Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Թրքական Մամուլի Մէջ Աշխուժօրէն Տարածուած է Հայաստանի Հետ Սահմանի Պահպանութեան Մասին Հրապարակումը

Թրքական լրատուական կայքերը, յատկապէս իշխանական, (TRThaber.com, sabah.com.tr, haberturk.com, aksam.com.tr) աշխուժօրէն տարածուած են հայ-թրքական սահմանի Կարսի հատուածին տեղակայուած Մուսթաֆա Քոչաք սահմանային զօրամասի վերաբերեալ պատրաստուած հրապարակումը: Ըստ «Ermenihaber.am»-ի՝ թրքական «Ihlas» լրատուական գործակալութեան կողմէ պատրաստուած հրապարակումը, որուն կցուած է նաեւ տեսանիւթ, կ’անդրադառնայ հայ-թրքական սահմանի` Կարսին յարակից հատուածին վրայ իրականացուող հերթապահութեան: Հրապարակումին մէջ կը տեղեկացուի, որ հայ-թրքական սահմանը կը հսկուի սովորական ու ջերմային տեսախցիկներով, ինչպէս նաեւ զինուորները կ’օգտագործեն գիշերային տեսանելիութեան սարքեր:

«Աշտարակներու վրայ հերթապահութիւն իրականացնող զինուորներն ալ մատները զէնքի ձգանին պահած կը հետեւին, որպէսզի անհրաժեշտ պահի միջամտեն սահմանը խախտելու դէպքերը»,- գրած է Թուրքիոյ հեռուստառատիոընկերութեան լրատուական կայքը (TRThaber.com):

Հրապարակման մէջ կը խօսուի նաեւ լրատուական գործակալութեան զօրամաս կատարած այցին օրը տեղի ունեցած սահմանային միջադէպին մասին, որուն ժամանակ «սահմանապահ զինուորները ակնթարթային միջամտութիւն ցուցաբերած են»: Սահմանախախտը եղած է Կարսի շրջանի գիւղերէն մէկուն բնակիչը, որ անյայտ պատճառներով յայտնուած է սահմանային արգիլուած գօտիին մէջ:

«24 ժամ տեսախցիկներով սահմանը վերահսկող զինուորները անմիջապէս նկատած են գիւղացին ու արագ մեկնելով սահմանային տուեալ հատուած, տեղափոխած են վերջինը այլ տեղ»,- կը գրէ պետական լրատուամիջոցը` աւելցնելով, որ անկէ ետք սահմանապահ զինուորները մանրակրկիտ ստուգած են սահմանի մօտ 10 քիլոմեթրնոց հատուածն ու վերադարձած զօրանոց:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին