*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Հայր եւ Դու՞ստր, Թէ…
Այս իրական կեանքէ առնուած պատմութիւնը մեզի կու գայ Հիւսիսային Գարոլայնա նահանգի Նայթստէյլ քաղաքէն, ուր բնակութիւն հաստատած է Փրէտլ ընտանիքը։
Այդ ընտանիքին Քէյթի անունով դուստրը որդեգրութեան տրուած էր, երբ ան տակաւին երեխայ էր։ 2016 թուականին երբ Քէյթի 18 կը թեւակոխէ, կը վերագտնէ իր հարազատ ծնողները եւ կը վերադառնայ իր հօրենական տունը։ Ան արդէն հասուն եւ գեղեցիկ մանկամարդուհի մը դարձած էր:
Այս նոր յատնութիւնը Փրէտլ ընտանիքին մէջ ծնունդ կու տայ աներեւակայելի գայթաղկութեան մը։ Արդարեւ ընտանիքին հայրը՝ Սթիվըն, կը բաժնուի իր կնոջմէն եւ կը սկսի սեռային յարաբերութեան մէջ մտնել իր դստեր Քէյթի հետ։
Աւելին, անցեալ տարի հայր ու դուստր կ’ունենան զաւակ մը (տես նկարը) եւ Յուլիս ամսուան ընթացքին անոնք կ’ամուսնանան… Քէյթիի մայրը իրազեկ կը դառնայ այս դառն իրականութեան՝ զաւակներէն մէկուն օրագրութիւնը (diary) կարդալով։
Այժմ Սթիվըն 42 տարեկան է, իսկ Քէյթի՝ 20 տարեկան։ Քէյթիի մայրը գանգատած է ոստիկանութեան, որոնք ձերբակալած են «նորապսակ» ամոլը եւ ամբաստանած հայրը՝ incest-ի յանցանքով։ Incest-ը՝ արիւնակիցներու մէջ կատարուած սեռային ապօրինի յարաբերութիւնն է, որ քրէական յանցանք է Ամերիկայի մէջ։
Կրնա՞ք երեւակայել, քսանմէկերորդ դարուն եւ աշխարհի ամենազարգացած երկրին մէջ տեղի կ’ունենայ ամուսնութիւն մը հօր եւ իր դստեր միջեւ։ Այս գայթաղկութիւնը կարծես բաւարար չ’ըլլար, հիմա ալ հայրը ստիպած է իր միւս զաւակներուն, որ Քէյթին կոչեն իրենց մայրը . . .
Սա վէրքին վրայ աղ ու պղպեղ ցանել չէ՞, դո՛ւք ըսէք:
Վերելակին Հարսը…
Վստահ եմ բոլորդ ալ վերելակ գործածած էք, մանաւանդ երբ կը բարձրանաք շէնքի մը վերնայարկերը։ Երբեք ձեր մտքէն անցուցա՞ք էք, թէ վերելակը կրնայ յանկարծ կենալ, առաջ որ ձեր տեղը հասնիք։ Մեր նիւթը ճիշդ այս հարցին շուրջ է այսօր, հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Ուրեմն այս դէպքը կը պատահի Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտէնս քաղաքի Պիլթմոր պանդոկին մէջ, ուր տեղի կ’ունենար հարսանեկան ընդունելութիւն մը։
Հարսը՝ Մըլիսա Ռաճըր, իր սենեակէն վար կ’իջներ՝ երթալու ընդունելութեան սրահը, ուր իրեն կը սպասէին։ Առաջին յարկը չհասած՝ յանկարծ վերելակը կանգ կ’առնէ, գետնէն չորս ոտք բարձրութեան վրայ (տես նկարը)։ Լուրը անմիջապէս կը հասնի փեսային (Ճասթըն), որպէսզի պէտք եղած կարգադրութիւնները յանձն առնէ։
Ճէյ Վայնս՝ հրշէջներու ջոկատին պետը, որ անցաւ գործողութեան գլուխը, դիտել տուաւ, որ նման դէպք մը չէր պատահած իրեն իր 26 տարուան պաշտօնէութեան ընթացքին։ Իսկ վերելակը վար իջեցնելու գործողութիւնը կը տեւէ 45 երկա՜ր վայրկեաններ։
Մինչ այդ, հարսին մեղրալուսին երթալու հագուստները պատրաստած էին, որպէսզի շատ ժամանակ չվատնէին՝ պատահէր, որ վերելակը իջեցնելու գործողութիւնը երկար տեւէր։ Միտք բանին այն էր, որ հարսը վերելակին մէջ փոխէր իր հագուստները եւ կազմ ու պատրաստ ըլլար մեկնելու մեղրալուսինի վայրը։
Բայց բարեբախտաբար գործողութիւնը շատ երկար չտեւեց եւ հարսը կրցաւ ընդունելութան մասնակցիլ մեղրալուսինի ճամբորդութեան մեկնելէն առաջ։ Ամերիկեան ասացուածքը կ’ըսէ. «All is well, that ends well»: