Ժողովրդավարութիւնը հասարակութեան քաղաքական կազմակերպման ձեւ է` հիմնուած ժողովուրդի՝ որպէս պետական իշխանութեան միակ աղբիւրի, ճանաչման, ինչպէս նաեւ իրաւունքի ու սահմանադրութեան գերակայութեան, քաղաքական բազմակարծութեան վրայ:
Ժողովրդավարութիւնը ժողովուրդի կամքով ձեւաւորուող եւ անոր շահերը պաշտպանող իշխանութեան համակարգ է: Ժողովրդավարութիւնը յունարէն «տեմոգրադիա» (կազմուած է «տեմոս»՝ ժողովուրդ, եւ «գրադոս»՝ իշխանութիւն, բառերէն) հասկացութեան հայերէն համարժէքն է: Քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ ժողովրդավարութիւնը իշխանութեան իրականացման ամենատարածուած ձեւն է: Հանրապետութեան կամ իշխանութեան տէրը ժողովուրդն է, որ որոշակի ժամկէտով կ’ընտրէ իր ներկայացուցիչները՝ երկիրը կառավարելու համար:
Ժողովրդավարութիւնը կ’ենթադրէ հասարակութեան գերիշխանութիւն պետութեան վրայ: Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով սահմանուած ժողովրդավարական նորմերը արդիւնաւէտ կերպով կը կիրարկուին, եթէ հասարակական գիտակցութիւնը ժողովրդավարական է. հասարակութիւնը ժողովրդավարութիւնը կ’ըմբռնէ որպէս արժէք եւ կը գործէ անոր պահանջներուն ու սկզբունքներուն համապատասխան:
Հետեւաբար ժողովրդավարութիւնը կը պահանջէ նաեւ ժողովրդային որոշ գիտակցութիւն իր քուէին արժէքը եւ ուժը հասկնալու համար:
Ժողովրդավարութեան կարեւոր յատկանիշներէն են` խօսքի ազատութիւնն ու ազատ ընտրութիւնը:
Լիբանանահայութիւնը երկար ժամանակէ ներգրաւուած է լիբանանեան քաղաքականութեան մէջ, սակայն ազատ խօսքի եւ ազատ ընտրութեան չափանիշը, ինչ կը վերաբերի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, միշտ ալ հարցական եղած է: Կարելի չէ անտեսել համոզումով քուէարկողները սակայն քիչ չէ եղած թիւը այն հայորդիներուն, որոնք միշտ չէ, որ քաղաքացիական բարձր գիտակցութեամբ կամ ազատ մարդու կամքով քուէարկած են: Ամենավտանգաւորը սակայն անտարբերներու թիւն է, որոնք, յոգնած զանազան տեսակի ճնշումներէ, նախընտրած են հեռու մնալ «գլխացաւանքէ»:
Այսօր մեր խօսքը կ’ուղղենք այս վերջին հոյլին: Եթէ քաղաքականութիւնը զանազան պատճառներով եւ մանաւանդ հոգեբանական ճնշումներու արդիւնքով զզուեցուցած է ձեզի, հետեւաբար անտարբեր էք ձեր քուէի իրաւունքը գործածելու գծով, ապա դուք ընտրած էք ամրապնդել այն կողմին դիրքը, որ շատ լաւ կը գիտակցի, թէ իր շահերը կը պահանջեն ձեզ զզուած պահել, եթէ իրեն քուէարկողը չէք: Դուք կրնաք տունը մնալ Մայիս 6-ին, բայց այդ չի նշանակեր, որ դուք չքուէարկեցիք: Իրականութեան մէջ չքուէարկելով կեցուածք որդեգրելը պատրանք մըն է: Չկայ այնպիսի բան, որ կը կոչուի չքուէարկել: Կամ այն է, որ դուք կ’ընտրէք քուէարկութեամբ կամ կ’ընտրէք տունը մնալով: Սակայն դուք տունը անխօս մնալով` կը կրկնապատկէք ձեր ձայնը խեղթել ուզողներուն քուէները…:
Մայիս 6-ը քուէատուփ ուղղուելու օրն է: Օրն է ազատ կամքով ընտրելու: Օրն է ընտրելու անվախ: Ուրեմն քուէարկե՛նք: Քուէարկենք անպայման, սակայն քուէարկենք ազատութեամբ: