային կշիռը: Սակայն այսօր երբ տակաւին ազատագրուած չեն Արարատն ու Արեւմտահայաստանը, եւ դեռ երկար ժամանակ պիտի պայքարինք՝ շարունակելու համար Զօրավար Անդրանիկի «կիսատ մնացած» գործը, մեր կարծիքով՝ հարկ է, գէթ մինչեւ ազատագրում Երեւանը նկատել Միացեալ Հայաստանի մայրաքաղաքը, եւ հոն կանգնեցնել Զօրավար Անդրանիկի յուշարձանը կեդրոնական հրապարակին վրայ՝ տոգորուելու համար անոր պայքարին աւանդով, եւ չմոռնալու համար Արարատը եւ Արեւմտահայաստանը, որովհետեւ Զօր. Անդրանիկ համայն հայութեան Համազգային Հերոսն է, եւ ոչ թէ կուսակցութեան մը, իսկ Արամ Մանուկեան կուսակցութեան մը խորհրդանիշն է միայն: Կուսակցութիւնը, որ մենատիրական ու հատուածամոլ է, ինքնասիրահարուած ու ինքնանպատակ (Գարեգին Նժդեհի իսկ բնութագրումով…), այսինքն՝ ոչ համահայկական, եսապաշտօրէն հակադրուած է Սովետ Հայաստանի 70-ամեայ Ոսկեդարին ու պատմական Ներգաղթին՝ երկփեղկելով Հայ Սփիւռքն ու Հայց. Եկեղեցին եւ նոյնիսկ զինակցած է Արեւմուտքի նացիական եւ ամերիկեան իմփերիալիստներուն հետ՝ ընդդէմ իրը չնկատած Սովետ Հայաստանի (իմա՝ Արեւելահայաստանի…):

Զօրավար Անդրանիկ՝ թշնամի թուրք զօրքին դէմ կռուեցաւ ոչ միայն Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի ամբողջ տարածքին վրայ, այլեւ Պուլկարիոյ մէջ, 1913-ի Պալքանեան պատերազմներուն ընթացքին եւ արժանացաւ ոչ միայն ռուսական բանակի «Ս. Գէորգ»-ի պատուանշանին, այլեւ բրիտանացի սպային (Ուիլիըմ Կիպպոնս) սա բարձր գնահատանքին. «Զօրավար Անդրանիկ հայոց անթագ թագաւորն էր…»:

Եւ Աւետիս Ահարոնեանն ալ գրած է Զօրավար Անդրանիկի մասին հետեւեալը. «Մի մարդ, որ կարծես գնդակի հետ դաշն է կապել, որ իրան չդպի. մի մարդ, որ միշտ ապրել է հերոսական կեանքով. մի մարդ, որ արհամարհել է մահը. մի մարդ, որի գլխից առաջ՝ սիրտն է մղում. մի մարդ, որ չի վախենում մահից»: Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած դաշնակցական Ահարոնեանն է, որ ճանչցած է Զօր. Անդրանիկի Ազգային Հերոսի յատկանիշները…, սրտոտ առաջնորդի առաքինութիւնը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին