Հովանաւորութեամբ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի, նախագահութեամբ Շրջ. Յանձնաժողովի ատենապետ Տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեանի, տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «ԽՕՍՆԱԿ»-ի հիմնադրութեան 60-ամեակը, ՀԲԸ Միութեան Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ Երկուշաբթի, 12 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան, ուր որպէս գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեանը:
Բացառիկ միջոցառման ներկայ էին Միութենական ղեկավարներ, պատասխանատուներ, պետական ու քաղաքական դէմքեր, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, գրողներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, հրաւիրեալներու հոծ բազմութիւն մը, որոնց մէջ մեծ էր թիւը նամանաւանդ երիտասարդութեան: Սրահի մուտքին, իւրաքանչիւր հրաւիրեալ անհատ ստացաւ 60-ամեայ յոբելեանին նուիրուած 80-էջնոց ճաշակաւոր գունազարդ «Խօսնակ – Բացառիկ» մը, որուն մէջ տեղ գտած էին օրուան խորհուրդը նշող օրհնութեան գիրեր, ինչպէս նաեւ ողջոյնի ու սրտի խօսքեր:
Երեկոն սկսաւ տեսաերիզի ցուցադրութեամբ, նուիրուած «Խօսնակ»-ի անցնող վաթսուն տարիներու հատած ճանապարհին:
Միջոցառման բացման խօսքը ըրաւ «Խօսնակ»-ի Մշակութային Յանձնախումբի անդամներէն Տոքթ. Յովիկ Առաքելեան: Ան իր խօսքին մէջ ողջունելէ ետք ներկայ հասարակութիւնը, կարեւորեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պաշտօնաթերթին դերը լիբանանահայ կեանքէն ներս, թուելով ամսաթերթի մինչեւ օրս կատարած ազգանուէր ու հայրենանուէր առաքելութիւնը, որ եղած է անշեղ՝ յար ու նման Միութեան հիմնադիրներու ու նախագահներու հաւատքին ու տեսիլքին:
Բացման խօսքին յաջորդեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի օրհնութեան գիրերու ընթերցումը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութենէն Տէր Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի կողմէ՝ մեծ հաղորդականութեամբ, ուր զոյգ հայրապետները կը գնահատէին ՀԲԸՄ-ի պաշտօնաթերթի խմբագիրներուն ու աշխատակիցներուն տարած նուիրական աշխատանքը՝ 60 երկար տարիներ շարունակ, զարկ տալով ազգապահպանման գործին՝ անշեղօրէն, մնալով միշտ պատնէշի վրայ, որպէս մշակոյթի արթուն պահակներ:
Զոյգ հայրապետներու օրհնութեան գիրերուն յաջորդեց ՀԲԸ Միութեան նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի գիրը, զոր ընթերցեց վաստակաւոր ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեան: Նախագահ Սեդրակեան իր ողջոյնով կը յայտնէր իր ուրախութիւնը, «Խօսնակ»-ի գոյութեան ու առաքելութեան մասին՝ թուելով, թէ ան ՀԲԸՄ-ի ներկայի լաւագոյն լրատու խօսնակներէն մէկն է, որուն մէջ անպակաս են Հայաստանն ու Արցախը, Միութեան բոլոր գաղութներու անդրադարձումները եւ մասնաւորաբար հայաշատ Լիբանանը: Ապա նախագահ Սեդրակեան կը շնորհաւորէր «Խօսնակ»-ի անցեալի խմբագիրները, որոնք աշխատած էին անձնուիրաբար եւ մասնաւորաբար ներկայ խմբագիրը եւ աշխատակիցները մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւններ:
Յարգարժան նախագահի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, ուր առաջին հերթին հանդէս եկաւ երիտասարդ երգիչ Արամ Շահպազեան ու յաջողութեամբ մեներգեց «Տուն իմ Հայրենի» երգը՝ մեծ յուզականութեամբ ու ներշնչումով, դաշնակի վրայ ընկերակցութեամբ փորձառու դաշնակահար Մարալ Առնելեանի:
Երգի եւ դաշնակի ունկնդրութենէն ետք տեղի ունեցաւ Հայկական պար՝ Կոմիտասի «Ծիրանի Ծառը»-ը, զոր հրամցուց ՀԵԸ-ի «ԱՐԻՆ» պարախումբէն Լարա Ճիպեան, ճկուն ու տպաւորիչ պարով, արժանանալով ներկաներու գնահատականին:
Հայկական պարին յաջորդեց երիտասարդ խոստումնալի դաշնակահար Ալեքս Պապահէքեանի նուագը՝ դաշնամուրի վրայ, մեծ խանդավառութեամբ:
Գեղարուեստական կարճ, բայց հաճելի յայտագիրէն ետք հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեանը: Տիկին Յակոբեան, նախ ջերմ խօսքերով ողջունեց ներկաները, ապա անդրադարձաւ վերջին շրջանին աւելի ու աւելի զարգացող Լիբանան-Հայաստան փոխյարաբերութեանց մասին, որուն արդիւնքով ալ այսօր Լիբանան կը գտնուէր Հայաստանի վարչապետ Պարոն Կարէն Կարապետեան, որ կը գլխաւորէր կարեւոր պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ ինքը՝ Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեանը, այլ նախարարներու եւ պատասխանատուներու կողքին:
Տիկին Յակոբեան հանգամանօրէն թուեց, թէ Հայաստանի պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի արդէն այցելած է Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիին, խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիին եւ Լիբանանի նախագահ զօրավար Միշէլ Աունին: Ապա ան ուրախութեամբ շեշտեց այն, թէ Լիբանանի երեք պետերը մեծ գոհունակութեամբ ու հպարտութեամբ խօսած էին հայ համայնքի մասին՝ շեշտելով լիբանանահայերու հաւատարմութիւնը, աշխատասիրութիւնը եւ Լիբանանի համայնքային կեանքէն ներս լիբանանահայերու ունեցած արժանապատիւ տեղն ու հաւասար իրաւունքները, ուր ունէին նախարար, երեսփոխան եւ այլ պատասխանատու տարրեր:
Կարճ բացատրողականով մը հանդէս գալէ ետք հայկական պատուիրակութեան Լիբանան այցելութեան մասին, Սփիւռքի նախարար Տիկին Յակոբեան կէս ժամ տեւող բանախօսութեան ընթացքին կուռ ու իմաստալից արտայայտութեամբ կարեւորեց 112-ամեայ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եզակի ու բացառիկ դերը ազգային կեանքէ ներս՝ սկսելով 1906 թուականէն, երբ Պօղոս Նուպար Փաշա եւ իր հաւատք ու տեսիլք ունեցող ազգասէր ընկերները հիմը դրին այս Բարեգործական պտղատու ծառին, որուն ճիւղերը արագ տարածուեցան աշխարհով մէկ՝ նպատակ ունենալով սատար հանդիսանալ հայ ժողովուրդի բեկորներուն՝ աշխարհով մէկ՝ առանց խտրականութեան:
Նախարար Յակոբեան կարեւորութեամբ շեշտեց Բարեգործականի ունեցած ազգանուէր բացառիկ առաքելութիւնը, նամանաւանդ 1915-էն ետք՝ ծանրանալով անոր որբահաւաքի ազնիւ գործին, որուն շնորհիւ փրկուեցան տասը հազարաւոր հայեր եւ անոնք վերադարձուեցան հայ ժողովուրդին տաք գիրկը: Ապա Տիկին նախարարը յայտնեց իր հիացմունքը Բարեգործականի հիմնադիրներուն ունեցած մարդասիրական, բարեգործական, կրթական եւ երիտասարդական բնագաւառներէ ներս կատարած յատուկ գործունէութեանց մասին՝ անոնց մէջ՝ առանձնացնելով միութեան տեղեկատուական բնագաւառը՝ սկսելով Եգիպտոսէն, հասնելու համար մինչեւ Փարիզ, Նիւ Եորք, մինչեւ Աւստրալիա, հուսկ ապա Լիբանան, յիշատակելով առաջին անգամ Եգիպտոսէ ներս հրատարակուած Միութենական օրկան «Միութիւն» թերթը, որուն առաջին օրինակին խմբագրականը ստորագրած էր Բարեգործականի նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշա:
Յարգելի բանախօսը առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձուց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի պաշտօնաթերթ «ԽՕՍՆԱԿ»-ը, ըրաւ անոր պատմականը եւ հետաքրքիր ծննդոցը, թէ ինչպէս հաւատաւոր խումբ մը մարդիկ՝ Պօղոս Պէյ Թուրսարգիսեան, Ասատուր Մակարեան, Արա Թոփճեան, Յակոբ Թորոսեան եւ Սիսակ Վարժապետեան, զգալով սեփական մամուլի ու խօսափողի կարեւորութիւնը, դիմեցին օրուան Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ պահանջեցին սեփական մամուլի մը գոյութիւնը, որուն անյապաղ արձագանգեց օրուան Միութենական ղեկավարութիւնը, եւ այսպէս հիմը դրուեցաւ Միութեան «ԽՕՍՆԱԿ» պաշտօնաթերին 1957 թուականի Սեպտեմբերին, որուն առաջին խմբագիրը հանդիսացաւ հայերէն լեզուի նշանաւոր ուսուցիչ Օննիկ Սարգիսեան:
Շարունակելով իր խօսքը, Տիկին նախարարը ըսաւ, թէ «ԽՕՍՆԱԿ» ունեցաւ նուիրեալ խմբագիրներ՝ Յակոբ Թորոսեան, Երուանդ Պապայեան, Ասատուր Մակարեան, Լեւոն Վարդան, Սարգիս Մինասեան, Պարոյր Աղպաշեան, Ատրունի Մատուռեան, Արամ Սեփեթճեան եւ Համբիկ Մարտիրոսեան:
Տիկին Յակոբեան իր խօսքին մէջ գնահատեց բոլոր ժամանակներու խմբագիրները, որոնք իրենց Միութենական լրատուութեանց կողքին կարեւորեցին նաեւ այլ գաղութները, աւելին՝ Մայր Հայրենիքը, պաշտօնաթերթի սիւնակներն ու էջերը լայն բանալով հայրենի գրական դէմքերու եւ հայրենական նորութիւններու առջեւ: Աւելի ուշ, ան անդրադարձաւ լիբանանեան քաղաքացիական տարիներէն մինչեւ օրս շարունակուող հետեւողական ճիգին, գնահատեց կատարուածը եւ որակեց զայն ազգապահպանման իմաստով ազնիւ ու առաքինի գործ, որ շարունակուեցաւ, կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի՝ հակառակ տպագիր մամուլին սպառնացող մարտահրաւէրներուն:
Ան առանձին-առանձին գնահատական տուաւ, նամանաւանդ վերջին երեք խմբագիրներ՝ Պարոյր Աղպաշեանին, Արամ Սեփեթճեանին եւ Համբիկ Մարտիրոսեանին, իւրաքանչիւրի կատարած դերը եւ դրած շունչը որակելով ազգային իմաստով բացառիկ ու դրական ու ազգօգուտ: Արդարեւ, վեր առնելէ ետք երեք խմբագիրներու ազնիւ գործը, ան ըսաւ, թէ յոբելենական այս ուրախ առիթով Պարոյր Աղպաշեան ու Արամ Սեփեթճեան կ’արժանանան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի մետալին, իսկ Համբիկ Մարտիրոսեան արդէն ստացած ըլլալով նման մետալ, նաեւ արժանացած ըլլալով նախագահի «Մովսէս Խորենացի» յուշամետալին, այսօր կ’արժանանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան բարձրագոյն շքանշանին՝ «Ոսկէ Մետալ»-ին:
Նախարար Յակոբեան տալէ ետք սպառիչ մանրամասնութիւններ «ԽՕՍՆԱԿ»-ի վեց տասնամեակներու հետեւողական քայլին մասին, ուր շարունակաբար տեղ գտած էին ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի լուրերը, գաղթաշխարհի լուրերը եւ անպայմանօրէն հայրենական լուրեր, իր խօսքին մէջ ան ուրախութեամբ աւելցուց. «Այսօր անվարանօրէն կրնամ յայտարարել, որ Բարեգործականի պաշտօնաթերթ «Խօսնակ»-ը վերջին տասը տարիներուն ո՛չ միայն պաշտօնաթերթն է ՀԲԸ Միութեան, այլեւ ան պաշտօնաթերթն է Սփիւռքի Նախարարութեան, որովհետեւ անոր էջերը մեծաւ մասամբ տրամադրուած են Հայաստանին եւ Արցախին», հաղորդակից դարձնելով իր ընթերցողը ազատագրական պայքարներու լրատուութեան, դարձած իրապէս բազկերակը ժողովուրդին ու պատկանած հաւաքականութեան:
Պարտք կը զգանք արձանագրել հոս, որ Սփիւռքի նախարար Տիկին Յակոբեանի խօսքերը շատ յաճախ ընդհատուեցան ներկաներու կողմէ, որոնք հաճութեամբ ու ոգեւորութեամբ կը ծափէին Տիկին նախարարը, բարձր գնահատելով անոր հայրենասիրական արի կեցուածքը եւ անխախտ հաւատքը դէպի Հայաստան եւ հայ ժողովուրդ:
Իր խօսքի վերջին բաժնին մէջ նախարար Յակոբեան կարեւորեց 2018 թուականը, զայն անուանելով հանգրուանային ու յոբելենական ըսաւ. « 2018 թուականը կը զուգադիպի Մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100 ամեակներուն, ներշնչելով մեզի ուրախութիւն եւ հոգեկան անսահման գոհունակութիւն, զորս պիտի նշենք համազգայնօրէն՝ ամբողջ աշխարհով՝ ցոյց տալու մեր տեղը քաղաքակիրթ ազգերու ընտանիքին մէջ»: Ան ըսաւ նաեւ. «Այս տարի յոբելենական տարի է նաեւ մայրաքաղաք Երեւանի, մեր մայրաքաղաքը կը դառնայ 2800 տարեկան, ուստի կը պահանջուի սփիւռքահայ զանգուածներէն յիշատակել այս երեք յոբելեանները հանգամանօրէն, խանդավառելու համար գալիք սերունդները, անոնց հոգիներուն մէջ ցանելու համար հայրենասիրական հուր, զանոնք շաղկապելու համար Մայր Հայրենիքի հետ»:
Տիկին Յակոբեան այս առթիւ կոչ ըրաւ սփիւռքահայ զանգուածներուն, մասնաւորաբար լիբանանահայերուն այցելել Հայաստան, շփուիլ հայրենի ժողովուրդի հետ, շփուիլ երիտասարդութեան հետ, նամանաւանդ սփիւռքահայ Նոր Սերունդը հրահրել ու քաջալերել, որպէսզի այցելեն իրենց պապերուն հայրենիքը եւ օր մըն ալ մտածեն հայրենադարձութեան մասին, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին 2040 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը չորս միլիոնի բարձրացնելու տիրական կոչը իրագործուի ու մենք դառնանք աւելի հզօր՝ բանակով ու ժողովուրդով:
Տիկին նախարարը աւարտելէ ետք իր հայահունչ, հրահունչ ու հրաշունչ պատգամը նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց «ԽՕՍՆԱԿ»-ին՝ յաւելելով, թէ հակառակ անոր որ ան այսօր 60 տարեկան է, սակայն իր բովանդակութեամբ, իր ոճով, իր առաքելութեամբ, իր գործունէութեամբ, նամանաւանդ իր խմբագիրին խիզախ ու հայրենասէր քաղաքականութեամբ ան երիտասարդ է, աշխոյժ, խանդավառ ու բոցաշունչ, շարունակելու եւ հասնելու 80-ամեակներու եւ 100-ամեակներու:
Աւելի ուշ, Տիկին Յակոբեան հրաւիրեց «Խօսնակ»-ի նախկին խմբագիրներ՝ Պ. Աղպաշեանն ու Ա. Սեփեթճեանը եւ այժմու խմբագիր Հ. Մարտիրոսեանը եւ անոնց լամբակները զարդարեց յուշամետալներով, ներկաներու ծափերուն ներքեւ:
Նոյն օրը, «Խօսնակ»-ի խմբագրութիւնը եւս որոշած ըլլալով թերթի խումբ մը աշխատակիցներն ու Միութենական վաստակաւորները պարգեւատրել յուշատախտակներով, Տիկին Յակոբեանն ու խմբագիր Մարտիրոսեան ՀԲԸՄ-ի «Պատուոգրեր» յանձնեցին զոյգ խմբագիրներուն, ինչպէս նաեւ յուշավահանակներ աշխատակիցներ՝ Անժէլ Միսիսեանին, Պայծիկ Գալայճեանին, Օհան Պոտրումեանին, Համօ Մոսկոֆեանին, Գէորգ Սանթուրեանին, Մակի Հալաճեանին, Թագուհի Լեփեճեանին, Վազգէն Մուղալեանին, Անի Թարխանեանին, Տրդատ Աւետիքեանին եւ Կարօ Գուտուզեանին:
Յուշանուէրներու յանձման արարողութենէն ետք, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեան Տիկին նախարարին նուիրեց ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի անունով Յոբելենական մասնայատուկ յուշանուէր, որուն վրայ յարդարուած էին Լիբանանի ու Հայաստանի դրօշակները եւ Միութեան երախտագիտութեան խօսքը:
Երեկոյեան աւարտին, Շրջանակային Յանձնաժողովի Գործադիր Տնօրէն Անիթա Լիպիար հրաւիրեց ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանը, որպէսզի ՀԲԸՄ-ի յատուկ յուշավահանակով պարգեւատրէ խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանը իր երկար տարիներու ծառայութեան համար: Հուսկ ապա, խմբագիր Մարտիրոսեան «Խօսնակ»-ի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. ին, Հայ կաթողիկէ կաթ.-պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի.-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական համայնքի նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին, Լիբանանի Առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին՝ իրենց օրհնութեան գիրերուն համար, ՀԲԸՄ-ի նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանին, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովին, Յանձնաժողովի ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չէրչեանին, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Գրասենեակներու պաշտօնէութեանց, ՀԲԸՄ-ի Հալէպի Շրջանակային Յանձնաժողովին, Լիբանանահայ լրատու օրկաններ՝ «Ազդակ»-ին, «Արարատ»-ին եւ «Զարթօնք»-ին՝ իրենց ողջոյնի խօսքերուն համար, ինչպէս նաեւ բոլոր այն մտաւորականներուն, որոնք փութացուցեր էին իրենց սրտի խօսքերը եւ նաեւ «Խօսնակ»-ի Յոբելենական հանդիսութեան սատար հանդիսացող իւրաքանչիւր ազնիւ մարդու:
Երեկոյեան պաշտօնական աւարտին յաջորդեց Յոբելենական կարկանդակին հատումը, որուն մասնակցեցաւ նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեան, ՀԲԸՄ-ի Շրջ. Յանձնաժողովի ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չէրչեան եւ բոլոր պարգեւատրեալները:
«ԽՕՍՆԱԿ« ԼՐԱՏՈՒ