Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Եմէնի Քաղաքացիներուն Հայաստան Մուտքը Պիտի Խստացուի

ՀՀ կառավարութիւնը մտադիր է սահմանափակումներ մտցնել Եմէնի քաղաքացիներուն ՀՀ մուտքի արտօնագիրի տրամադրման գործընթացին մէջ: Համապատասխան որոշման նախագիծը ընդգրկուած է գործադիրի Մարտ 6-ի նիստի օրակարգին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «PanArmenian.net»-ը։

Հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ որոշման ընդունման անհրաժեշտութիւնը կապուած է վերջին տասնամեակին Եմէնի մէջ ներքաղաքական իրավիճակի լարուածութեամբ: Որոշման նախագիծին նպատակն է ներկայ պայմաններուն մէջ հնարաւորինս սահմանափակել Եմէնի քաղաքացիներուն եւ ճամբորդական փաստաթուղթեր ունեցող անձերուն մուտքը Հայաստան:

Նախագիծը մշակած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Եմէնի մէջ 2014-ի ներքաղաքական լարուածութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին: Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած միջազգային համախառն կառավարութիւնը առ այսօր ռազմական գործողութիւններ կը վարէ երկրի մեծ մասը վերահսկող շիա հուսիթներու դէմ: Բախումները սկսան, երբ հուսիթները գրոհեցին Ատէն հարաւային քաղաքը եւ ստիպեցին Եմէնի նախագահ Ապտ Ռապպ Մանսուր Հատիին փախչելու երկրէն: Հատին հրաժարական տուաւ 2015 Յունուարին, երբ հուսիթները իրենց հսկողութեան տակ առին Սանայի մեծ մասը:

Աւելի ուշ նախագահը փախաւ հայրենի Ատէն, ուր զօրք հաւաքեց ու յայտարարեց, որ չեղեալ կը յայտարարէ իշխանութենէն իր հեռանալը: Սակայն առաջին իսկ մարտերուն Հատիի կողմնակիցները պարտուեցան ու ապստամբները լայնածաւալ յարձակում սկսան:

Իրավիճակի կտրուկ վատթարացում կը սպասուի նաեւ ներքաղաքական անհամաձայնութիւններու ներքոյ 2017 Դեկտեմբեր 2-ին Եմէնի նախկին նախագահ Ալի Ապտալլահ Սալեհի սպանութենէն ետք: Հնարաւոր են նոր բախումներ, զինուած ընդհարումներ»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին