*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Ուրբաթ, Մարտ 9-ի երեկոյեան, գրասէր ընտրանիի մը ժամադրավայրն էր Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի հանդիսասրահը, ուր ԹՄՄ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ յոբելեանական հանդիսութիւն՝ նուիրուած արձակագիր Սարգիս Վահագնի ծննդեան 90-ամեակին, ինչպէս նաեւ հեղինակին կողմէ վերջերս լոյս տեսած «Հաճը՜նը սիրուն» հատորին։
Միջոցառումին բացման խօսքը կատարեց վարչութեան փոխատենապետ, օրուան հանդիսավար Բարսեղ Գարթալեան։ Ան իր կարգին բեմ հրաւիրեց ծանօթ հրապարակագիր ու մասնաճիւղի երկարամեայ ատենապետ Վաչէ Սեմերճեանը, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Սարգիս Վահագնին հետ իր երկար տարիներու ծանօթութիւնը, որուն ընթացքին յոբելեար արձակագիրը անմասն չէր մնացած գաղութի հասարակական եռուզեռէն։
«Հաճը՜նը սիրուն» վէպը ներկայացուելէ առաջ հաճելի էր ունկնդրել Վահագնի թոռը՝ Լուքա Փաթափութեանը, որ կիթառի վրայ հրամցուց 3 մեղեդիներ՝ խլելով ներկաներուն ծափողջոյնները։
Վահագնի հեղինակած աշխատասիրութիւնը ներկայացնելու հրաւիրուեցաւ գրականագէտ ու մասնաճիւղի վարչական անդամուհի Լիլիթ Քէհէեանը, որ Վահագնի կողակիցին՝ երկար տարիներու կրթական մշակ Հայկուհի Փաթափութեանի հետ կատարած էր նորատիպ հատորին խմբագրութիւնը ու մօտէն ծանօթացած հատորին բովանդակութեան։
Քէհէեան բծախնդրօրէն վերլուծեց «Հաճը՜նը սիրուն» գործը ու անոր մէջ տեղ գտած հեղինակին կողմէ մանրամասնուած դէպքերը, որոնց արդիւնքով նահատակուեցան վեց հազար հաճընցի հայեր։
Արձակագիրին այս վէպը վստահաբար իր կարեւոր տեղը պիտի ունենայ հայ գրականութեան մէջ՝ Կիլիկիոյ պատմական հարստութեան աւանդը բարձր պահելով։
Ծանօթ գրականագէտ Թամարա Յովհաննիսեան յատուկ այս առիթով ժամանած էր հիւսիսային Գալիֆորնիայէն։ Ան մօտէն ծանօթ ըլլալով արձակագիրին գրական վաստակին՝ գնահատական իր խօսքին մէջ բարձրօրէն դրուատեց Սարգիս Վահագնի իւրայատուկ տեղը արեւմտահայ ժամանակակից գրականութեան մէջ։
Օրուան յայտագիրը ճոխացաւ երաժշտական բաժինով, երբ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Շուշան Յակոբեան նուագեց Պապաճանեանի «Վաղարշապատի պարը»։ Ապա ջութակահար Ռուբէն Աղիեանի ընկերակցութեամբ անոնք հրամցուցին Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»-ը եւ Խաչատուրեանի «Լեկզինկա»-ն՝ արժանանալով ներկաներուն անվերապահ գնահատանքին։
Գալիֆորնիահայ Գրողներու միութեան նախագահ, ծանօթ խմբավար Հենրիկ Անասեան շնորհաւորական իր խօսքը արտասանելէ ետք՝ միութեան անունով գնահատագիր յանձնեց յոբելեարին։ Իսկ «Համայնապատկեր» պարբերաթերթին կողմէ Սարօ Քէօթահեան յուշագիրով մը պատուեց յոբելեարը։
Յայտագիրին ընթացքին հանդիսավար Գարթալեան կարդաց այս առիթով յոբելեարին ուղղուած ողջոյնի գրութիւնները. առաջին հերթին բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր եւ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Դաւիթ Գասպարեանէն, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Մելիտոնեանէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանէն։ Շնորհաւորական գրութիւններ ուղարկած էին նաեւ Պոսթոնէն հրապարակագիր՝ Գրիգոր Քէօսէեան, Կիպրոսէն «Ազատ խօսք» պարբերաթերթի խմբագիր՝ Երանուհի Գույումճեանը եւ Նիւ Եորքէն՝ Զարմինէ Պօղոսեանը։
Յայտագիրին վերջին խօսք առնողը եղաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, որ բարձր գնահատեց յոբելեարին երկարամեայ վաստակը ու իր բարեմաղթութիւններով շնորհաւորեց յոբելեարը իր վերջին արձակ աշխատասիրութեան առիթով։
Շնորհակալական ամփոփ գրութեամբ հանդէս եկաւ յոբելեար Սարգիս Վահագնը, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր, կազմակերպիչ ԹՄՄ-ի մասնաճիւղին ու մանաւանդ հրատարակուած հատորի մեկենաս՝ Վիգէն եւ Մարալ Գրաճեան ամոլին։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Յովնան Սրբազանի պահպանիչով, որմէ ետք ներկաները հիւրասիրութեան ընթացքին յոբելեարին կողմէ տրամադրուած հատորներէն օրինակներ ստացան, հեղինակին մակագրումէն ետք։
Արդարեւ, գնահատելի միջոցառում մը՝ նուիրուած նոյնքան գնահատելի վաստակաշատ յոբելեարին։