Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Մրցոյթ՝ Օտարերկրեայ Համալսարաններու Մէջ Ուսանելու Համար

ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը (ԿԳՆ) մրցոյթ կը յայտարարէ 2018-2019 ուսումնական տարուան համար Չինաստանի, Վրաստանի, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Լեհաստանի եւ Յորդանանի մէջ ուսանելու համար, կը հաղորդէ «Մեդիամասքս»-ը:

ԿԳ նախարարութենէն կը նշեն, որ միջպետական համաձայնագիրերու ծիրէն ներս Չինաստանի մէջ բարձրագոյն եւ յետհամալսարանական կրթութիւն ստանալու համար յատկացոած է 10 կրթաթոշակային տեղ:

Վրաստանի մէջ մագիստրոսական կրթութեան համար յատկացուած է 10 տեղ, Պուլկարիոյ մէջ` 4 (2 տեղ` պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեան, 2 տեղ` մագիստրոսական), Լեհաստանի մէջ (բացառութեամբ` բժշկութեան եւ արուեստի մասնագիտութիւններու)՝ 6 կրթաթոշակային տեղ (4 տեղ` պսակաւոր գիտութեան եւ մագիստրոսական, 2 տեղ` PHD), Ռումանիոյ մէջ` 8 տեղ, որմէ 3-ը` պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեան, 3-ը` մագիստրոսական եւ 2-ը` դոկտորական:

Յորդանանի մէջ բարձրագոյն կրթութեան համար 25 կրթաթոշակային տեղ յատկացուած է:

Փաստաթուղթերը կ’ընդունուին Փետրուար 27-էն մինչեւ Մարտ 12 ներառեալ:

Մրցոյթին մասնակցիլ ցանկացողները փաստաթուղթերը կրնան ներկայացնել ՀՀ ԿԳՆ աշխատակազմի արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութիւն/արտաքին կապերու բաժին, (հասցէն` ք. Երեւան, Վ. Սարգսեան 3, Կառավարական տուն 2, 311 եւ 313 սենեակներ,  հեռ. +37410-58-04-03; +374 10-56-23-64):

Քննութիւնները տեղի պիտի ունենան Մարտ 14-21, Երեւանի Խաչիկ Դաշտենցի անուան թիւ 114 աւագ դպրոցին մէջ:

Մրցոյթը պիտի կազմակերպուի երկու փուլով` մասնագիտական քննութիւն եւ հարցազրոյց:

Միջազգային համաձայնագիրերու հիման վրայ օտարերկրեայ պետութեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն ՀՀ ԿԳՆ-ի կողմէ գործուղուող քաղաքացիներուն պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչէն տարկէտում չի տրամադրուիր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին