Չորեքշաբթի, 25. 06. 2025

spot_img

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Մարտ 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իրականացուց խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցեցան նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:

Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին կատարուած աշխատանքները, զեկուցեցին նախարարութեան ծրագիրներուն բոլոր տարածաշրջաններէն երիտասարդներու ներգրաւման արդիւնքներուն մասին:

Նախարարը կարեւոր համարեց  յառաջիկայ ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպումն ու լայն լուսաբանումը, ինչպէս նաեւ` ամէնօրեայ աշխատանքը «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագիրներու, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի, Երիտասարդական ֆորումի, Լրագրողներու, Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական համաժողովներու իրականացման ուղղութեամբ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին