*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Տարօրինակ Կատուներ . . .
Ամերիկեան ընտանիքներէն ներս կատուներու որդեգրումը որպէս ընտանի կենդանի, երկրորդ կարգի կու գայ՝ շուներէն ետք։ Կ’ըսեն, թէ շուները հաւատարիմ կ’ըլլան, իսկ կատուները՝ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ յատկութիւն ունին, գրաւել կարենալու իրենց տէրերու ուշադրութիւնն ու հոգատարութիւնը։ Թերեւս հետեւեալ դրուագները փարատեն կատուներու հանդէպ ունեցած թերահաւատութիւնս։
Առաջին։ Օրեկոն նահանգի Փորթլընտ քաղաքի բնակիչներէն Ճէսի Տօրսէթ ունի երեք կատուներ՝ Փիքսի, Տիքսի եւ Միսթըր Ճինքս։ Այդ կատուներուն նախասիրած զբաղումն է պտոյտի երթալ, նստած ինքնաշարժի առաջամասի տանիքին (hood) վրայ։
Անշո՛ւշտ, ինքնաշարժը շատ հեռու տեղ չ’երթար եւ անոր արագութիւնը ժամական միայն հինգ մղոն է, որպէսզի կենդանիին անվտանգութիւնը ապահովէ։ Նկարին մէջ երեւցողը Փիքսին է եւ, ինչպէս կը տեսնէք, ան կը վայելէ իր սխրագործութիւնը եւ ուշի-ուշով կը դիտէ իր չորս կողմի անցուդարձերը . . .
Երկրորդ։ Այս կատուն ալ կը սիրէ ձիավարութիւնը։ Արդարեւ, Էմմա Մէսինկէյլ անունով մանկամարդուհի մը՝ Անգլիոյ Տէվըն քաղաքէն, ունի հինգ տարեկան ձի մը Քոմէթ անունով եւ վեց տարեկան կատու մը Լուիզ անունով։
Այս մեր կատուն կը սիրէ ման գալ ձիուն վրայ հեծած (տես նկարը) եւ ձին ալ կարծես հոգ չ’ըներ, թէ ո՛վ է իր քամակին վրայ նստող արարածը։ Ինծի կը թուի, թէ ձին գիտէ, թէ ո՛ւր կ’երթայ եւ գիտէ նաեւ տուն վերադարձի ճամբան, այլապէս այս սխրագործութիւնը պիտի չկրկնուէր, չէ՞։
Հաւանաբար կատուներուն արկածախնդրութեան ոգի ունենալն է, որ մարդիկ կը հրապուրուին անոնցմով եւ կ’որդեգրեն զանոնք որպէս ընտանի կենդանիներ, չէ՞ք խորհիր: Այս է վերոյիշեալ իմ հարցումիս պատասխանը, թէ կատուն ի՛նչ յատկութիւն ունի, որ կարենայ որդեգրուիլ։
Տարիքոտ Մարդու մը Անսովոր Զբաղումը . . .
Այս պատմութիւնը կու գայ մեզի Գոլորատօ նահանգի Իթըն քաղաքէն, ուր 87 տարեկան Լի Մէքսուէլ (տես նկարը) կը բնակի իր տիկնոջ՝ Պարպարայի հետ։ Ան ելեկտրական երկրաչափութեան դասախօս (electrical engineering professor) էր։
Ուրեմն երբ հանգստեան կը կոչուի, կ’որոշէ տիկնոջ հետ ման գալ ամերիկայի մէկ ծայրէն միւսը։ Անոնք կը ճամբորդեն իրենց շարժուն բնակարանին (motor home) մէջ: Երբ Այոուա (Iowa) նահանգը կը հասնին, կը տեսնեն (Maytag) տեսակի լուացքի մեքենայ մը, որ աճուրդով կը ծախուէր ագարակի մը մէջ։
Անոնք կը գնեն այդ մեքենան եւ երբ իրենց ճամբորդութեան աւարտին կը հասնին տուն, արդեն ունէին երկոտասան մը մեքենաներ, որոնց նորոգութեամբ պիտի զբաղէր մեր հանգստեան կոչուած երկրաչափը՝ շաբաթը եօթը օր աշխատելով։
Իսկ հիմա անոնց լուացքի մեքենաներու հաւաքածոն հասած է 1,500-ի, որոնց համար ան ունի երկու հսկայ շտեմարաններ։ Ահաւասիկ այդ շտեմարաններէն մէկուն նկարը . . .
Այժմ Լի Մէքսուէլի մտահոգութիւնը հետեւեալն է՝ ի՞նչ ընել լուացքի այդ մեքենաները, որոնցմէ մին եզակի է իր տեսակին մէջ։ Այսինքն՝ այդ մեքենան նախատիպ մնացած է եւ երբեք չէ արտադրուած շուկայի վրայ վաճառուելու համար։ Ո՞վ գիտէ որքա՜ն սուղ է անոր գինը հիմա՝ նկատի ունենալով, որ ան միակն է իր տեսակին մէջ։
Թերեւս պէտք է ան թանգարանի վերածէ իր երկու շտեմարանները։ Ես վստահ եմ, որ այդ պարագային մարդիկ առ ի հետաքրքրութիւն պիտի այցելեն իր թանգարանը եւ հաւանաբար ալ գնեն անոնցմէ մի քանին, ի յիշատակ անմոռացութեան, չէ՞ք խորհիր… Հոս Ամերիկա է, ամէն բան կրնայ պատահիլ: