Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի Զատկուայ Պատգամը

….. Քաջալերուեցէ՛ք‚ որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին:

Զատկուան բարեբաստիկ տօնին առիթով, սիրով կ’ողջունենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները եւ կը մաղթենք, որ Յարուցեալով զօրացած բոլորս շարունակենք հաւատարմութեամբ մեր կեանքէն ներս միշտ կենդանի պահել քրիստոնէական հաւատքն ու ազգային հոգին։

Համաձայն աւետարանական վկայութեան, երբ գրեթէ իր աւարտին հասած էր Զատկուան տօնին առիթով Վերնատան մէջ տեղի ունեցող Վերջին Ընթրիքը, Յիսուս, իր մօտալուտ մահուան մասին խօսելով, առաքեալներուն կ՛ըսէ.-

«Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք‚

բայց քաջալերուեցէ՛ք‚ որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»: (Յովհն. 16։33)

Այս կարճ նախադասութեամբ,  որ իբրեւ վստահութեան երաշխիք կը տրուէր առաքեալներուն,  Յիսուս կը յանձնարարէր իր աշակերտներուն քաջալերուիլ ու խիզախանալ, որպէսզի  հաւատքի կեանքով կարելի ըլլայ պարտութեան մատնել այն բոլոր նեղութիւններն ու տագնապները, որոնք անպակաս պիտի ըլլային իրենց առաքելութեան միջոցին։ Իրօք, անոնք պէտք է քաջալերուէին եւ խիզախանային, որպէսզի աշխարհէն ներս ծաւալէր  եւ արմատանար յանուն Աստուծոյ իրենց վստահուած աւետարանի քարոզչութեան սրբազան գործը։

Հաստատապէս, մեր Տիրոջ խօսքերը վստահութեան երաշխիք են նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք աշխարհէն ներս նախանձախնդիր են իրենց քրիստոնէական նկարագիրին հանդէպ եւ զայն հաւատքի պատուանդանին վրայ պահելու ցանկութեամբ, այսօր ալ քաջաբար եւ վստահութեան հոգիով կը դիմագրաւեն կեանքի բոլոր հարցերն ու տագնապները։

Անկասկած, վստահութեան երաշխիք եղող աւետարանական այս մտածումները, շարունակաբար պէտք է նաեւ արձագանգեն մեր հոգիին մէջ, որպէսզի մենք եւս քաջալերուելով կարենանք պայծառատես հայեացքով դիտել մեր շրջապատն ու մեր գիտակցութիւնը մթագնող ստուերներուն դէմ մեր կեանքը պահել ասուածամերձ ու աստուածահաճոյ ընթացքի մէջ։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ահաւասիկ Զատիկ է դարձեալ մեր կեանքէն ներս եւ հետեւաբար յարատեւօրէն վերիվայրումներու ենթակայ մեր կեանքի պայմաններուն մէջ այսօր մենք ալ կը հրաւիրուինք քաջալերուելու ու խիզախանալու, որպէսզի նախանձախնդիր կեցուածքով կարենանք  ամուր պահել մեր հաւատքը եւ Յարուցեալին օրինակով զրահուած,  վստահութեամբ քալել, նոյնիսկ Գողգոթայի ճամբաներէն, որպէսզի կարենանք ինքզինքնիս պաշտպանել ամէն տեսակի փորձութիւններու դէմ։

Հետեւաբար, Զատկուան տօնին առիթով, նորոգուած յոյսով քաջալերուինք, որովհետեւ մեզի առաւել կեանք պարգեւելու համար մեր Տէրը յաղթեց աշխարհին։ Եւ հետեւաբար ամէն անգամ որ նեղութեան եւ տագնապի մէջ գտնուինք, յիշենք իր պատգամը եւ նայինք իր կեանքի օրինակին, որպէսզի գօտեպնդուինք ու աներկիւղ շարունակենք մեր կեանքն ու աշխատանքը։ Իբրեւ հայ եկեղեցւոյ զաւակներ՝ յիշենք, որ քրիստոնէութիւնը  նեղութեանց, չարին ու տառապանքին դէմ յաղթանակ տանելու կրօնքն է։ Հետեւաբար քաջալերուինք յարութեան յոյսով, որպէսզի չշեղինք մեր լոյս հաւատքէն ու պատճառ չըլլանք, որ մեր թուլութեան պատճառով ուրիշներ եւս շեղին ու գայթակղին։

Անկասկած, պարտինք նաեւ ազգովին քաջալերուիլ, որպէսզի յարութեան յուսավառ իրադարձութիւններու լոյսին տակ մենք կարենանք վերստին կենդանանալ մեր ազգային տեսիլքով, երազներով, իղձերով ու իտէալներով։ Վստահաբար, ծով կարիքներով ու տագնապներով ծանրաբեռնուած աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդը այսօր ալ պէտք է կարենայ մնալ հայրենասէր ու քաջալերուելով պէտք է իր կեանքէն ներս պահէ սրբութիւն ու անմահութեան տեսլական։

Ազգովին ժառանգորդն ենք 1918 Մայիսի 28-ով կերտուած հարիւրամեայ անկախութեան մը, զոր պատմութեան վճռադրոշմ այս հանգրուանին պարտինք նաեւ սեփական կեցուածքով պաշտպանել եւ առաւել եւս ամրացնել, որպէսզի մեր ազգային գիտակցութեան մէջ վառ մնայ մեր ժողովուրդի յաւերժութեան երաշխիքը եղող անկախ Հայաստանի տեսլականը։ Նայինք Յարուցեալին ու դիտենք ազատութիւն կերտող մեր հայրերու օրինակն ու քաջալերուինք, որպէսզի այսօրուան մեր կեցուածքովն ու աշխատանքովը մենք եւս մեծնանք ու փառաւորուինք։ Անկախութեան զօրութեամբ արիանանք ու խիզախանանք, որպէսզի Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի, Սարտարապատի խոյանքներով ձեռք բերուած ապրելու իրաւունքը չվտանգուի ու հայրենիքի անկախութեան դարաւոր մեր երազը երբեք չմթագնի։ Քաջալերուինք եւ փառք տանք Աստուծոյ, որ շնորհք ըրաւ մեր ազգին դարձեալ վայելելու ազատութեան արշալոյսը, եւ ուխտենք ինքնընծայումով հետեւիլ մեր հայրերու կեանքի օրինակին, հաւատարմութեամբ պահել մեր Ս. Եկեղեցւոյ հաւատքն ու ամէն տեղ քաջաբար մղենք  հայութեան գոյապայքարը,  որպէսզի իբրեւ ժառանգորդները բիւրաւոր հերոսներու, նահատակներու եւ սուրբերու արիւնով շահուած մեր պատմութեան զայն կարենանք ապրիլ նաեւ վաղուան տեսիլքով` մեր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման վստահութեամբ։

Ս. Յարութեան տօնին առիթով անգամ մը եւս կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք ձեր բոլորին` Թեմիս հոգեւորականաց դասը, ժողովականութիւնը, մեր եկեղեցիներու, վարժարաններու, համայնական մեր կեանքէն ներս գործող կառոյցներու եւ մարմիններու պատասխանատուներն ու մեր սիրեցեալ ժողովուրդի բոլոր զաւակները եւ մաղթելով, որ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը պայծառակերպէ բոլորիս կեանքը եւ մեզ հաւաքաբար տանի յարութեան տեսիլքին։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։

 

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ աղօթարար՝
Շահէ Եպս. Փանոսեան
Առաջնորդ Հայոց Լիբանանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին