Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Կազի Ու Նաֆթի Տիրապետելու Գերհզօրներու Թաքուն Պատերազմին Պատճառած Արհաւիրքները

*ԳՐԻԳՈՐ ԱՏԱՆԱԼԵԱՆ* 
Բժշկական Գիտութիւններու Դոկտոր

Եւրոպացիները՝ Ֆրանսա, Անգլիա եւ Գերմանիա

Այս երկիրները խաղէն դուրս դրուած են եւ յատկանշական ընելիք կամ քաղաքականութիւն մը չունին Սուրիոյ տագնապին մէջ, յատկապէս ռուսական եւ ամերիկեան ուժերու ներկայութեամբ։ Անոնք պիտի շարունակեն պարել ամերիկեան նուագի ներքոյ։

Տնտեսագէտները կը հաստատեն, որ եթէ Սուրիոյ տագնապը աւարտի եւ Սուրիան վայելէ ներքին եւ արտաքին խաղաղութիւն, ապա նաֆթի ու կազի արդիւնահանումը Սուրիան պիտի վերածէ շրջանի ամենաբարգաւաճ երկրին։

Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիպիոյ տարածքին ընթացող պատերազմներու գլխաւոր պատճառը նշուած երկիրներու նաֆթի ու կազի պաշարներն են եւ անոնց աշխարհաքաղաքական դիրքը։

Գերհզօր պետութիւններն ու շրջանային ազդեցիկ երկիրները պիտի շարունակեն հրահրել այդ երկիրներու ներքին պատերազմը մինչեւ որ համաձայնին կիսելու անոնց ընթերքի բարիքները, թէկուզ այդ երկիրները քանդումի եւ միլիոնաւոր զոհերու պատճառ դառնան։

Արդեօ՞ք այս շրջանի կազային հարստութիւնը պատճառ պիտի դառնայ նորանոր ռազմական գործողութիւններու։ Պատասխանը պարզ է՝ նշուած երկիրները արդէն իսկ պատերազմական իրավիճակի մէջ են։

Արդեօ՞ք այդ երկիրներու պատերազմական իրավիճակը կրնայ ընդլայնուիլ եւ ընդգրկել շրջանի այլ պետութիւններ. հաւանականութիւնները մեծ են։

Արդեօ՞ք պատերազմ կրնայ ծագիլ գերհզօր պետութիւններու միջեւ. միտքի տրամաբանութեան վրայ յենուելով կը խորհինք, որ դժուար թէ նման պատերազմ մը ծագի, այլ փոխհասկցողութեամբ կամ համաձայնութեամբ կարելի է խուսափիլ նման պատերազմէ, սակայն նուազագոյն տոկոսով մը պէտք չէ բացառել պատերազմը, որովհետեւ մարդու գլխուն մէջ ուղեղը ճիշդ մտածելու եւ տրամաբանելու օրկան է, սակայն մարդ արարածը միշտ չէ որ խելամտօրէն կը գործէ, աշխարհի ղեկավարներն ալ ուղեղ ունեցող արարածներ են, բայց միշտ չէ որ խելամիտ կը տրամաբանեն։

Խոշոր տնտեսագէտներ Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող պատերազմները կ’անուանեն «Նաֆթ եւ կազ տեղափոխող խողովակներու համաշխարհային պատերազմ»։

 

Մթնոլորտի եւ երկրագունդի պահպանման նուիրուած միջազգային գիտաժողովներ

Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէրօ եւ ապա Ճափոնի Քիոթօ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան միջազգային գիտաժողովներ՝ նուիրուած կենսոլորտի եւ երկրագունդի պահպանման՝ նաֆթի պատճառած արհաւիրքներուն դէմ պայքարելու համար։

Գիտաժողովներուն շեշտուեցաւ, որ նաֆթը բնութեան թշնամին է՝ կենսոլորտը աղտոտելով եւ բազում վնասներ պատճառելով բնութեան եւ անոր բնակիչներուն։ Շեշտուեցաւ, որ անձրեւներու թթուայնութիւնն ու վնասակար նիւթերու պարունակութիւնը աւելցան։ Տարուան եղանակները փոխուեցան, տեւողութեամբ եւ ջերմաստիճանի փոփոխութեամբ։ Սառցալեռներու (iceberg) ջերմաստիճանի բարձրացման պատճառով անոնք հալելու սկսան եւ բնութեան արհաւիրքները աւելի յաճախակի  դարձան։

Ժողովներու ընթացքին շեշտուեցաւ ուժանիւթի այլ աղբիւրներու օգտագործումը նաֆթի փոխարէն, յատկապէս կազը, որ բնութեան բարեկամ է եւ մարդոց առողջութեան չի վնասեր։

Այս ժողովներէն ետք կազին արժէքն ու պահանջը սկսաւ աւելնալ։

Ամերիկան մերժեց ստորագրել այս երկու ժողովներու որոշումներուն տակ։

Իսկ Փարիզի ժողովին դարձեալ քննարկուեցան նախորդ օրակարգերը եւ այս անգամ մթնոլորտի պահպանման նուիրուած նիստերուն Միացեալ Նահանգները համաձայն գտնուեցաւ եւ ստորագրեց։

Նախագահ Թրամփ իր նախագահական պաշտօնը ստանձնելէ ետք որոշեց քաշուիլ Փարիզի ժողովէն՝ տրուած որոշումներու պարտաւորութիւններէն։

Աշխարհի մեծագոյն կազի պահեստային պաշարը կը գտնուի Ռուսիա (53 թրիլիոն մ3), ապա Իրանը եւ երրորդ տեղը՝ Քաթարը, որ ունի 25.4 թրիլիոն մ3։

Կարգ մը տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ Սուրիոյ մէջ յայտնաբերուած կազի պաշարներուն շնորհիւ Սուրիան Քաթարին տեղը պիտի գրաւէ։

Եւրոպացիները շատ աւելի մտահոգ են եւ վճռակամ բնութեան ու անոր բնակիչներու առողջութեան պահպանումով։ Որոշած են հետագայ տասնամեակներուն ձերբազատիլ նաֆթէն եւ զայն փոխարինել կազով։

Նոյնիսկ ինքնաշարժները նաֆթը պիտի փոխարինեն Lithium-ով։ Հետեւաբար, յաջորդող տասնամեակներուն հզօր տէրութիւններու միջեւ Lithium-ի շրջանները տիրապետելու եւ շահարկելու մրցակցութիւնը պիտի սկսի։ Հաստատուած է, որ Աֆղանիստանը կը համարուի Lithium-ի եւ Uranium-ի ամենահարուստ շտեմարան ունեցող երկիրը։

Lithium-ը կ’օգտագործուի հեռակապներու (cell phone), համակարգիչներու (laptop), մարտկոցներու (battery) համար, քանի որ ամենաշատ ուժանիւթ կուտակող ու պահպանողն է։ Lithium-ը կ’օգտագործուի բժշկագիտութեան մէջ, հոգեկան որոշ հիւանդութիւններու ախտանիշները մեղմացնելու կամ հսկողութեան տակ պահելու, ինչպէս Bipolar հիւանդութեան եւ այլ տեսակի mania պատճառող հիւանդութիւններով տառապող հիւանդներուն համար։ Իսկ Uranium-ը՝ աթոմական զէնքեր պատրաստելու։

Գերհզօր պետութիւնները պիտի շարունակեն մրցակցիլ տիրանալու համար նաֆթի ու յատկապէս կազի աղբիւրներուն, տեղափոխող խողովակներու ճանապարհին, եւ հսկողութեան տակ վերցնելու այն երկիրները, որոնք պիտի օգտուին այդ խողովակներու պարունակութենէն։

***

 

 

 

Ամփոփ ձեւով պիտի ներկայացնենք նաֆթի ու կազի պաշարները Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ սահմաններէն ներս, նաեւ կազը տեղափոխող միջազգային խողովակներու ճանապարհը` քարտէսներով։

 

Nabucco գազի խողովակաշարը

Իտալերէնով օփերա կը նշանակէ, 1841-ին իտալացի հռչակաւոր երգահան Վերտիի ստեղծագործութեան անունէն առնուած։

Խողովակաշարը Ամերիկա-եւրոպական նախաձեռնութիւն է։

Nabucco-ին նպատակն է Եւրոպան ազատել ռուսական կազի կախուածութենէն, ըստ որոշ քաղաքագէտներու՝ Եւրոպան փրկել ռուսական գազի ստրկութենէն եւ քաղաքական ազդեցութենէն։

Nabucco-ի աղբիւրները պիտի հանդիսանային Իրաքը, Ազրպէյճանը, Թուրքմենիստանը, Ուզպեքիստանը, Ղազախստանը եւ հետագային Եգիպտոսը եւ միգուցէ նաեւ Իրանը։

Nabucco-ն Վրաստանէն պիտի հասնէր Թուրքիա (շրջանցելով Հայաստանը), Ազրպէյճանէն Հայաստան ու ապա Թուրքիա՝ աւելի կարճ ճանապարհով։ Թուրքիայէն, շրջանցելով Յունաստանը, պիտի անցնէր Պուլկարիա, Ռումանիա, Հունգարիա, Աւստրիա եւ ապա Գերմանիա՝ տարեկան 31 միլիառ մ3 գազ հայթայթելով։

Ռուսիան Թուրքմենիստանի եւ Ուզպեքիստանի հետ համաձայնութիւն կնքեց, որ ինք շահարկէ յիշեալ երկիրներու կազը, Իրանը մերժեց միանալ, իսկ ազերիները երկար բանակցութիւններէ եւ ռուսական ճնշումներէ ետք նախապէս տրուած մասնակցելու համաձայնութենէն հրաժարեցան, հետեւաբար Nabucco-ն տակաւին չշահագործուած մնաց առանց կազի եւ դարձաւ անգործածելի։

Ռուսիա-Ուքրանիա այսօրուան յարաբերութիւններու գլխաւոր պատճառներէն մին դարձեալ ռուսական կազի Եւրոպային մատակարարումն է։

Ռուսական կազը Ուքրանիայէն դէպի Եւրոպա կը հոսէր, Ուքրանիան ալ իր բաժին կազը կը ստանար։ 2008-2009 թուականներուն ռուս-ուքրանական տագնապի տարիներուն Ուքրանիան ռուսական կազի փոխարժէքը՝ 1 միլիառ տոլարը մերժեց վճարել (երբ Ռուսիան Ուքրանիոյ մատակարարած կազի գինը բարձրացուց), նաեւ 2009 Յունուար 7-էն մինչեւ 20 կասեցուց դէպի Եւրոպա թրանզիթ հոսող կազը, որուն պատճառով Ռուսիա վնասեց շուրջ 1.5 միլիառ տոլար։ Իսկ վերջինս Ուքրանիոյ կազը կասեցուց՝ պահանջելով մատակարարուող կազի գինը։ Հետագային Մինսքի խմբակի միջամտութեամբ Ուքրանիան խոստացաւ մասնաբաժիններով վճարել պարտքը եւ թոյլ տալ ռուսական գազի հոսքը դէպի Եւրոպա։

Իսկ ռուս-ուքրանական տագնապի երկրորդ գլխաւոր պատճառը աշխարհաքաղաքական է. ճնշել Ռուսիան՝ անոր դէմ լարելով ոչ միայն Ուքրանիան, այլեւ Ռուսաստանի սահմանակից նախկին Սովետական Միութեան, Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները, որպէսզի տկարացնեն Ռուսիան տնտեսապէս եւ միջազգային քաղաքական քարտէսին վրայ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին