Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Պոլսոյ Մէջ Հայկական Եւ Այլալեզու Մամուլը Ներկայացնող Ցուցահանդէս Բացուած Է

Պոլսոյ «Տէփօ» ցուցասրահին մէջ բացուած է «1990-էն մինչեւ այսօր․ Պոլսոյ բազմալեզու մամուլը» խորագիրով նոր ցուցահանդէս: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Պիլկի համալսարանի նախաձեռնութեամբ եւ Պոլսոյ մէջ Շուէտի դեսպանատան, «Anadolu Kültür» մշակութային հիմնադրամի աջակցութեամբ, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը:

 

Ցուցահանդէսին ցուցադրուած են հայկական «Ժամանակ» օրաթերթը, համշէնահայ համայնքին կողմէ հրապարակուող «Գոռ» ամսագիրը, քրտերէն «Roza» ամսագիրը, աւելի քան քառորդ դար գոյութիւն ունեցող քրտական «Nօbihar» ամսագիրը, ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող այլ պարբերականներ:

Ցուցահանդէսի համակարգող, Պիլկի համալսարանի դասախօս Պիւլենթ Պիլմեզ նշած է, որ այս ցուցահանդէսը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի Պոլսոյ այլալեզու մամուլը հանրութեան ներկայացնելու առումով:

Ան ընդգծած է, որ Պոլսոյ մամուլի պատմութիւնը բոլորովին ալ միատարր չէ, ան կը ներառէ նաեւ շարք մը ազգային փոքրամասնութիւններու կողմէ հրատարակուած պարբերականները: Մինչդեռ այսօր շատերը շատ աղօտ պատկերացում ունին Պոլսոյ այլալեզու հրատարակութիւններու մասին:

«Այսօր ցուցահանդէսի այցելուները կ’ըսեն, որ իրենք չէին գիտեր, թէ Պոլսոյ մէջ այսքան ամսագիրներ ու օրաթերթեր հրատարակուած են` այդքան բազմազան լեզուներով: Այսօր անոնք կու գան ցուցահանդէս ու կ’ըսեն` ուրեմն Պոլսոյ մամուլը միագոյն չէ, ան բազմազան է ու բազմերանգ: Անոնք կը տեսնեն որոշ ցուցադրուած օրինակներ ու իրարու կը հարցնեն` սա ի՞նչ է, ի՞նչ լեզուով է: Յետոյ կը պարզեն, որ ատոնք համշեներէն են կամ քրտերէն, հայերէն»,– պատմած է Պիլմեզ:

Նշենք, որ Փետրուար 23-ին բացուած ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Մարտ 18:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին