Այսօր՝ Մարտ 8-ի ժամը 15:00-ին, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ (Ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահ) պիտի բացուի ֆրանսաբնակ հայ արուեստագէտներ Գէորգ եւ Վարդան Թառլոյեաններու «Պատրանք եւ իրականութիւն» խորագիրը կրող ցուցադրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը։
Պիտի ցուցադրուին Թառլոյեան եղբայրներու ձեւաւորած հագուստները. ցուցադրութիւնը պիտի ուղեկցուի արական սեռի հայ լաւագոյն երաժիշտներու կատարումներով:
ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպած այս ցուցադրութիւնը իր տեսակին մէջ աննախադէպ է Հայաստանի մէջ եւ ունի ինչպէս գեղագիտական, այնպէս ալ կիրառական լայն հնարաւորութիւններ:
Ցուցադրութիւնը լայն հանրութեան համար պիտի գործէ Մարտ 9-Ապրիլ 7: