Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Արցախցի Փոքրիկին Պատրաստած Դիմանկարը Արժանացած էր Աշխարհահռչակ Հոքինկի Հաւանութեան

Կը պարզուի` 14-ամեայ ստեղծագործող Անի Գէորգեան, որ կը յաճախէ Ստեփանակերտի Խաչատուր Աբովեանի անուան թիւ 1 հիմնական դպրոցի 9-րդ դասարանը, 2015 թուականի ամրան աշխարհահռչակ անգլիացի բնագէտ-տեսաբան Սթիւըն Հոքինկին նուիրած է Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն համայնքի ծովաշուշաններով պատրաստուած անոր դիմանկարը:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ Անի Գէորգեան պատմած է, որ Հոքինկի հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը յառաջացած է այն ժամանակ, երբ իմացած է, որ սահմանափակ ֆիզիկական կարողութիւններով մարդը դարձած է աշխարհահռչակ գիտնական:

«Ատիկա զիս շատ ոգեւորած է եւ երբ 2015-ին տեղեկացայ, որ Արցախ կը գտնուի յայտնի աստղաֆիզիկոս Գարիկ Իսրայէլեանը, որ անձամբ կապ ունէր Հոքինկի հետ, խնդրեցի անորմէ իր ձեռքով պատրաստած դիմանկարը փոխանցել մեծ գիտնականին: Յետոյ տեղեկացայ, որ քանի մը ամիս անց դիմանկարը հասած է հասցէատիրոջը, որ շատ հաւնած է իմ աշխատանքը»,- նշած է Ա. Գէորգեան:

Յիշեցնենք, որ աշխարհահռչակ անգլիացի բնագէտ-տեսաբան Սթիվըն Հոքինկ մահացաւ 2018-ի Մարտ 14-ին, 77 տարեկանին:

Հոքինկ տեսաբան բնագէտ էր, գիտութեան յայտնի տարածող: Ան կը զբաղէր տիեզերաբանական բնոյթները միակ սկզբունքի վերագրելու տեսութեամբ` Տիեզերքի նախնական վիճակի խնդրի հետազօտմամբ:

Հաշմուած գիտնականը աշխոյժ կեանք վարած է` զբաղած է գիտութեամբ, դասաւանդած, զեկոյցներով հանդէս եկած` աշխարհի հետ շփուելով խօսքի համակարգչայային համադրումով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին