Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Տես` Ո՛վ Որու Տրամաբանութիւն ու Լրջախոհութիւն Կը Սորվեցնէ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Մօտալուտ ընտրութիւնները պարարտ նիւթ ստեղծած կը թուին ըլլալ մեր պաշտօնակից «Ազդակ»-ի սիւնակագիր Պրն. Վահրամ Էմմիեանին, որ վերջերս առիթը չի փախցներ այս ուղղութեամբ սիւնակ մը ստորագրելու՝ չմոռնալով, անշո՛ւշտ, այս առիթով անպայման սլաք մը ուղղել մեզի… երեւի «միասնականութեան» սիրոյն:

«Ազդակ»-ի Երեքշաբթի, 3 Ապրիլ 2018 թուակիր թիւի 3-րդ էջին վերի անկիւնը Պրն. Էմմիեան նախ զինուելէ ետք թերթը հովանաւորող կուսակցութեան ընտրական լոզունգը կրող յատուկ տիզայնով, իբր թէ «առարկայական» կերպով փորձ մը կ’ընէ յառաջիկայ Մայիս 6-ի համար արձանագրուած 77 ընտրացանկերու կացութիւնը պարզելու օրինակ վերցնելով Մուսթաքպալ հոսանքը, որուն բարենիշ մը կու տայ՝ ցատկելով քննադատելու ուրիշները…:

Աւելի բարձր ցատք մը կատարելով կը հասնի լիբանանահայ համայնքին՝ քննադատելով անոր կողմերէն մին՝ իմա մեզի, քննադատելով իբր թէ մեր խօսքի եւ գործի հակասութիւնը, մինչեւ իսկ համարձակելով (այս անգամ առանց անուանելու սակայն) մեր յայտարարութիւնները «փուճ խօսքերու հնչականութիւն» ունեցող տողեր կոչել:

Տեսնենք յառաջիկայ տողերով ինչպէս տակէն պիտի ելլենք այս ամբաստանութեան:

Ուրեմն սկսինք: Ընտրական համամասնական այս նոր օրէնքով տակաւին «միասնական» կամ «համահայկական» ցանկի մասին խօսողը կամ այն է, որ օրէնքը հասկցած չէ  եւ կամ իր թերթը ընթերցողը ապուշի տեղ կը դնէ:

Սիւնակագիրը ընտրական դաշինքի մեր ընտրութիւնը միասնականութիւնը մերժող կեցուածք կը համարէ, մինչ ամբողջ երկու տարուան ընթացքին ընտրական նոր օրէնքի հռչակումէն առաջ եւ ետք իր ներկայացուցած կուսակցութիւնը ինքն էր, որ միասնականութեան՝ սիւնակագիրին բառերով մեքանիզմի որդեգրումի համար, ոչ մէկ միջկուսակցական ժողով կազմակերպեց կամ ընդառաջեց անոր լուրջ ներկայութեամբ կամ օրակարգով:

Սիւնակագիրը Հայկական Երեսփոխանական պլոքի մը մասին կը խօսի որպէս կայացած իրականութիւն եւ մեր ազնիւ ու անկեղծ միտքերը «ցնորք» կը կոչէ, մինչ մեր գիտակցութեամբ ցնորամիտ է այն անձը միայն, որ իր իսկ շինած առասպելին կը հաւատայ: Սիրելի՛ բարեկամ, ի՜նչ հայկական պլոքի մասին է խօսքը, երբ ան տասնամեակներէ ի վեր  գոյութիւն չունի իր քաղաքական-իրաւական իմաստով, այլ լաւագոյն պարագային գրական եւ վարդագոյն հասկացողութիւն մըն է տարիներէ ի վեր ցնորքը իրական կարծող սիւնակագրին թերթին էջերուն մէջ, ուր յանո՜ւն «միասնականութեան» ու «հայկականութեան» եւ համայնքային «գերագոյն» շահերուն, մեր կուսակցութեան օրուան երեսփոխանին՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեանին անունը ոչ մէկ անգամ նշուած է որպէս երեսփոխան, մինչ նկարը կտրատուած է:

Նոյն սիւնակագիրը անցեալ շաբթուան իր նոյնանման սիւնակով փորձած էր քննադատել կատակ մը, զոր հանրութեան առջեւ ըրած էր Տեղեկատուութեան մեր դաշնակից նախարարը՝ մեզի ալ հարց տալով, որ ի՞նչպէս զգացինք՝ այդ կատակը լսելով: Օրին պատասխանեցինք՝ մէկ բան դիտմամբ չնշելով, որ այդ նոյն կատակը նախարարը նախարարաց խորհուրդին մէջ ալ ըրած է ատենին: Կատակը լսող հոն գտնուող դաշնակցական նախարարը, որուն յանուն միասնականութեան մենք տարբեր առիթներով ամենաուժգինը պաշտպանած ենք մեր թերթին մէջ, ըստ ներկայ վկաներուն` ամենաբարձրը ծիծաղած է…:

Վերջապէս, սիրելի սիւնակագիրը մեզի կը յուշէ, որ Ապրիլեան միասնական տրամաբանութիւնը զարգացնենք ու լրջախոհութեան կոչ ալ կ’ուղղէ:

Մեզի կը մնայ հարց տալ, որ երբ ընտրապայքարի առաջին օրէն կոչ ուղղած ենք հանդարտ եւ հայավայել վարել զայն, ի՜նչպէս կը պատահի, որ զայն առաջինը խախտողը մեզի նման դասեր կու տայ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին