Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու առթիւ Արմէն Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան թագուհի Էլիզապէթ Երկրորդը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Կը ցանկայի իմ անկեղծ շնորհաւորանքներս յղել Ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ: Իմ ջերմ բարեմաղթանքներս կը յղեմ Ձեզ եւ Հայաստանի ժողովուրդին ու կ’ակնկալեմ շարունակել մեր երկու երկիրներու միջեւ գերազանց յարաբերութիւնները»: