Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Երկու Անբարոյ Արարքներ՝ Շահագործում – Գերեվարում

*ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ*

Մեր բարոյագիտական նշմարի Ա. մասին մէջ անդրադարձանք Արդարութեան եւ Խաղաղութեան երկու բարոյական նպատակներուն ընդելուզուածութեան՝ բարոյագիտութեան եւ իրաւագիտութեան ընդելուզուածութեան հիման վրա՝ մէջբերելով հին հեղինակաւոր փիլիսոփայ, բարոյագէտ եւ իրաւագէտ Հելվեթիւսի այն դիտարկումը, թէ այն բարոյագիտութիւնը, որ հիմնուած չէ իրաւագիտութեան վրայ, անբարոյական է: Նաեւ հոն անդրադարձանք Կաթոլիկ եւ Յոյն-Ուղղափառ եկեղեցիներու հաշտութեան եւ անոնց հրապարակած «Միացեալ Յայտարարութիւն» կոչուած փաստաթուղթին շարք մը կէտերուն։

Ներկայ Բ. մասին մէջ պիտի անդրադառնանք երկու անբարոյ արարքներու՝ Շահագործումի եւ Գերեվարումի ընդելուզուածութեան՝ մեկնելով նոյն Հելվեթիւսի վերի դիտարկումէն, նաեւ Կաթոլիկ եւ Ռուս-Ուղղափառ եկեղեցիներու հաշտութեան եւ հրապարակած «Միացեալ Յայտարարութիւն» խորագրեալ փաստաթուղթէն, ինչպէս նաեւ Կաթոլիկ եւ Լուտերական եկեղեցիներու հաշտութեան ու նոր համագործակցութեան 2017 թուին, Մարթին Լուտերի 1517 թուի Բարենորոգչական (Reformation) Շարժումին 500-ամեակին առիթով, եւ անոնց որդեգրած նշանաբանէն։

Յիշել հարկ է, որ այս էքիւմենիք հաշտարար ու խաղաղասիրական աշխատանքներուն գլխաւոր նախաձեռնողն է Վատիկանի Ֆրանչիսկոս Պապը, որ կը հետեւի Լատին Ամերիկայի Կաթոլիկ յեղափոխական աստուածաբաններուն՝ 20-րդ դարու 60-ականներուն պաշտպանած Ազատագրական Աստուածաբանութեան, որ վերջ կը դնէր «Հին Աշխարհ»-ի դպրական, ստրկական ու շահագործողական հին աստուածաբանութեան, եւ հիմը կը դնէր «Նոր Աշխարհ»-ի ազատագրական, արդարադատ եւ խաղաղասիրական նոր աստուածաբանութեան: Եւ վերջին քսանամեակին հին միաբեւեռ աշխարհակարգը սկսաւ ընթանալ դէպի մայրամուտ, իսկ նոր բազմաբեւեռ աշխարհակարգը սկսաւ իր արեւածագին: Այս փոփոխուող ու նորոգուող ժամանակներուն շնորհիւ է, որ Արժանթինի մայրաքաղաքի Արքեպիսկոպոսը՝ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ, նստաւ Վատիկանի Պապական Աթոռին եւ սկսաւ բարենորոգել Կաթոլիկ Եկեղեցին, Ֆրանչիսկոս պատուանունով։ (Այս նորոգուող ժամանակներուն յեղափոխական շունչը ե՞րբ պիտի հասնի Հայց. Եկեղեցիին եւ… Արեւելահայաստան…):

***

 

Ձեռքի տակ ունինք Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ լոյս տեսնող «Էքիւմենիք Տեղեկատու» («Bulletin Œcuménique») եռամսեայ հանդէսի Ապրիլ-Յունիս 2016 թուակիր համարը, որուն բովանդակութեան կարգ մը նիւթերուն կ’ուզեմ անդրադառնալ ստորեւ։

2016 թուի Փետրուար 12-ին Ռուս-Ուղղափառ Եկեղեցիի Պատրիարք Կիւրեղ (Cyrill) եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիի Պապ Ֆրանչիսկոս իրարու հանդիպած են Քուպայի մայրաքաղաք Հաւանայի օդակայանի VIP-ներու դահլիճին մէջ, հաշտութեան բանաձեւ մը ստորագրելու նպատակով։ Երկու ժամ տեւող խորհրդակցութենէ ետք «Միացեալ Յայտարարութիւն» մը ստորագրած են։ Առաջինը՝ հովուապետական այցելութիւն կու տար Լատին Ամերիկայի իր հօտին, երկրորդը՝ Մեքսիքոյի իր հօտին։ Անոնք միասնաբար ընտրած էին Քուպայի մայրաքաղաքը, որովհետեւ Հաւանան կը գտնուէր Եւրոպայէն դուրս, աշխարհի չորս ծագերու խաչմերուկին վրայ եւ կը հանդիսանար «նոր ժամանակներու խորհրդանիշը», որուն օդակայանին մէջ ամէն ազգի ճամբորդները իրարու կը հանդիպէին։ Եւ VIP-ներու դահլիճին մէջ փակուած երկու քահանայապետները չէին կրնար մոռնալ աշխարհի քաղաքական բարդ հարցերը, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի իսլամ թէ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն դէմ շղթայազերծուած բարբարոսային պատերազմը եւ անոր զոհերը, ինչ որ վստահաբար եղած էր վճռորոշ շարժառիթը այս հաշտութեան, հազարամեակ մը տեւած ցաւալի բաժանումէ ետք։

Խորհրդակցութեան աւարտին, VIP-ներու դահլիճը բացուած է հանրութեան ու լրագրողներու առջեւ եւ երկուքը հրապարակած են «Միացեալ Յայտարարութիւն»-ը եւ ունեցած հակիրճ ելոյթներ։ «Էքիւմենիք Տեղեկատու»-ն հրատարակած է միայն Ֆրանչիսկոս Պապի ելոյթը, որուն վերջաւորութեան ան ըսած է. «Ես չեմ կրնար հեռանալ այս օդակայանէն՝ առանց արտայայտելու իմ անկեղծ երախտագիտութիւնը հանդէպ Քուպայի, Քուպայի մեծ ժողովուրդին եւ անոր նախագահ Ռաուլ Քասթրոյին, որ հիմա ներկայ է հոս։ Շնորհակալ եմ ձեր ցոյց տուած գործնական եւ արդիւնաւէտ ասպնջականութեան համար։ Եթէ այսպէս շարունակէք, Քուպան պիտի դառնայ Աշխարհի Միութեան մայրաքաղաքը՝ Աստուծոյ փառքին համար»:

Թէեւ Ֆրանչիսկոս լրագրողներուն յայտարարած է, թէ այս «Միացեալ Յայտարարութիւն»-ը «լոկ հովուապետական է, ոչ՝ քաղաքական, եւ ոչ՛ ընկերա-տնտեսական», բայց անոր մէջ կան թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ընկերատնտեսական շատ հիմնական կեցուածքներ, զորս կ’ուզեմ բացայայտել՝ ստորեւ խտացնելով անոր բովանդակած 30 կէտերէն 10-ն։

Ուշագրաւ է, որ միւս կէտերէն տասնեակ մը կը վերաբերին ընտանիքի պահպանումին, ընտանեկան սիրոյ եւ հաւատարմութեան, ընտանիքի հիւանդ ծերերուն եւ խեղանդամ անձերուն հանդէպ խնամատար ու գուրգուրալից վերաբերմունքի պարտականութեանց, մարդկային կեանքին հանդէպ յարգանքին, euthanasia-ի դատապարտումին եւ հասարակութեան հանդէպ պատասխանատուութեան յանձնառութեան…:

Մեր ընտրած կէտերը հետեւեալներն են.

 

Թիւ 1 – Յանուն մեր Տիրոջ Յիսուսի, մենք՝ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ռուսիոյ Պատրիարք Կիւրեղ, իրարու հանդիպեցանք Հաւանայի մէջ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, որպէս հաւատքի եղբայրներ, բարձրաձայն եւ սրտէ-սիրտ խօսելու համար մեր եկեղեցիներու յարաբերութեանց շուրջ՝ իբր տեսլական ունենալով մարդկային քաղաքակրթութեան յառաջընթացը:

 

Թիւ 2 – Մեր եղբայրական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Քուպայի մէջ, Հիւսիսի եւ Հարաւի, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի ճանապարհներու խաչմերուկին: Այս կղզին խորհրդանիշն է «Նոր Աշխարհ»-ի յոյսերուն եւ 20-րդ դարու պատմական ողբերգական դէպքերուն: Այս տեղէն մեր խօսքը կ’ուղղենք Լատին Ամերիկայի եւ միւս ցամաքամասերու բոլոր ժողովուրդներուն։

 

Թիւ 3 – Մենք իրարու հանդիպեցանք՝ հեռու «Հին Աշխարհ»-ի կռիւներէն՝ ուժգնօրէն զգալով անհրաժեշտութիւնը կաթոլիկներու եւ ուղղափառներու հաւաքական աշխատանքին, փոխանդարձ յարգանքով ու անուշութեամբ, աշխարհին հաղորդելու համար մեր ունեցած լիայուսութիւնը:

 

Թիւ 4 – Մենք կը բաժնենք առաջին հազարամեակի քրիստոնէութեան անաղարտ հոգեւորական աւանդը, իր մարտիրոսներով ու սկզբնաղբիւրներով։ Եւ կ’աշխատինք յաղթահարել մեր այն ցաւալի տարակարծութիւնները, զորս ժառանգեցինք երկրորդ հազարամեակի մեր նախորդներէն:

 

Թիւ 7 – Մենք կ’ապրինք մարդկային քաղաքակրթութեան թեւակոխած դարադարձի փոփոխութիւններու պահին մէջ եւ պարտք կը զգանք միասնաբար եւ միեւնոյն կերպով, միեւնոյն վկայութիւնը տալու Յիսուսի Աւետարանի ճշմարտութեան…:

 

Թիւ 8 – Մեր հայեացքը նախ եւ առաջ կ’ուղղենք աշխարհի այն շրջաններուն, ուր քրիստոնեաները կը հալածուին բարբարոսային արարքներով, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ։ Երկիրներ, ուր ծնաւ ու տարածուիլ սկսաւ մեր հաւատքը: Սակայն այսօր քրիստոնեայ ժողովուրդներ կը գաղթեն զանգուածներով այդ վայրերէն, ուր անոնք ապրած էին Առաքեալներու օրերէն՝ համատեղ ու համերաշխ միւս կրօնական համայնքներուն հետ…:

 

Թիւ 9 – Մենք կոչ կ’ընենք Միջազգային Համայնքին առնելու այն ստիպողական քայլերը, որոնք կրնան արգիլել Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու հեռացումին շարունակումը, եւ մեր ձայնը կը բարձրացնենք պաշտպանելու հալածուող քրիստոնեաները՝ միաժամանակ սրտակցելով միւս կրօնական աւանդութեանց հաւատացեալներուն հետ, որոնք եւս կը տառապին ու զոհ կ’երթան քաղաքացիական պատերազմներու, քաոսի եւ ահաբեկչական վայրագութեանց:

 

Թիւ 11 – Կոչ կ’ընենք հակամարտող կողմերուն՝ երկխօսութեամբ լուծելու իրենց տարակարծութիւնները, եւ հրաժարին ահաբեկչական խումբերը հովանաւորելէ, ֆինանսաւորելէ եւ զինելէ… եւ ընդհակառակը, վերջ դնեն անոնց, որովհետեւ Աստուծոյ անունով անոնց գործած ոճիրները աստուածահաճոյ չեն, քանի որ Աստուած դէմ է ոճիրին ու պատերազմին, այլ կը պահանջէ խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն իր ստեղծած մարդոց միջեւ։ Նաեւ կոչ կ’ընենք աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն անխտիր, եւ Աստուծոյ հաւատացողներուն, աղօթելու առ Աստուած նախախնամ, որ պաշտպանէ իր ստեղծածները ջարդերէ եւ աւերումներէ, եւ օգնէ արդար եւ մնայուն խաղաղութեան հաստատումին, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ արգիլէ նոր համաշխարհային պատերազմի մը բռնկումը…:

Թիւ 17 – Մեր հայեացքը նաեւ կ’երթայ այն ժողովուրդներուն, որոնք կ’ապրին անյուսութեան, ծայրայեղ կարիքի եւ աղքատութեան մէջ, մինչ ուրիշներու հարստութիւնը կը կուտակուի հսկայական չափերով: Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ գերզարգացած երկիրներու մէջ տիրող այն անսահման սպառողականութեան ու զեխութեան, որոնց հետեւանքով միլիոնաւոր մարդիկ կը մնան անօթի, գործազուրկ եւ անօթեւան, տակաւ կը սպառին մեր մոլորակի կենսական աղբիւրները, եւ կը ստեղծուին երկրային հարստութեանց անհաւասար բաշխումի, շահագործումի եւ ընկերային ու ազգային անարդարութեան վիճակ մը ազգամիջեան յարաբերութեանց մէջ՝ շահագործումով եւ գերեվարութեամբ…:

Թիւ 18 – Քրիստոնեայ եկեղեցիները կոչուած են դատապարտելու ընկերային եւ ազգային այս անարդարութիւնը եւ պաշտպանելու ընկերային եւ ազգային արդարութեան պահանջները, իսկ անարդարութեան պատասխանատուները չեն կրնար հպարտանալ ու արդարանալ Աստուծոյ առջեւ…:

Թիւ 24 – Ուղղափառներս եւ Կաթոլիկներս միացած ենք ոչ միայն առաջին հազարամեակի Եկեղեցւոյ Աւանդութեամբ, այլեւ այն հասկացողութեամբ, որ մենք մրցակիցներ չենք, այլ եղբայրներ, եւ այս հայեցակարգով պէտք է վարուինք ոչ միայն իրարու, այլեւ ուրիշ եկեղեցիներու եւ ողջ մարդկութեան հանդէպ…:

Թիւ 27 – Մենք միասնաբար կոչ կ’ընենք նաեւ ընկերային ու ազգային արդարութեան, քրիստոնէական համամարդկային անխտրական եղբայրակցութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան…:

Այս երկու եկեղեցիներու քահանայապետներու յայտարարութիւնը իրենք կը համարեն «լոկ հովուապետական»… ոչ՝ քաղաքական եւ ոչ՝ ընկերա-տնտեսական, սակայն անոր մէջ պաշտպանուող սկզբունքները եւ դատապարտուած արարքները, յայտնօրէն կը պատկանին Սոցիալիզմի եւ Քափիթալիզմի հասարակարգերուն…: Սկզբունքները բարոյական են, իսկ արարքները՝ հակաբարոյական։

***

«Էքիւմենիք Տեղեկատու» եռամսեայի այս համարը կը տեղեկացնէ նաեւ, թէ 31 Հոկտեմբեր 2017 թուականին, կաթոլիկ եւ լուտերական եկեղեցիները, Շուէտի Լունդ (Lund) քաղաքին մէջ միասնաբար նշած են 1517 թուին Մարթին Լուտերի հիմնած Բարենորոգչական Շարժումին (Reformation) 500-ամեակը, եւ Լուտերական Մայր Եկեղեցիին մէջ մատուցած են էքիւմենիք պատարագ՝ կաթոլիկ եւ լուտերական ծէսերով, նախագահութեամբը Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Լուտերական Համաշխարհային Դաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Վերապատուելի Մարթին Ճունճի (Martin Junge) եւ գործակցութեամբը Շուէտի եկեղեցիին եւ Սթոքհոլմի կաթողիկէ թեմին՝ շարունակելով 50 տարիներ առաջ (1967) սկսած լուտերակաթոլիկ էքիւմենիք երկխօսութեան ձեռքբերումները, որ եզրափակուած է «Միատեղ Աղօթք»-ով (Prière Commune):

Լուտերական Եկեղեցիի 500-ամեակին առիթով մատուցուած այս էքիւմենիք պատարագին նշանաբանը եղած է. «Գործելով լուտերականներու եւ կաթոլիկներու միջեւ հաշտութեան ուղղութեամբ՝ աշխատած կ’ըլլանք ի նպաստ Արդարութեան, Խաղաղութեան եւ Հաշտութեան, համայն աշխարհին մէջ, որ այսօր բզկտուած է «Հին Աշխարհ»-ի հակամարտութիւններով եւ բիրտ ուժի վայրագութիւններով»…:

***

Հաւանայի օդակայանէն հրապարակուած Կաթոլիկ-Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու «Միացեալ Յայտարարութիւն» կոչուած փաստաթուղթին թիւ 17, թիւ 18 եւ թիւ 27 կէտերուն մէջ բացորոշ կերպով դատապարտուած են՝ որպէս երկու անբարոյ արարքներ, շահագործումն ու ազգերու գերեվարումը։ Այս փաստաթուղթը ունի պատմական նշանակութիւն՝ աւետելով «Նոր Աշխարհ»-ի դարաշրջանը…:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին