*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
Բանակցութիւններուն 2018-ին Ճեղքում Տեղի Չ’ունենար.
Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ամփոփած Է 2017 Թուականը Եւ Խօսած 2018-ի Ծրագիրներուն Մասին
Փետրուար 19-ին Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան հանդիպում ունեցած է լրագրողներուն հետ: Ասուլիսի ժամանակ ի մի բերուած են 2017 թուականի արդիւնքները: Արտաքին գործոց նախարարը խօսած է նաեւ 2018-ի առաջնահերթութիւններուն մասին: Առաջնահերթութիւնները, ըստ էութեան, անփոփոխ մնացած են: Նորութիւնները այդ ուղղութիւններով պիտի ըլլան աշխատանքի գործիքակազմի թարմացման տեսքով: Բոլոր փակագիծերը չբանալով՝ Մասիս Մայիլեան, այնուամենայնիւ, լրագրողներուն որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է:
Արցախի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր հատուածը ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած է: Գործընթացին Ստեփանակերտը անուղղակիօրէն կը մասնակցի: Արցախի Արտաքին գործոց նախարարը պաշտօնական դիրքորոշումը կը յիշեցնէ. «Բանակցութիւնները կրնան ըլլալ արդիւնաւէտ, եթէ լիարժէք եւ եռակողմ ըլլան: Միաժամանակ բոլոր փուլերուն Արցախը պէտք է իր մասնակցութիւնը ունենայ»: Կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով: Միջնորդներու հիմնական խնդիրը փոխվստահութեան մթնոլորտի ապահովումն է, որ Ապրիլեան պատերազմէն ետք զէրոյի հասած է:
Փոխվստահութիւնը նաեւ թեքնիկական բաղադրիչներով պիտի ապահովագրուի՝ ի դէմս առաջնագիծին վրայ խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմների ներդրումին, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի ընդլայնման: Կողմերը նման պարտաւորութիւններ ստանձնած են Ապրիլեան պատերազմէն ետք: Պայմանաւորուածութիւնները չեն իրագործուիր Պաքուի դիրքորոշման պատճառով: Սակայն արցախեան կողմը արդէն առաջնագիծի լիարժէք դիտարկման թեքնիկական հնարաւորութիւն ունի եւ պատրաստ է այդ հնարաւորութիւնները նաեւ միջնորդներու համար օգտագործել: «Վերջին այցի ժամանակ ՄԽ համանախագահները այցելած են ՊԲ, հանդիպած ՊՆ-ին ու ծանօթացած են մեր ստեղծած համակարգին: Ապագային, կը կարծեմ, մեր ունեցած հնարաւորութիւնները կրնան մաս կազմել միջազգային վերահսկման մեքանիզմներին»,- կը մանրամասնէ Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան:
Այս փուլին՝ դեռ կայունութեան վերականգնումը մեծ դժուարութեամբ կ’ընթանայ եւ 2018-ին բանակցային գործընթացին մէջ ճեղքում չի կանխատեսեր Մասիս Մայիլեան: Երեւանը գրաւելու իր ռազմավարական ծրագիրին մասին խօսելով՝ Իլհամ Ալիեւ այլընտրանք չի ձգեր: Հետեւութիւնը ոչ միայն Ստեփանակերտը պէտք է ընէ, այլեւ համայն հայութիւնը: «Պէտք է լաւ գիտնանք, որ Արցախի սահմանին վրայ համայն հայութեան գոյութեան իրաւունքը կը պաշտպանենք: Մեր հակառակորդը այդ մէկը չի թաքցներ նոյնիսկ»,- կ’ընդգծէ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարը:
Հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին զուգահեռ՝ նաեւ Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ շարունակուած են Արտաքին գործոց նախարարութեան ջանքերը: 2017-ն ալ այդ առումով ձեռքբերումներ աւելցուց, կը թուարկէ Մասիս Մայիլեան. «Օրինակ ԱՄՆ Միչիգան նահանգը ճանչցած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը՝ դառնալով 8-րդ ԱՄՆ նահանգը: Դեկտեմբերին Աւստրալիոյ Կանաչներու կուսակցութիւնը որոշում ընդունած է եւ Արցախի ճանաչումը ներառած է իր ծրագիրին մէջ»: Այս ուղղութեամբ, յատկապէս Մասիս Մայիլեան մեծապէս կը կարեւորէ նախարարութեան համագործակցութիւնը Սփիւռքի եւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու եւ արտասահմանցի գործընկերներու հետ: 2018-ին պիտի աշխատին ոչ միայն Արցախի եւ այլ պետութիւններու համայնքներուն միջեւ ունեցած բարեկամութեան հռչակագիրերու թիւը աւելցնել, այլեւ արդէն ունեցածները գործնական հարթութիւն տեղափոխել՝ քաղաքականի հետ նաեւ տնտեսական, մշակութային եւ գիտական ոլորտներուն մէջ: Արցախի ներկայացուցչութիւններու լիազօրութիւնները վերանայուած են՝ նոր յանձնարարականին համապատասխան:
Բոլոր ուղղութիւններով՝ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան ջանքերը կը հանդիպին Ազրպէյճանի հակազդեցութեան: Պաքուն ամէն կերպ կ’աշխատի նեղացնել Արցախով հետաքրքրուողներու շրջանակը: 2017-ին ատիկա հակառակ հետեւանքը ունեցած է, կը թուարկէ Մասիս Մայիլեան. «Առաջին անգամ ըլլալով Արցախ ժամանած են խորհրդարանականներու պատուիրակութիւններ Մեքսիկոյէն, Պոլիվիայէն, Փորթուկալէն»: Ընդհանուր առմամբ, 2017-ին մօտ 100 օտարերկրեայ լրագրող այցելած է Արցախ: Իսկ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու թիւը նոյն ժամանակաշրջանին աւելցած է 42 տոկոսով:
Ձախողած Ահաբեկչութիւն
Փետրուար 22-ին Ասկերանի մէջ նշած են քաղաքի Վերածնունդի օրը: Օրուան ընտրութիւնը պատմական արմատներ ունի: 1988 թուականի Փետրուար 20-ին կայացած էր ԼՂԻՄ մարզային խորհուրդի արտահերթ նստաշրջանը՝ ընդունելով Արցախը Հայաստանին միաւորելու մասին պատմական որոշումը: Ազրպէյճանի արձագանգը չուշացաւ: Երկու օր անց, 1988 թուականի Փետրուար 22-ին ազրպէյճանցիներու բազմահազարանոց ամբոխը Աղդամէն կու գայ կը հասնի Ասկերանի մատոյցներուն՝ նպատակ ունենալով այդ ձեւով խեղդել հրապարակային փուլ մտած ղարաբաղեան շարժումը: Ասկերանի մատոյցներէն ետ կը շպրտուին ազրպէյճանցիները. ազդակը, սակայն, առաւել քան թափանցիկ էր. խաղաղ հայերու եւ ազրպէյճանցիներու խաղաղ գոյակցութեան աւարտը մօտ էր, ինքնապաշտպանական ջոկատներու կազմակերպումը դարձաւ օրախնդիր:
Փետրուար 20-էն ետք ալ Ասկերանի մէջ ցոյցերը շարունակուեցան՝ այս անգամ արդէն մարզային խորհուրդի որոշումը յարգելու պահանջներով: Փետրուար 22-ին տեղի կ’ունենար հերթական հանրահաւաքը, երբ լուր հասաւ, որ ազրպէյճանցիներու բազմահազարանոց ամբոխը անցած է Ինքնավար Մարզի սահմանը ու մտած Ասկերանի շրջան եւ արդէն իսկ կը մօտենայ շրջանային կեդրոնի մատոյցներուն: Ասկերանի աքթիվիստները այսօր ալ չեն թաքցներ. կը պատկերացնէին, որ Պաքուն հակաքայլերու կը դիմէ, բայց չէին ուզեր հաւատալ, որ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ կարելի է նման մաշտաբի բացայայտ ահաբեկչութիւն իրականացուիլ: «Այնպէս եղաւ, որ Ասկերանի մէջ հանրահաւաքը արդէն սկսած էր, մարդիկ հաւաքուած էին: Հանրահաւաքէն ալ տղամարդիկ անմիջապէս ուղղուեցան դէպի Ասկերանի մուտքը՝ Աղդամի կողմէն: Աղդամցիներու նպատակը Ասկերանը չէր, այլ Ստեփանակերտը: Ասկերանը աւերելով՝ պիտի միանային Խոջալլուի բնակչութեան, եւս մի քանի հազարով համալրուէին ու մտնէին Ստեփանակերտ»,- կը յիշէ Շարժումի առաջամարտիկներէն Ալիոշա Գաբրիէլեանը, որ այսօր արդէն Արցախի ԱԺ 33 պատգամաւորներէն մէկն է:
Ահաբեկչութիւնը տեղի չունեցաւ ոչ թէ ազրպէյճանցիներու մեծահոգութեան, այլ ասկերանցիներու տոկունութեան շնորհիւ: Ամբոխը Աղդամէն հասաւ Ասկերան, բայց չյաջողեցաւ առաջ երթալ: Անոնց ասկերանցիները կեցուցին: Թէ ամբոխը բարի նպատակներով ու խաղաղ ցոյցի համար չէր գար՝ անվիճելի է: Երկաթէ ձողերու ու քարերու պաշարները, որոնց մէկ մասը անոնք օգտագործեցին ասկերանցիներուն դէմ, իսկ միւս մասն ալ ձգեցին խուճապահար փախուստի ժամանակ, կը յուշէ, որ ամբոխը կու գայ՝ արցախահայութիւնը ահաբեկելու նպատակով, դիտել կու տայ Շարժումի աքթիվիստներէն Սլաւա Առուշանեանը: Մինչեւ Ասկերան հասնիլը ամբոխը ճամբուն վրայ աւերած է այգիները, գիւղատնտեսական նշանակութեան շէնք-շինութիւնները: Ասկերանի մէջ այդ օրը համոզուեցան, որ հասած են ազրպէյճանցիներու հետ խաղաղ գոյակցութեան վերջին օրերը. ինքնապաշտպանական ջոկատներու կազմաւորումը դարձաւ հրամայական պահանջ:
Ազատամարտէն ետք Ասկերանի քաղաքապետարանի որոշումով Փետրուար 22-ն հռչակուեցաւ Ասկերանի վերածնունդի օր: Եւ ամէն տարի ասկերանցիները զայն կը նշեն մեծ ոգեւորութեամբ, նաեւ որպէս նոր սերունդի համար դաս: 30-րդ տարեդարձը նոյնպէս տօնած են առանձնակի ոգեւորութեամբ, շնորհաւորանքներով, պարգեւատրումներով ու վաստակած հպարտութեամբ:
Հեռահար Բժշկութիւնը Ներդրուած Է Ստեփանակերտի Մանկական Հիւանդանոցին Մէջ
Արցախի փոքրիկներուն առողջութեան պահպանման խնդրայարոյց հարցերը արդէն իսկ կը կարգաւորուին նաեւ հայաստանեան եւ արտասահմանցի բարձրակարգ մասնագէտներու մասնակցութեամբ: Հեռահաղորդակցութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց մեր ժամանակաշրջանին մէջ ատիկա հնարաւոր է եւ արդէն շատոնց յաջողութեամբ կը կիրարկուի շատ մը երկիրներու մէջ: Երեւանի «Արաբկիր» բժշկական կեդրոնի աջակցութեամբ՝ հեռահար բժշկութիւնը ներդրուեցաւ նաեւ Ստեփանակերտի «Արեւիկ» մանկական հիւանդանոցին մէջ: Ծրագիրի մեկնարկը յայտարարուեցաւ Փետրուար 23-ին:
Արցախի առողջապահական համակարգը կ’ընդլայնէ ու կը խորացնէ գործընկերային կապերը երեւանեան առաջատար բժշկական կեդրոններու հետ: Հերթական պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէ «Արաբկիր» բժշկական յամալիրը՝ հաստատութեան գործադիր տնօրէն Արման Պապլոյեանի գլխաւորութեամբ: Յուշագիրը, որ ստորագրուեցաւ «Արեւիկ» եւ «Արաբկիր» բժշկական հաստատութիւններուն միջեւ, կը հաղորդէ հերթական ծրագիրի մեկնարկը: Հեռաբժշկութեան համակարգի ներդրումով՝ համագործակցութիւնը նոր փուլ կը տեղափոխուի, արցախցի փոքրիկներու առողջութեան պահպանութեան ուղղուած քայլերը աւելի հիմնաւոր կը դառնան: «Ի՞նչ կը ներկայացնէ հեռահար բժշկութիւնը. ասիկա համակարգ մըն է, որ թոյլ կու տայ հիւանդութիւններու դէպքերը մանրամասնօրէն քննարկելու բազմաթիւ մասնագէտներու հետ, նոյնիսկ եթէ անոնք հազարաւոր քիլոմեթր հեռու են իրարմէ,- կը մանրամասնէ «Արաբկիր» բժշկական կեդրոնի գործադիր տնօրէն Արման Պապլոյեան:- Ատիկա կը թոյլատրէ, որ ախտորոշման վիճայարոյց պարագաներուն աւելի ճիշդ եզրայանգումներ կատարուին, աւելի արդիւնաւէտ բուժումներ առաջարկուին հիւանդներուն»: 35 000 տոլար արժողութեամբ սարքի նուիրատուութիւնը բարձր կը գնահատեն Ստեփանակերտի «Արեւիկ» հիւանդանոցին մէջ: Վստահ են, որ անիկա պիտի նպաստէ բուժական անձնակազմի մասնագիտական որակներու բարձրացման: «Այս սարքաւորումները թոյլ պիտի տան ոչ միայն հայաստանեան յայտնի մասնագէտներու մասնակցութեամբ դասախօսութիւններ կազմակերպել մեր բժիշկներուն համար, այլեւ շարք մը հիւանդութիւններու պարագային որոշակի դէպքերու ախտորոշումը համատեղ իրականցնել մեր հայաստանեան գործընկերներուն հետ»,- կը կարեւորէ «Արեւիկ» մանկական հիւանդանոցի գործադիր տնօրէն Մհեր Մուսայելեանը:
Ծրագիրը պիտի համակարգեն «Արեւիկ»-ի եւ «Արաբկիր»-ի մանկաբոյժները: Ի դէպ, «Արաբկիր»-ը հեռաբուժութեան ծրագիրին միացած է 7 տարի առաջ, կը համագործակցի Նիւ Ճըրզիի «Սեն Ժոզէֆ» համազգային հիւանդանոցին հետ: Այսուհետեւ նաեւ «Արեւիկ» մանկական հիւանդանոցը կրնայ կապ հաստատել աշխարհի առաջնակարգ բուժական հաստատութիւններու հետ:
Խնդրայարոյց դէպքերու քննարկումն ու անոնց լուծում տալը համատեղ ուժերով աւելի դիւրին է: Ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ «Արեւիկ»-ի բուժական անձնակազմին առցանց կապ հաստատել երեւանեան տարբեր բուժական հաստատութիւններու մասնագէտներուն հետ: Որպէս բազմաբնոյթ համագործակցութեան օրինակ՝ նոյն ծրագիրի ներդրման օրը բուժական անձնակազմի համար դասախօսութեամբ հանդէս եկած է Հայ ուռուցքաբաններու կազմակերպութեան նախագահ, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Գրիգոր Պատալեանը:
Ստեփանակերտ