8 Ապրիլ 2018-ին Պուրճ Համուտի Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ հաճոյքով դիտեցինք Մհեր Մկրտչեան թատերախումբի ներկայացուցած՝ Ակաթա Քրիսթիի «Թակարդը» գաղտնի ոստիկանական թատերախաղը, բեմադրութեամբ լիբանանահայ ծանօթ բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի:
Ըստ գրքոյկ-յայտագիրին՝ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբը հիմնուած է 2013 թուականին եւ հինգ տարիներէ ի վեր մեզի կը ներկայացնէ մերթ կատակերգութիւններ եւ երբեմն ալ լրջութիւն եւ ճիգ պահանջող թատերախաղեր:
Մհեր Մկրտչեան թատերախումբին եւ անոր բեմադրիչ Յարութ Գնդունիին դէպի լուրջ թատրոն ձգտումը մեծապէս գնահատելի է, թէեւ մեր հանդիսատեսը տակաւին վերապահ է լուրջ գործերու նկատմամբ, բայց կը խորհինք, որ քայլ առ քայլ կը սկսի լրջանալ ու կը փորձէ դիտել մակարդակով գործեր: Անցնինք:
Ակաթա Քրիսթի ծնած է 1890-ին Անգլիա եւ մահացած է 1976-ին, 85 տարեկան հասակին: Ան համարուած է բոլոր ժամանակներու ամենաշատ ծախուող վիպասանը: Անոր վէպերը ծախուած են 4 միլիառէն աւելի օրինակներով: Աւետարանէն եւ Շէյքսփիրէն ետք, անոր գիրքերը ամենաշատ տպագրուող գիրքերն են:
Ա. Քրիսթիի «Թակարդը» թատերախաղը Լոնտոնի մէջ կը բեմադրուի 1952-էն ի վեր անընդհատ՝ ունենալով իր 25,000-երորդ ելոյթը:
Յ. Գնդունին անցեալ տարի՝ 2017-ին, մեզի ներկայացուց Ռէյ Գունիի «Ֆանի Մանի» կատակերգութիւնը: 2015-ին ան բեմ բարձրացուցած էր դարձեալ Ակաթա Քրիսթիէն «Անկոչ Հիւրը» թատերախաղը: Մենք ժամանակին անդրադարձանք սոյն բեմադրութիւններուն ու տուինք մեր գնահատականը:
Ինչ կը վերաբերի «Թակարդը» թատերախաղին, ըսենք, որ այս թատերախաղը կը պահանջէր բաւական դժուար բեմադրութիւն եւ խաղարկութիւն: Եւ պէտք է ըսենք, որ շնորհիւ հմուտ բեմադրիչ Յարութ Գնդունիին եւ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբի փորձառու դերասաններուն, թատերախաղը յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Հանդիսատեսը շունչը բռնած հետեւեցաւ թատերախաղի արկածախնդրական եւ վախազդու շարահիւսութեան: Չափազանց հետաքրքրական սոյն գործը զանազան կասկածներ կ’արթնցնէ հանդիսատեսին մօտ, այդ իսկ պատճառով ալ հանդիսատեսը շունչը բռնած կը հետեւի եզրակացութեան:
Բեմայարդարումը ընդունելի էր, տարազներուն կարելի էր աւելի բծախնդիր մօտենալ: Երաժշտութեան ընտրութիւնը, զոր կատարած էր Քրիսթինա Սրապոնեանը, պատշաճ էր թատերախաղին: Թարգմանութիւնը կատարած էր բեմադրիչ Գնդունին: Պէտք է ըսենք, թէ բեմական լեզու գործածուած էր եւ մաքուր թարգմանութիւն էր:
Մհեր Մկրտչեան թատերախումբի կազմը ուժեղ է եւ անոր յաջողութեան տուեալներէն մին ալ խմբային խաղարկութիւնն է: Շնորհիւ բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի փորձառութեան, խումբին անդամները գիտեն տեղին խօսիլ, շարժիլ ու արտայայտուիլ: Գնդունի բծախնդրօրէն մօտեցած է իւրաքանչիւր դերասանի կերպարի կերտման եւ հետեւած է անոր շարժուձեւերուն: Անոնք գիտեն բեմին վրայ նայիլ, տեսնել ու խօսիլ:
«Թակարդը» թատերախաղին մէջ Մոլիի կերպարը ինքնավստահօրէն ներկայացուց՝ մեր բեմերուն վրայ արդէն իսկ ծանօթ անուն մը՝ Քրիսթինա Սրապոնեանը: Ան իր մաքուր առոգանութեամբ ու բնական խօսակցութեամբ գնահատուեցաւ հանդիսատեսին կողմէ: Իսկ Վիգէն Քէօշկէրեանը իր մարմնաւորած ժիլի դերով կրցաւ Քրիսթինա Սրապոնեանին զոյգը դառնալ, որ, մերթ ընդվզելով եւ մերթ մեղմանալով, յաջողեցաւ տալ իր կերպարին պահանջները:
Փորձառու դերասաններ՝ Սեդա Լէփէճեանը (Պոյլ) եւ Հայզաւակ Լէփէճեանը (Մէյճըր Մաթքալֆ), իրենց խաղարկութեամբ խումբին մակարդակը բարձր պահեցին: Անոնք տարիներու իրենց բեմական փորձառութիւնը ի գործ դրին ու յաջող կերպով կատարեցին իրենց վստահուած դերերը:
Փալիկ Սրապոնեանը (Օրիորդ Քէյսուել), Կարօ Բանօղլեանը (Փարավիչչինի) եւ Մանուէլ Թոքմաքճեանը (Քրիսթ), որպէս երիտասարդ եւ նոր ուժեր, շատ յաջող ներկայացուցին իրենց կերպարները: Անոնք ունէին մաքուր առոգանութիւն եւ դիմագծային արտայայտութիւն:
Գաղտնի ոստիկանի դերով բեմադրիչ Յարութ Գնդունին (Թրոթըր) պարզապէս հոյակապ խաղարկութիւն մը ցոյց տուաւ ու յաջողեցաւ հանդիսատեսը իրեն կապել մինչեւ վերջին վայրկեանը: Զինք դիտելը հաճելի էր բեմին վրայ:
Կը շնորհաւորենք Մհեր Մկրտչեան թատերախումբը եւ կը յուսանք, որ ուրիշ թատերախումբեր եւս վարակուին այս խումբին լրջութենէն ու փորձեն ներկայացնել որակաւոր թատերախաղեր:
Վարձքերնիդ կատար, տղաք եւ աղջիկներ, վարձքդ կատար, յարգելի՛ բեմադրիչ Պրն. Յարութ Գնդունի:
«Ա»