Պուխարեստի Սուրբ Հրեշտակապետաց հայկական մայր եկեղեցւոյ մէջ Մարտ 4-ին Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի հանդիսապետութեամբ, ի յիշատակ Սումգայիթեան կոտորածներու անմեղ նահատակներուն, մատուցուած է Սուրբ Պատարագ եւ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան եւ Ռումանահայոց թեմի կողմէ ծաղկեպսակներ տեղադրուած են եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնեցուած խաչքարին:
Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը:
Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սերկէյ Մինասեան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ 30 տարի առաջ` 1988-ի Փետրուար վերջին օրերուն, ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան` Ատրպէյճանի կազմէն դուրս գալու ցանկութեան, որ կ’արտայայտուէր խաղաղ ցոյցերով, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները արձագանգեցին Սումգայիթի եւ Ազրպէյճանի հայաշատ քաղաքներու մէջ բնակող խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ կազմակերպուած կոտորածներով ու բռնութիւններով:
Դեսպանը նաեւ աւելցուցած է, որ այդ ողբերգալի իրադարձութիւնները 30 տարի անց միահամուռ եւ կոշտ դատապարտման չարժանացան միջազգային հանրութեան կողմէ, իսկ վայրագութիւններու կազմակերպիչներն ու կատարողներն այդպէս ալ մնացին անպատիժ, որն ալ ծնունդ տուաւ հայ ժողովուրդի դէմ գործուած նոր յանցանքներու․ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած պատերազմ, որմէ ազատատենչ Արցախը դուրս եկաւ յաղթանակած` կերտելով իր անկախութիւնը: