Ապրիլ 10-ին, Նոր Մարաղայի մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած գիւղի կոտորածի 26-րդ տարելիցին:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ներկաները նախ ծաղիկներ խոնարհեցին Մարաղայի զոհուած հերոսներու յիշատակին կանգնեցուած յուշաքարին:
Այնուհետեւ գիւղի ազատագրման ժամանակ զոհուած հրամանատար Վագիֆ Համբարձումեանի անունը կրող միջնակարգ դպրոցի աշակերտները հանդէս եկան հայրենասիրական բանաստեղծութիւններով եւ երգերով:
Ելոյթ ունեցաւ դպրոցի տնօրէն Լիւդա Գրիգորեան: Ան, վերյիշելով 1992 թուականի Մարաղայի դժնդակ դէպքերը, դատապարտեց բոլոր ոճրագործները:
Մարաղա գիւղի ինքնապաշտպանական ջոկատի հրամանատար, համայնքի ղեկավար Ռոմա Կարապետեան պատմած է, որ 1992 թուականի Ապրիլ 9-ի լոյս 10-ի գիշերը ազրպէյճանցի հրոսակները՝ կիրարկելով տարբեր զինատեսակներ, պարբերաբար հրետակոծած են գիւղը:
Ըստ անոր` Մարտակերտի շրջանի բոլոր ջոկատներու հրամանատարները նոյն օրը հրաւիրած են խորհրդակցութեան եւ կազմած Մարաղայի ազատագրման ծրագիրը:
Ան նշած է նաեւ, որ Մարաղայի վերջնական ազատագրումը իրականացուած է 1992 թուականի Ապրիլ 10-ի գիշերը:
«Մարաղայի ազատագրման ժամանակ զոհուած է 51 խաղաղ բնակիչ, 38-ը պատանդ առնուած է, որմէ 24-ը հետագային փոխանակուած է, իսկ 14 հոգիի ճակատագիրը մինչ այսօր անյայտ է»,- ըսած Կարապետեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Նուէր Սայիեանը, Արցախի ազատամարտիկներու միութեան Մարտակերտի քաղաքային կազմակերպութեան նախագահ Նիքոլայ Աւագիմեանը, Մարաղայի բնակիչներ, հիւրեր եւ այլք:
Նշենք, որ երէկ Մարտակերտի Մշակոյթի եւ Երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Մարաղայի ջարդերու մասին պատմուող փաստավաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւն, իսկ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ` ոգեկոչման արարողութիւն, որմէ ետք ներկաները մոմերով եւ ոճրագործութիւնը դատապարտող պաստառներով կազմակերպեցին երթ դէպի Մարտակերտի «Փառք ազատամարտիկներուն» յուշահամալիր:







