Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը իր Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցով Հայաստանի կառավարութեան պիտի յատկացնէ յաւելեալ 10.7 միլիոն տոլար գումար մը, որուն առնչուող համաձայնագիրի ստորագրման որոշումին նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան Ապրիլ 5-ի նիստի օրակարգին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «PanArmenian.net»-ը։
Յատկացումները պիտի կատարուին մասնաւոր հատուածի զարգացման, ելեւմտական ոլորտի օժանդակութեան եւ ենթակառոյցներու ծրագրային ոլորտներու առնչուող ծրագիրներուն համար։ Անկէ պիտի օգտուին նաեւ գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտները: «ՀՀ եւ ԱՄՆ կառավարութիւնների միջեւ աւելի մրցունակ եւ զանազանեցուած մասնաւոր հատուածի շուրջ օժանդակութեան մասին» կոչուած սոյն համաձայնագիրով ամերիկեան կողմէն տրամադրուող յատկացումներուն ընդհանուր գումարը ներկայիս կը հասնի 62.6 միլիոն տոլարի: