*ԳՐԻԳՈՐ ԱՏԱՆԱԼԵԱՆ*
Բժշկական Գիտութիւններու Դոկտոր
Տոքթ. Գրիգոր Ատանալեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա։ Ան իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան բժշկական համալսարանէն, իսկ Դոկտորականը՝ Մոսկուայէն։
Վերադառնալով ծննդավայր՝ աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է ազգային, քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու մէջ, մասնաւորաբար վարելով պատասխանատու ղեկավարի պաշտօններ Թէքէեան Մշակութային Միութենէն եւ Ռամկավար Ազատական շրջանակներէ ներս։ Տարբեր տարիներ եղած է ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ վարած անոր համա– ատենապետութիւնը։
Գրիգոր Ատանալեան ներկայիս կը բնակի Լոս Անճելըս եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հարաւային Գալիֆորնիոյ հայ համայնքին աշխոյժ կեանքին։
Ան ունի երեւոյթները նկատելու, դիտելու եւ տեսնելու ուրոյն մօտեցում եւ մեկնաբանութիւն, որուն շնորհիւ քաղաքական-վերլուծական հրապարակախօսական իր ելոյթները միշտ ալ ունեցած են ունկնդիրը արթուն պահելու ունակութիւնը։
Տոքթ. Ատանալեանի այս ծաւալուն վերլուծական յօդուածը յարմար գտանք հրատարակել «մէկ շունչով»՝ անոր ամբողջական միտքը չկոտորակելու համար։
«Խմբ.»
Սուրիոյ տագնապին (Մարտ 2011) յաջորդող երեք տարիներուն, Սուրիոյ իրավիճակի, սուրիահայութեան, յատկապէս հալէպահայութեան եւ քեսապահայութեան մասին դասախօսութիւններու ընթացքին (Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ) կարեւորութեամբ ընդգծեցի Սուրիոյ կազի ու նաֆթի պաշարներուն մասին՝ շեշտելով Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքն ու յայտնաբերուած կազի ու նաֆթի հսկայ պաշարները, փոխանակ ծառայելու երկրին ու ժողովուրդին յառաջդիմութեանն ու բարգաւաճումին, դարձան «անէծք սուրիացի ժողովուրդին գլխուն»։
«Արաբական գարուն» կոչուած շարժումը իսկութեան մէջ հրահրուած էր Արեւմտեան եւ շրջանային կարգ մը պետութիւններու կողմէ, որպէսզի այդ երկիրներու ներքին քաղաքական անդորրը յեղաշրջեն՝ իշխանութիւնները տապալելով իրենց կամակատարները նստեցնեն պետութեան ղեկին՝ թալանելու համար այդ երկիրներուն հարստութիւնները, յատկապէս ուժանիւթի պաշարները։
Գերհզօր պետութիւններուն արտաքին քաղաքականութեան հիմնական նպատակն է տիրապետել կամ իրենց կամքը թելադրել այն երկիրներուն, որոնց աշխարհաքաղաքական դիրքը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ եւ կամ անոնց ընթերքը հարստութիւն կը պարունակէ։
«Արաբական գարուն»-ի զոհ երկիրները
Թունուզ. «Արաբական գարուն» կոչուած շարժումը սկիզբ առաւ Թունուզէն։ Սակայն Թունուզը քաղաքացիական պատերազմ չտեսաւ, երկիրը քարուքանդ չեղաւ, համարեա զոհեր ալ չունեցաւ։ Գերհզօրները միջամուխ չեղան զինուժով, այլ թողուցին, որ ժողովուրդը տնօրինէ իր հետագայ քաղաքական կեանքը։ Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Թունուզը կազ եւ նաֆթ չունի եւ անոր աշխարհաքաղաքական դիրքն ալ մեծ նշանակութիւն մը չի ներկայացներ միջազգային քաղաքական քարտէսին վրայ։
Լիպիա. «Արաբական գարուն»-ը մուտք գործեց, երբ Արեւմտեան երկիրներ եւ Արաբական Ծոցի կարգ մը երկիրներ, յատկապէս Քաթար, ներխուժեցին Լիպիա, լիպիացի ժողովուրդը ազատագրելու «դիկտատոր Քազաֆի»-ի լուծէն, որպէսզի երկիրը վայելէ ժողովրդավարութեան բարիքները եւ տնտեսապէս բարգաւաճ կեանք ապրի։
Այսօր Լիպիան քարուքանդ երկրի վերածուեցաւ, ներքին պատերազմը կը շարունակուի եւ տնտեսապէս ժողովուրդը աւելի աղքատացած է։ Լիպիական պետութիւնը դարձաւ «ձախող պետութիւն»։ Այսօրուան Լիպիոյ ներքին պատերազմական իրավիճակը յոյս չի ներշնչեր, որ մօտակայ տարիներուն կ’աւարտի պատերազմը։
Լիպիան տագնապի տարիներէն մինչեւ այսօր, ըստ տնտեսագէտներու, կորսնցուցած է 68 միլիառ տոլար։
Մինչեւ տագնապը, Լիպիոյ նաֆթային բարիքներէն կ’օգտուէին ֆրանսական, ռուսական եւ յատկապէս իտալական ընկերութիւնները։
Այսօր ֆրանսական նաֆթային ընկերութիւնները համարեա դուրս մղուած են (հակառակ որ Սարքոզի ամէնէն աշխոյժ հրահրողն ու մասնակիցն էր պատերազմին), իտալական ընկերութիւնները չնչին շահարկումներ ունին, իսկ ամերիկեան նաֆթային ընկերութիւնները բազմած են Լիպիոյ նաֆթի շահարկման գահին։
Իրաք 2003-էն մինչեւ այսօր
2003-ին եւ անկէ առաջ միջազգային լրատուամիջոցները համաշխարհային հանրային կարծիքը պատրաստեցին, թէ «հրէշ» Սատտամը քիմիական հսկայածաւալ զէնքեր ունի եւ սերտ յարաբերութիւններ Ալ Քաիտայի տերորիստական կազմակերպութեան հետ։ Հետեւաբար, իրաքցի ժողովուրդը պէտք է ազատագրեն Սատտամի լուծէն, որպէսզի ան վայելէ ժողովրդավարութեան բարիքները եւ ապրի տնտեսական բարգաւաճ կեանք։
Հետագայ տարիներուն Իրաք ներխուժող պետութիւններու պատասխանատու դէմքերը խոստովանեցան, որ շօշափելի փաստեր չունէին Իրաք ներխուժելու։
Այսօր Իրաքը քանդուած է, քաղաքակրթութիւններու օրրան այդ երկրին ժողովուրդը աւելի աղքատացած է, կրօնական հակամարտութիւնները, նաեւ էթնիկ, աւելի սրացած, իսկ երկիրը՝ մասնատման եզրին կանգնած։
Աւելի քան մէկ միլիոն զոհեր եւ նոյնքան ալ հաշմանդամներ։
Քրիստոնեաներու աւելի քան 75 տոկոսը երկիրը լքած է։
Այսօր Իրաքի ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւն թելադրողը Ամերիկան ու Իրանն են։
Իրաքի իրավիճակը աւելի վատթարանալու բոլոր նախադրեալները առկայ են։ Անոր նաֆթային հարստութիւններէն միակ օգտուողը ամերիկեան նաֆթային խոշոր ընկերութիւններն են։
Նախագահ Պուշ յայտարարած էր. աշխարհը առանց Սատտամի աւելի ապահով վայր կը դառնայ։ Արդեօ՞ք Պուշի կանխատեսումը ճիշդ էր։
«Արաբական գարուն»-ը եւ Սուրիան՝ միջազգային գերհզօրներու կռուախնձոր
Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքը՝ Ասիան Եւրոպային կամրջող, կազի ու նաֆթի հսկայ պաշարները գլխաւոր պատճառներն են գերհզօր պետութիւններուն՝ տիրանալու այս երկրին։
Սուրիոյ հողատարածքին վրայ կը գտնուին գերհզօր երկու պետութիւններու՝ Ամերիկայի եւ Ռուսաստանի զօրքերը, շրջանային երկու հզօր պետութիւններու՝ Իրանի եւ Թուրքիոյ բանակները, գումարած Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ միլիառաւոր տոլարները զինելու ահաբեկիչները, որոնք կը պատերազմին սուրիական օրինաւոր պետութեան դէմ։
Ամերիկայի հետապնդած նպատակները
Ամերիկացիները Սուրիա մուտք գործեցին առանց սուրիական պետութեան արտօնութեան՝ ISIS-ի դէմ պայքարելու պատրուակով եւ յայտարարեցին, թէ ե՛րբ ISIS-ը վերանայ պիտի հեռանան Սուրիայէն։ ISIS-ը ինչպէս որ գոյութիւն ունէր Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին, գոյութիւն չունի, այսինքն՝ ISIS-ի հիմնած Իսլամական Պետութիւնը փլուզումի ենթարկուեցաւ եւ այսօր չկայ։ Սակայն ամերիկեան զինուժը իր դիրքերը կ’ամրապնդէ Սուրիան, Յորդանանն ու Իրաքը միացնող սահմանի՝ Թէնէֆ կոչուած շրջանին մէջ, նաեւ Սուրիոյ կեդրոնը՝ Եփրատ գետի արեւելեան մասին, որ Սուրիոյ ամենահարուստ երկրագործական շրջանն է, ամբողջ Սուրիան մատակարարող, բայց մանաւանդ հարուստ է նաֆթի ու կազի պաշարներով։
Ամերիկացիները այսօր կը յայտարարեն, թէ երկար ժամանակով պիտի մնան Սուրիոյ տարածքին, որպէսզի օր մը ISIS-ը կրկին չվերադառնայ այդ երկիրը։
Ինչ խօսք, ամերիկեան զինուժի հիմնական նպատակն է.
- Իրանեան ուժերը հեռացնել Սուրիայէն
- Հսկել Սուրիա-Իրաք սահմանին եւ արգելք հանդիսանալ Իրան-Իրաք-Սուրիա եւ Լիբանան աշխարհաքաղաքական կապի հաստատման։
- Խանգարել Իրան-Իրաք-Սուրիա խողովակաշարի (նաֆթի եւ կազի) կառուցումին։
- Սուրիոյ կեդրոնական իշխանութիւնը՝ նախագահ Ասատի գլխաւորութեամբ, թուլացնել կամ թոյլ չտալ, որ ուժեղանայ։
Չթողուլ, որ Ռուսիա միայնակ վայելէ Սուրիոյ կազի ու նաֆթի բարիքները եւ Ռուսիա քաղաքական իր ազդեցութիւնը տարածէ շրջանի այլ երկիրներու վրայ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, թէ ամերիկացիներուն ներկայութիւնը Սուրիոյ տարածքին ապօրինի է եւ կը հետապնդէ Սուրիոյ մասնատումն ու տիրապետումը նաֆթային կազային պաշարներուն։
Իսկ սուրիական պետութիւնը «ագրեսոր» կը կոչէ ամերիկացիներուն ներկայութիւնը եւ կը պահանջէ սուրիական հողատարածքէն հեռանալ։
Ռուսիոյ հետապնդած նպատակները
Սուրիական իրադարձութիւններէն քաղաքականօրէն ամենաշատ օգտուող պետութիւնը հանդիսացաւ Ռուսիան.
- Երկու ռազմակայան հաստատեց Սուրիոյ տարածքին, մին Թարթուս քաղաքի ծովային ռազմական կայանը, իսկ երկրորդը՝ Լաթաքիոյ մօտ՝ Հըմէմին ռազմաօդային կայանը։ Այս կայաններու միջոցով ոչ միայն Միջին Արեւելքի շրջանը, այլեւ ամբողջ Արաբական Ծոցի եւ Միջերկրականի շրջանի պետութիւններու հսկողութիւնը կ’ապահովէ։
- Սուրիոյ հետ սուրիական դազի ու նաֆթի շահագործման պայմանագիր կնքեց՝ ապահովելով սուրիական կազի Եւրոպա հոսքի մենաշնորհը։
- Սուրիոյ ճամբով մտաւ միջազգային քաղաքական բեմ, փաստելով որ գերհզօր պետութիւն է եւ պէտք է հետը հաշուի նստիլ։
- Շրջանի եւ այլ պետութիւններու յարգանքն ու վստահութիւնը շահեցաւ՝ փաստելով, որ Ռուսիա նեցուկ կը կանգնի եւ ի հարկին կը պաշտպանէ իր բարեկամները։
- Արաբական կարգ մը երկիրներու հետ ռազմական պայմանագիր կնքեց։
- Սուրիոյ քաղաքականութեան հիմնական թելադրողն է։
Վերջապէս, Փութինի Ռուսիան իրականացուց Ռուսիոյ կայսրերուն երազը՝ տաք ջուրերու մէջ լողալը։
Ռուսական կայսրերը յաճախ արտայայտուած են. «Ղրիմը Ռուսիոյ դուռն է, իսկ Սուրիան՝ բանալին», իսկ Ուքրանիոյ համար. «Ուքրանիան Ռուսիոյ աչքն է»։
Եթէ Ռուսիա մուտք չգործէր Սուրիա, ապա վերջինս պիտի դառնար ձախող պետութիւն, միգուցէ աւելի վատ կացութիւն վիճակուէր քան Լիպիան, եւ որուն կայծերը անկասկած պիտի տարածուէին շրջակայ պետութիւններուն վրայ։
Ռուսիան պահպանեց Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, չթողուց պետութեան հիմքերու քայքայումը եւ երկիրը փրկեց անվերջանալի քաղաքացիական պատերազմէ։
Այս բոլորին դիմաց Ռուսիան հսկայական զոհաբերութիւն մատուցեց Սուրիոյ. բազմատասնեակ ռուս զինուորներ զոհուեցան եւ հսկայածաւալ ռազմական եւ տնտեսական գին վճարեց, նաեւ քաղաքական, Ամերիկայի եւ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւնները առաւել եւս սրեցան, որուն գինը տնտեսական «ամպարկո»-ներն էին՝ պատժամիջոցները, զորս պարտադրուեցան ռուս ժողովուրդին։
Իրանի նպատակները
Իրանը Սուրիոյ ռազմաքաղաքական դաշնակիցն է։ Իրանն ու լիբանանեան Հըզպալլան անկասկած պիտի փութային Սուրիոյ պետութեան օգնութեան։ Սուրիոյ պետութեան անկումը խոշոր սպառնալիք պիտի դառնար ոչ միայն Լիբանանին, այլեւ Իրանի պետական անվտանգութեան։ Ի՞նչ կ’ուզէ Իրանը.
- Իրան ի գին ամէն տեսակի զոհողութեան պիտի պահպանէ Իրան-Իրաք-Սուրիա-Լիբանան աշխարհաքաղաքական հսկայ ու հարուստ տարածաշրջանի միութիւնը։ Այդ շրջանին հսկողութիւնը Իրանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնաքարն է։
- Իրանի համար կարեւորագոյն հարց է իր կազն ու նաֆթը սուրիական տարածքով հասցնել Եւրոպա։
- Սուրիոյ մէջ հիմնել ռազմախարիսխներ, որոնք Ամերիկայէն առաջ մտահոգութիւն կը պատճառեն Իսրայէլին։
Իրան ռազմական, տնտեսական եւ նիւթական հսկայածաւալ օժանդակութիւն մատակարարեց Սուրիոյ, նոյնիսկ իր ժողովուրդին բարեկեցութեան հաշուոյն։
Իրանն ու Հըզպալլան մարդկային մեծ թիւով զոհեր տուին սուրիական պետութիւնը կանգուն պահելու եւ երկրին ամբողջականութիւնը պահպանելու համար։
Ռուսիան ու Իրանը Սուրիոյ հարցով համարեա համակարծիք են. պետութեան հիմքերը ամրապնդել, պետութեան ղեկին պահել նախագահ Պաշշար էլ Ասատը եւ պահպանել Սուրիան մասնատումէ։
Ռուսիայէն ետք Իրանը Սուրիոյ քաղաքականութեան հիմնական դերակատարն է։
Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ թշնամանքի պատճառները Սուրիոյ հանդէպ
Աշխարհին գաղտնիք չէ Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ հսկայական ծաւալներու հասնող գումարներու յատկացումը՝ երկրագունդի չորս ծագերէն արհեստավարժ եւ ոչ արհեստավարժ վարձկաններու, որպէսզի քանդեն Սուրիոյ պետութեան հիմքերը, կրօնական եւ էթնիկ քանթոններ ստեղծեն ու տակաւին կը շարունակեն։ Պատճառները.
- Սուրիան համաձայն չգտնուեցաւ, որ անոնց կազն ու նաֆթը անցնի Սուրիոյ տարածքէն դէպի Եւրոպա, որովհետեւ այդ քայլը մեծապէս պիտի վնասէր Ռուսիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան վրայ։
- Սուրիան իր հարուստ նաֆթի ու կազի պաշարներով այս երկու երկիրներու մրցակիցը պիտի դառնայ ապագային՝ նուազեցնելով անոնց արտածումը. աւելին՝ Սուրիան պիտի դառնար նաֆթի ու կազի միջազգային գիներու վրայ խօսք ունեցող երկիր մը։
Տակաւին այս երկու երկիրները չկրցան կարդալ միջազգային քաղաքական փոփոխութիւնները Սուրիոյ տագնապի հանդէպ։
Ի՞նչ կը փնտռէ Թուրքիան
Նախ ընդգծենք, թէ Թուրքիան եթէ չմիջամտեր Սուրիոյ հարցին, Սուրիան երբեք այսօրուան իրավիճակին չէր հասներ, կարճ ժամանակուան ընթացքին Սուրիոյ տագնապը վերջ կը գտնէր։ Չմտնենք Թուրքիոյ բացասական ու տխուր դերակատարութեան մանրամասնութիւններուն մէջ։
Թուրքերու հետապնդած նպատակները.
- Տապալել սուրիական պետութեան հիմքերը եւ իրեն հնազանդ իսլամ եղբայրներու ղեկավարութեան յանձնել պետութեան ղեկը։
- Թոյլատրել Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ կազն ու նաֆթը սուրիական հողերէն հասցնել Թուրքիա եւ անկէ Եւրոպա։ Այս գործարքէն Թուրքիան կը շահի տարեկան 2-3 թրիլիոն տոլար։
- Իրագործել Օսմանեան հին ու նոր երազը՝ Հալէպն ու շրջակայքը խլել Սուրիայէն։
- Վերջ տալ Սուրիոյ քիւրտերուն, որոնց մեծամասնութիւնը Օճալանի հետեւորդներն են։
- Սուրիոյ վրայ թաթը ամրապնդելէ ետք, դարձեալ իրագործել թուրքերու վաղեմի Օսմանեան երազը՝ Իրաքի նաֆթով հարուստ Քերքուք քաղաքին տիրապետել։
Թուրքիոյ նշուած երազները ի դերեւ ելան, երբ Ռուսիան ու Իրանը մուտք գործեցին Սուրիա։
Թուրքիան այսօր ինք կը գտնուի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու դիմաց։
Հակառակ որ թրքական բանակը կը գտնուի Թուրքիոյ սահմանակից սուրիական Աֆրինի մօտակայքը, ի հարկէ Ռուսիոյ եւ Իրանի լուռ համաձայնութեամբ, սակայն թրքական ներխուժումը յղի է տարատեսակ զարգացումներու տարբերակներով, վստահաբար բոլորն ալ ոչ Թուրքիոյ ի նպաստ։
Սպասենք գալիք օրերու զարգացումներուն։