Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Ազրպէյճանա-Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Կարգաւորման Իրաւական Երեւոյթներուն Վերաբերեալ Քննարկումներ Պրիւքսէլի Մէջ

Աշխատանքային այցով Պրիւքսէլ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան Փետրուար 26-ին եւ 27-ին մասնակցած է Եւրոպական քաղաքականութեան հետազօտութիւններու կեդրոնին (CEPS) մէջ կայացած փակ քննարկման, որ նուիրուած էր ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման իրաւական երեւոյթներուն: Այս մասին նշուած է Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան երէկ տարածած յայտարարութեան մէջ:

Քննարկման մասնակցած են միջազգային իրաւունքի առաջատար մասնագէտներ, քաղաքական վերլուծաբաններ, դիւանագէտներ:

Քննարկման արդիւնքները ամփոփուած են Փետրուար 27-ին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած կլոր սեղանին ժամանակ, որուն ընթացքին Արմինէ Ալեքսանեան ներկայացուցած է Արցախի դիրքորոշումը` հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առնչուող շարք մը հարցերու շուրջ: Քննարկման մասնակցած են Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ, ԵՄ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ՀՀ դիւանագէտներ, գիտահետազօտական կեդրոններու փորձագէտներ:

Ելոյթով հանդէս եկած է նաեւ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հանրային խորհուրդի աւագ վերլուծաբան Արտակ Բեգլարեան:

Քննարկումները կազմակերպուած էին Արդարադատութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական կեդրոնի եւ Թուֆենկեան հիմնադրամի համատեղ ջանքերով` Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին աջակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին