Շուրջ երկու տարի առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «The Armenian Church» (Հայ Եկեղեցին) անգլերէն լեզուով գրուած գիրքին ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ արաբերէն թարգմանական աշխատանքները ամբողջացան։ Վերջին օրերուն ընթացքին Ժընեւի մէջ Վեհափառ Հայրապետը անձնապէս հետեւեցաւ յիշեալ գիրքին ֆրանսերէն ու գերմաներէն թարգմանութեան աշխատանքներուն։
Յայտնենք, որ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը կատարուեցաւ Պէաթրիս Պէնկթըսոնի (Ֆրանսա) կողմէ, որ, աստուածաբանութիւն ուսանած ըլլալով, փորձառութիւն ունի նման գիրքերու թարգմանութեան։ Գերմաներէն թարգմանութիւնը կատարուեցաւ Ռէնաթէ Սպեկհէնի (Գերմանիա) կողմէ, որ դարձեալ ծանօթութիւն ու փորձառութիւն ունի նման աշխատանքներու մէջ։ Արաբերէն թարգմանութիւնը կատարուեցաւ Հուրի Ազէզեանի (Սուրիա) կողմէ, որ մասնագէտ է արաբերէն լեզուի եւ կրօնագիտական լայն ծանօթութիւններ ունի։
Վերոնշեալ թարգմանութիւնները շուտով պիտի հրատարակուին։ Յայտնենք նաեւ, որ Նորին Սրբութեան նոյն գիրքը նաեւ պիտի թարգմանուի այլ լեզուներու։