*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Արցախի Նախագահը ԱՄՆ–ի Մէջ. Հնարաւորութիւններ Ստեփանակերտի, Զգուշացումներ՝ Պաքուի Համար
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի՝ ԱՄՆ այցը սկսած է Մարտ 13-ին Ուաշինկթընի Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան մէջ կայացած հանդիպումով: Բակօ Սահակեան կարեւորած է ԱՄՆ-ի հետ փոխգործակցութեան ընդլայնումն ու խորացումը` ընդգծելով, որ անոր համար ներկայացուցչութիւնը պէտք է շարունակէ իրականացնել ամէնօրեայ արհեստավարժ աշխատանք եւ յատուկ յանձնարարականներ տայ այդ ուղղութեամբ: Արցախի նախագահի հերթական այցը նաեւ Միացեալ Նահանգներու հետ կապերը աշխուժացնելու նպատակ կը հետապնդէ: «Կը նախատեսուին շարք մը հանդիպումներ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ գիտահետազօտական, թէ՛ հասարակական, թէ՛ Սփիւռքի շրջանակներուն հետ, որոնք, յոյս ունինք, կը նպաստեն Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ կապերու սերտացման»,- նախագահ Սահակեանի ամերիկեան այցի օրակարգին անդրադարձած է ԱՄՆ-ի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը:
Արցախի նախագահը այցելած է նաեւ Ուաշինկթընի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, հանդիպած է ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի եւ դիւանագիտական անձնակազմին հետ: Քննարկուած են ԱՄՆ-ի եւ հայկական երկու պետութիւններուն փոխգործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Յաջորդիւ կը նախատեսուի Արցախի նախագահի հանդիպումը ԱՄՆ խորհրդարանի անդամներուն հետ: «Ուրախ եմ, որ Արցախի նախագահը առիթ պիտի ունենայ հանդիպելու, անմիջականօրէն շփուելու խորհրդարանի այն անդամներուն հետ, որոնց ջանքերուն շնորհիւ Արցախի մէջ տարիներէ ի վեր կ’իրականացուին մարդասիրական ծրագիրներ, մասնաւորապէս ականազերծման ծրագիրը, որ այս տարի խորհրդարանի հայկական յանձնախումբի ջանքերով ֆինանսաւորում կ’ունենայ»,- անդրադառնալով Արցախի նախագահի՝ Միացեալ Նահանգներ կատարած այցին՝ ընդգծած է ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան:
Արցախի նախագահի՝ ԱՄՆ կատարած այցելութեան դէմ բողոքած է Պաքուն: Այցի նախօրէին՝ Մարտ 12-ին, Ազրպէյճանի ԱԳՆ ներկայացուցիչը Հիքմեթ Հաջիեւը յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռոպերթ Սեկուտան հրաւիրուած է ԱԳՆ, ուր անոր բողոքի յայտարարագիր յանձնած է: «ԱՄՆ-ի նման քայլը վնաս կը հասցնէ բանակցային գործընթացին, կը նպաստէ տարածաշրջանի մէջ լարուածութեան բարձրացման եւ կը հարուածէ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու ջանքերուն: Նման քայլով ԱՄՆ մեծ հարուած հասցուցած է իրեն հանդէպ ազրպէյճանական ժողովուրդի կարծիքին: Ազրպէյճանը նման գործելաոճի պարագային ստիպուած է պահպանելու համարժէք պատասխանի սկզբունքը»,- ըսած է Ազրպէյճանի ԱԳՆ ներկայացուցիչը: Ուաշինկթընի մէջ, սակայն, ըստ էութեան, չեն կիսեր Պաքուի պատկերացումները «միջազգային իրաւունքի» մասին: Այնպէս որ Արցախի նախագահի՝ ԱՄՆ այցը սկսաւ առանց որեւէ խոչընդոտի, հանդիպումներն ալ կը շարունակուին՝ ըստ ժամանակացոյցի:
Մէկ այլ տհաճ անակնկալ Պաքուն աւելի կանուխ ստացած էր: Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էւանսը «The National Interest» ամսագիրին մէջ հրապարակուած յօդուածով անդրադարձած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի՝ ԱՄՆ այցին՝ նշելով. «Ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ Արցախը ազգերու ընտանիքին մէջ»: Բայց Պաքուի մէջ լաւ կը հասկնան, որ նոյնիսկ նախկին դեսպանը այդ թեմայով պատահական յայտարարութիւններ չէր ըներ: Հաւանաբար նոյն այդ վտանգն է, որ Ազրպէյճանին աւելի ջղագրգիռ կը դարձնէ եւ կը ստիպէ աշխուժացնելու Արցախը միջազգային հարթակին վրայ շրջափակման ենթարկելու ջանքերը: Արցախի նախագահի՝ ԱՄՆ կատարած այցը ի մասնաւորի կը յուշէ այն մասին, որ Պաքուի այդ ջանքերը սպասուած արդիւնքը չեն տար ամենեւին:
Արցախի Նախագահը Առաջին Անգամ Հիւրընկալուած Է ԱՄՆ Քոնկրէս
Առաջինը եւ պատմականը: Մարտ 14-ին կայացաւ Արցախի նախագահի այցը ԱՄՆ Քոնկրէս, որուն ընթացքին Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ արտաքին հարցերով յանձնաժողովի խումբ մը անդամներու հետ՝ քննարկելով Արցախ-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն, ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: Այնուհետեւ Քոնկրէսին մէջ կազմակերպուած է ընդունելութիւն՝ նուիրուած Արցախեան շարժումի 30-րդ տարեդարձին: «Երբ Արցախ էինք, նախագահ Սահակեանին ըսինք, որ կը ցանկայինք Ուաշինկթընի մէջ իր մասնակցութեամբ միջոցառում կազմակերպել եւ ուրախ ենք, որ այդ մէկը իրականութիւն դարձաւ»,- Արցախի նախագահի այցի նախապատմութիւնը կը յիշէ քոնկրէսական Ֆրենք Փալոնը:
Արցախի նախագահը Քոնկրէսին մէջ կը բարձրաձայնէ, որ Արցախը արդէն 30 տարիէ կը պայքարի ազրպէյճանական ահաբեկչութեան դէմ եւ այսօր ալ այդ պայքարը կը շարունակէ՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանելու պատասխանատուութեան զգացումով: «Մենք հաշուի կ’առնենք նաեւ այն, որ մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան խարխլումը յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով, որ լուրջ սպառնալիք է ամբողջ քաղաքակիրք մարդկութեան համար»: Նախագահ Սահակեան յիշել կու տայ, որ հակամարտութեան կարգաւորումը անհնար է՝ առանց բանակցութիւններու Ստեփանակերտի լիարժէք մասնակցութեան վերականգնման խնդրով: «Արցախը պէտք է վերադառնայ բանակցութիւններուն:
Արցախի ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ առանց իր մասնակցութեան: Այդ մէկը ճիշդ չէ ո՛չ քաղաքական եւ ո՛չ ալ բարոյական տեսանկիւններէն»,- ընդգծած է Բակօ Սահակեան: Ստեփանակերտը բանակցութիւններու պատրաստ է ոչ թէ ամէն գնով, այլ յստակ ըսելիքով ու անորմէ բխող պատասխանատուութեամբ, Քոնկրէսին մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ նշած է Արցախի նախագահը. «Արցախի Հանրապետութեան ազատութիւնն ու անկախութիւնը սակարկութեան ենթակայ չեն: Մեզի համար բացառիկ արժէք է նաեւ մեր երկրի անվտանգութեան ապահովումը»:
Նոյնիսկ անդուլ պատերազմի պայմաններուն, Արցախի ժողովուրդը կառուցած է կայուն, զարգացող ժողովրդավարական պետութիւն, որ միջազգային ընտանիքին մէջ ընդգրկուելու հայտ կը ներկայացնէ: «Արցախի ժողովուրդը վաստակած է միջազգային հանրութեան լիիրաւ անդամ դառնալու իրաւունքը: Մեր պետութիւնը դեռ չէ ճանաչուած, բայց այդ գործընթացը կ’ընթանայ աշխուժօրէն»,- համոզում յայտնած է Բակօ Սահակեանը, որուն ապացոյցը ԱՄՆ-ի մէջ Արցախի անկախութեան ճանաչումն է մօտ մէկ տասնեակ նահանգներու կողմէ, դիտել տուած է Արցախի նախագահն ու աւելցուցած. «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը եղած է, կա՛յ եւ կը մնա՛յ մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար ուղղութիւններէն մէկը»: Արցախի անուղղակի ճանաչումներու շարքը կարեւոր կը համարեն նաեւ ԱՄՆ քոնկրէսականները: «Ես անուղղակի ճանաչման հետ կապուած միայն մէկ թերութիւն կը տեսնեմ, որ զայն պէտք է դարձնենք ուղղակի ճանաչում»,- համոզուած է քոնկրէսական Բրեդ Շերմանը:
Բակօ Սահակեան պետական պարգեւներ յանձնած է ԱՄՆ խումբ մը քոնկրէսականներու եւ ծերակուտականերու՝ Արցախին սատարելու եւ Արցախ-ԱՄՆ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ շօշափելի ներդրում ունենալու համար:
Ստեփանակերտ