Շաբաթ, 24. 05. 2025

spot_img

Մատենադարանի Տնօրէն Ընտրուեցաւ Վահան Տէր Ղեւոնդեանը

«Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկ» հիմնադրամի տնօրէն ընտրուեցաւ Վահան Տէր Ղեւոնդեանը:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի` Մարտ 6-ին «Մատենադարան» հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկ» հիմնադրամի գիտական մասնաշէնքին մէջ կայացած հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին վերջին շրջանին Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեան տնօրէն ընտրուեցաւ միաձայն` 19 կողմ ձայնով:

«Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը յայտարարած էր բաց մրցոյթ տնօրէնի թափուր պաշտօնը զբաղեցնելու համար: Մրցոյթին դիմումներն ու փաստաթուղթերը անհրաժեշտ էր ներկայացնել մինչեւ 2018 թուականի Փետրուար 23-ը: Պաշտօնը զբաղեցնելու համար դիմած էր միայն Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին