Զրուցեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Հայ մամուլի աննկուն յարակայութիւնն ու գոյատեւումը մերօրեայ հայեցակէտով, ի՜նչ թաքցնենք, տարակուսելի կը թուի՝ ի մտի ունենալով մամուլի առջեւ ծառացած նիւթական անդիմադրելի դժուարութիւններն ու իրարայաջորդ մարտահրաւէրները եւ գլխաւորաբար ընթերցողներու զգալի նուազումը, որոնք անկումային վիճակի մէջ կը դնեն այսօրուան հայ թերթը: Սակայն տիտանային բացառութիւնները միշտ ալ կու գան զարմացնելու մեզ բոլորիս: Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ժամանակ» հասարակական-քաղաքական ու գրական ամենաերկարակեաց օրաթերթը այդ բացառութիւններու պարագլուխն է, որ այս տարի բոլորեց իր հիմնադրութեան 110-ամեակը: Օրաթերթի հիմը դրած են Միսաք եւ Սարգիս Քոչունեանները 28 Հոկտեմբեր 1908-ին Պոլսոյ մէջ, որոնց տքնաջան ու հետեւողական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ լաւագոյնին հասնելու միահամուռ միտումը երաշխաւորած են օրաթերթի յարաճուն գնացքը: Վերջին 25 տարիներուն օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրն է Սարգիս Քոչունեանի ծոռը՝ Արա Քոչունեանը, որ մի քանի օրուան համար Լիբանան ժամանեց ներկայ գտնուելու 110-ամեակի առիթով կազմակերպուած միջոցառումներուն: Իր տեսակցութիւններու ծիրէն ներս Ուրբաթ, 2 Մարտ 2018-ին այցելեց նաեւ «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրատուն, որուն հետ ունեցանք շահեկան հարցազրոյց մը, զոր կը դնենք մեր ընթեցողներու տրամադրութեան տակ:
– Պարո՛ն Քոչունեան, առաջին հերթին պատմական ակնարկ մը նետենք «Ժամանակ» օրաթերթի 110 բեղմնաւոր տարիներուն: Ի՞նչ փուլերէ անցած է անիկա: Ի՞նչ է անոր հիմնական առանձնայատկութիւնը: Խնդրեմ, կրնա՞ք անդրադառնալ անոնց:
– «Ժամանակ» օրաթերթը հիմնուած է Պոլիս 28 Հոկտեմբեր 1908 թուականին Միսաք եւ Սարգիս Քոչունեաններու կողմէ: Մ. Քոչունեանը իր ժամանակաշրջանի առաջատար մտաւորականներէն մէկը եղած է: Ի միջի այլոց, նշեմ, որ ես Ս. Քոչունեանի ծոռն եմ, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գովազդային առաջին գործակալութեան հիմնադիրներէն է: Այսպէս, երկու եղբայր հիմը դրին օրաթերթին, մէկը՝ աւելի խմբագրական գործի յանձնառութեամբ, միւսը, այսպէս ըսած, իր փորձառութեան համեմատ վարչական եւ ելմտական ու, ըստ երեւոյթին, ամուր հիմքեր դրին, որոնց վրայ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ օրաթերթը կրցաւ անխափան գոյատեւել: 1908-ին «Ժամանակ»-ի հիմնադրութիւնը զուգադիպեցաւ Օսմանեան Բ. Սահմանադրութեան հռչակումին յաջորդող 3-4 ամիսներուն, երբ այդ յարաբերական ազատութեան մթնոլորտին մէջ լոյս աշխարհ եկաւ թերթը: Պարզ է, որ այդ անկաշկանդ միջավայրը երկրի փոքրամասնութիւններուն եւ հայերուն ապահովապէս լաւատեսութիւն ներշնչեց՝ ուղի հարթելով նոր գաղափարներու, նոր յոյսերու եւ նոր ակնկալութիւններու եւ այնուհետ հանդիսանալով այդ չակերտեալ «նորերուն» իր ժամանակաշրջանի դրօշակակիրներէն մէկը: Մ. Քոչունեանը իր հեղինակութեամբ եւ թերթին տուած բնորոշ դիմագիծով յաջողեցաւ այդ շրջանի մտաւորականութիւնը համախմբել «Ժամանակ» օրաթերթին շուրջ: Շատ կարճ ժամանակի ընթացքին թերթի տպաքանակը հասաւ 15000-ի, ինչ որ հայ մամուլի պատմութեան մէջ մրցանիշ մըն է: Արեւմուտքէն մինչեւ Պալքաններ, Արեւելքէն մինչեւ Կովկաս եւ Եգիպտոս ձգուած տարածաշրջանի մէջ թերթը օրն ի բուն կը հասնէր իր ընթերցողներուն:
Վրայ հասաւ 1915-ի Եղեռնը: Ցաւալիօրէն այդ օրերուն մեր թերթի աշխատակիցներէն շատերը զոհ գացին: Այդ իմաստով «Ժամանակ»-ը վերապրած թերթ մը կը նկատուի, բայց բարեբախտաբար անոր հրատարակութիւնը չխաթարուեցաւ եւ առանց ընդմիջումներու մենք կրցանք հասնիլ մինչեւ այս օրերը: «Ժամանակ»-ի առանցքային առանձնայատկութեան հաւաստիքը այդ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ աներերութեան ու դիմացկունութեան եզակի երեւոյթն էր: Բացի այդ, Թուրքիոյ տարածքին եւ հայկական աշխարհին մէջ փոքրամասնական հնագոյն թերթը կը համարուի, որ, այսպէս կոչուած, «եռեակ երիցութեան» հանգամանք մը միացուցած է իր մէջ: Անշուշտ, թերթի մը երթը խորապէս ընկալելու համար բաւականաչափ չէ միայն բոլորած տարիները հաշուի առնել: «Ժամանակ»-ի հիմնական դիմագիծը պայմանաւորող պայմաններէն մին այն է, որ թերթը իր գոյացումէն ի վեր եղած է բոլորովին անկախ լրատուամիջոց մը. այսինքն՝ հովանաւոր մը չէ ունեցած եւ իր ընթերցողներու յենարանով անյողդողդ պահած է իր լինելիութիւնը: Կարեւոր է հոս փակագիծ մը բանալ ու անյապաղ ըսել, որ «Ժամանակ»-ի հիմնադրութեան տարիներուն հայերէն թերթի մը լոյս ընծայումը ամենեւին չէր նշանակեր փոքրամասնական թերթի մը հրատարակութիւնը: Հայերը այնքան ստուար ներկայութիւն ունէին կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, որ հայերէն թերթի մը հրատարակութիւնը ուղղակիօրէն կը նշանակեր Օսմանեան կայսրութեան լայն հասարակութեան միտքի ձեւաւորման աշխատանքի ներդրումը: Շուտով այդ հանգամանքը ստուերի տակ մնաց որոշ չափով, որովհետեւ հանրապետութեան ստեղծումով դարձաւ փոքրամասնական օրաթերթ: Ի հարկէ, այս բոլորը անցումային շրջաններ եւ գործընթացներ ունեցան, թէեւ, բնական է, մէկ օրէն միւսը կտրուկ փոփոխութիւններ չեղան, բայց ժամանակի ընթացքին քիչ առ քիչ ընդունեց այդ յստակ ձեւակերպումը: Իսկ այսօր այս համաշխարհայնացուած դարաշրջանին «Ժամանակ»-ը ունի իր կայքէջը, որով բաց է ամբողջ աշխարհին եւ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ է իր ընթերցողներուն հետ: Փոքրամասնութեան թերթ ըլլալու կամ չըլլալու պարագային ես հիմնովին մտադիր չէի բաղդատութեան եզրեր դնել եւ ըսել, թէ ո՛րը աւելի կամ նուազ կարեւոր է, պարզապէս այդ հանգամանքը թերթի ծաւալած գործունէութեան տարբեր երանգաւորումներ կը բերէ: Ինչ լսարանի որ խօսի թերթը, փաստօրէն անոր համապատասխան արտադրութիւն մը կը պատրաստէ: Եւ ներկայիս թերթի հիմնական կիզակէտը թրքահայ համայնքն է, հետեւաբար անիկա թրքահայութեան կեանքը ամենալայն եւ տարողունակ իմաստով լուսաբանող լրատուամիջոց մը կը նկատուի, շատ յաճախ յղումներ կը կատարէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ նիւթերու շուրջ: Մենք կը փորձենք 1908 թուականի միջավայրին նման նոր եւ թարմ ակնկալութիւններ ու յոյսեր դնել, որպէսզի այդ նոր սպասումներուն եւ մօտեցումներուն ի խնդիր՝ կարենանք «Ժամանակ» օրաթերթի աշխատանքը կենսունակ պահել:
– Գիտենք, որ 19-րդ դարուն խիստ գրաքննութիւն կար Թուրքիոյ մէջ: Ներկայիս ի՞նչ ձեւ առած է անիկա: Եւ արդեօք «Ժամանակ» օրաթերթը ինչպիսի՞ դիրքորոշում կը դրսեւորէ անոր նկատմամբ:
– Գրաքննութիւնը լրագրողի մը պարագային կամ հասարակութեան մը յատուկ պատգամ ունեցող անհատականութեան համար չափազանց նուրբ նիւթ մըն է: Անմիջապէս ըսեմ, որ մենք Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս գրաքննութիւն չունինք, ես անձնապէս հոգեբանական նիւթ կը նկատեմ զայն: Յիրաւի, գրաքննութեան խնդիրը յաճախ նաեւ կ’առնչուի ինքնագրաքննութեան հետ: Հիմնականին մէջ այդպէս զուտ քաղաքական շեշտադրումով կամ լոզունքով պէտք չէ ըմբռնել. բան մը, որ մեզ կրնայ մակերեսայնութեան տանիլ: Ըստ իս՝ գրաքննութիւնը իւրաքանչիւր արտադրողի համար ստեղծագործելու պահուն ազատութեան զգացումը հաւասարակշռող կարեւոր գործօն մըն է: Աւելին, գրաքննութիւնը պէտք չէ այն իմաստով ընդունիլ, որ եթէ այս ինչ բանը գրեցիր, պիտի բանտարկուիս կամ տուգանք վճարես: Բնա՛ւ: Անիկա սկզբունք մըն է, որուն դէմ պէտք է մաքառիլ, սկզբունք, զոր պէտք է վանել: Միւս կողմէ ազատութիւնը նպատակասլաց օգտագործելու համար պիտի մտապահես, որ այն ինչ կը գրես, ատիկա քեզ կը վերագրէ հաւաքական պատասխանատուութեան բեռը: Նշեմ, որ թերթի խմբագրութիւնը ստանձնած 25 տարիներուս ընթացքին գրաքննական որեւէ խնդիր չենք ունեցած, քանի որ այդ ժամանակահատուածին Թուրքիան ազատութեան նորագոյն շրջան թեւակոխած էր, ի տարբերութիւն նախորդող տարիներուն, երբ տիրող իրավիճակը առաւել ծանր էր, թէեւ դարձեալ թուղթի վրայ պաշտօնապէս գրաքննութիւն չկար: Իմ շրջանս համեմատաբար աւելի ազատական ժամանակաշրջանի մը զուգադիպած է, ինչը իրաւամբ առաւելութիւն մըն է ինծի, որուն համար ինքզինքս բախտաւոր կը զգամ:
Եզրափակելու համար գրաքննութեան իմ սահմանումս եւ ըմբռնումս, ըսեմ, որ հիմնականին մէջ պէտք է որոշ վերապահութիւն ունենալ, որպէսզի կարենանք առողջ կարծիքներու փոխանակման միջավայր մը ապահովել, քանի որ երբ քու գրածովդ բորբոքումներ յառաջանան հասարակութեան մէջ, այդ «թոյնը» առաջին հերթին քեզ «կը թունաւորէ»: Մարդ պէտք է նախ իր իսկ կեցուածքով երաշխաւորէ իր ազատութիւնը: Ա՛յս է իմ համոզումս:
– Այժմ Լիբանան կը գտնուիք մասնակցելու համար թերթի 110-ամեակի առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներուն: Ի՞նչ ձեռնարկներ տեղի ունեցան: Կրնա՞ք մի քանի խօսք ըսել անոնց մասին:
– Մենք մօտաւոր անցեալին «Ժամանակ» օրաթերթի 100-ամեակը նշեցինք: 100-ամեակին բազմաթիւ ձեռնարկներ տեղի ունեցան Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Մոնրէալի, Փարիզի, Մարսէյլի եւ Գերմանիոյ հայաբնակ երեք քաղաքներուն մէջ: 100-ամեակին բաւական ծաւալուն ծրագիր մը իրականացուցինք Պոլսոյ մէջ, նոյնպէս Հայաստանի մէջ քանի մը փուլերով նշեցինք յոբելեանը: 110-ամեակի պարագային պարզ է, որ նոյն ճոխութեամբ եւ ծաւալով պիտի չնշուի, բայց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ կազմակերպուած միջոցառումը մեզի համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ թերթի 100-ամեակի կապակցութեամբ նախատեսուած ընդգրկուն ծրագիրներուն պատճառով կարելի չէր եղած սփիւռքի աւանդական խարիսխներու թատերաբեմը հանդիսացող Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ձեռնարկ մը կազմակերպել: Բայց եւ այնպէս 110-ամեակին առիթ ներկայացաւ Հայկազեան համալսարանի նախաձեռնութեամբ եւ անոր երդիկին տակ այս ձեռնարկը կազմակերպելու: 110-ամեակի առթիւ մեր ծրագիրները սկիզբ առին Յունուար ամիսը Երեւանի մէջ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ, ուր յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնի շէնքին մէջ: Ամիս մը անցաւ, հիմա արդէն Պէյրութ ենք, բայց նախապէս ծրագրաւորուած յատուկ նախագիծ մը չունինք: Կ’ուզեմ յայտնել, որ Պէյրութ իմ կեցութեանս ընթացքին հնարաւորութիւն ունեցայ այցելելու լիբանանահայ մամուլի խմբագրատուները, ինչպէս նաեւ վարժարաններու ցանցին մասին տարրական պատկերացում մը կազմելու: Կարելիութիւնը տրուեցաւ ինծի ոչ թէ մէկ, այլ հայկական մի քանի վարժարաններ այցելելու: Բացի այդ, ես այցելեցի Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանք, ուր, ի միջի այլոց, գրադարանին, թանգարանին ու մատենադարանին ծանօթանալու եզակի փորձառութեան բերկրանքը ըմբոշխնեցի: Իսկ այս 2-3 օրերուն մի քանի շփումներ եւս նախատեսուած են, ինչպէս նաեւ հարցազրոյցներ՝ հայկական երկու ձայնասփիւռներու հետ՝ Վանա Ձայնի եւ Ռատիօ Սեւանի: Արդարեւ, սփիւռքահայ լրագրողի պարագային, երբ նոր միջավայրի հետ շփում կ’ունենայ, իր հայեացքը ակամայ կ’ուղղուի դէպի տեղւոյն հայկական լրատուամիջոցները: Նկատի ունենալով, որ մեր սփիւռքեան մամուլի ամենաբեղուն արգասիքը Պէյրութն է՝ այստեղ մեր պաշտօնակիցներուն հետ իմ ունեցած հանդիպումներս առաւել խոր նշանակութիւն եւ արժէք ունին ինծի համար, քանի որ լիբանանահայ թերթերու խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն եւ բարեկամներուն հետ առ այսօր սովորաբար Երեւանի մէջ կը տեսակցինք, մինչդեռ այժմ իրենց «դաշտին» վրայ իրենց կատարած գործին ականատես կ’ըլլամ, ինչը բաւական հարստացուցիչ փորձառութիւն մը կը նկատեմ: Թէեւ կարճ այցելութիւն մըն էր, սակայն արդիւնաւէտ էր: Արդէն Կիրակի օր վառ տպաւորութիւններով պիտի վերադառնամ Պոլիս:
– Առաջին անգամն է, որ Լիբանան կ’այցելէք: Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ այս մի քանի օրուան կեցութեան ընթացքին ի՞նչպէս պատկերացաւ ձեզի Պէյրութի գրական կեանքը, հայ մամուլը եւ առհասարակ հայկական միջավայրը:
– Այն ինչ որ այս քանի մը օրերուն ընթացքին կը դիտարկեմ, Պէյրութի մէջ գրական կեանքը Պոլսոյ հետ բաղդատմամբ քիչ մը աւելի աշխոյժ եւ կենսունակ է: Այստեղ ձեր մօտ լեզուի խնդիրը Պոլսոյ նման դեռեւս սուր համեմատութիւններու չէ հասած: Պէյրութ բնակող հայերու հիմնական տոկոսը հայախօս է, գոնէ իրարու հետ որոշ չափով հայերէն լեզուով կը հաղորդակցին: Նոյնիսկ անոնք որոնք կարգին հայերէն չեն գիտեր, հայերէն հրատարակութիւններուն նկատմամբ օտարոտի կամ անհարազատ կեցուածք մը չունին: Պէտք է նշել նաեւ, որ այն ինչ որ նշմարեցի, հայերէնի գործածութեան առումով հնարաւորութիւններու դաշտը աւելի լայն է. այսինքն՝ միայն տպագիր եւ առցանց լրատուամիջոցներ չկան, այլ անոնց առընթեր կան ձայնասփիւռի կայաններ, որոնք իրենց հերթին ձգողականութիւն մը կ’ապահովեն եւ լեզուի գործածութիւնը երաշխաւորող ազդակներ են: Ըստ իս՝ Սփիւռքի մեր կեանքէն ներս Լիբանանը տեսանելի ապագային տակաւին կը շարունակէ իր դերակատարութիւնը ունենալ, որով մեր հաւաքական կեանքի դիմագիծը որոշ չափով կ’ամբողջանայ: Արդարացիօրէն առանցքային է Լիբանանը թէ՛ իր խորհրդանշած աւանդութիւնով եւ թէ՛ այսօր իր մարմաւորած արժէքներով, եւ ես լիովին կը հաւատամ, որ մենք կ’ունենանք նոր սերունդէ պայծառ դէմքեր, որոնք յետագային իրենց նշանակալի աւանդը կ’ունենան մեր մշակոյթի զարգացման գործին մէջ:
-Պարո՛ն Քոչունեան, մեր հարցազրոյցի աւարտին ի՞նչ կ’ուզէք մաղթել մեր հայրենիքին եւ բովանդակ հայութեան:
– Իմ հիմնական մաղթանքը այն է, որ մենք՝ որպէս հայկական լրատուամիջոցներու ծառայող մարդիկ, միշտ կարենանք աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ իրարմէ հեռու ապրող մեր ժողովուրդի հաւաքականութեան մասին լաւ ու դրական լուրեր հաղորդել եւ անոնցմով ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծել մեր շուրջ, ինչպէս նաեւ իրար ձեռքբերումներով հպարտանանք եւ այդ բոլորով մեր հայկական ինքնութեան մէջ ամրապնդուինք: Նաեւ իմ մաղթանքս այն է, որ ապագային ունենանք այսօրուան բաղդատմամբ շատ աւելի զարգացած եւ զօրեղ Հայաստան մը եւ մեր պետականութիւնն ալ կարենայ համայն աշխարհի հայութիւնը հնարաւորինս համախմբել ու միաւորել: