Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Երեւանի Մէջ Կայացած Է Հայ-Եգիպտական Գործարար Միութեան Անդրանիկ Հանդիպումը

Փետրուար 22-ին Երեւանի մէջ կայացած է «Հայեգիպտական գործարար միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան անդրանիկ հանդիպումը, որուն ներկայ  եղած են Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թարէք Իպրահիմ Մուհամմատ Մաաթին եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Ռոպերթ Յարութիւնեան:

Հանդիպման ընթացքին ընտրուած է վարչութիւն հետեւեալ կազմով` նախագահ Էդուարդ Մանուկեան, փոխնախագահ Թաֆֆի Սեմերճեան, անդամներ` Վահան Դանիէլեան, Արամ Յովսէփեան, Թաֆֆի Հելինեան, Արմէն Ներսէսեան, եգիպտական Air Cairo օդանաւային ընկերութեան հայաստանեան պաշտօնական ներկայացուցիչ, ԱՆՌԻՎԱ-ՏՈՒՐ զբօսաշրջութեան  զարգացման գիծով տնօրէն Ալեքսան Զաքեան: Հայ-եգիպտական գործարար միութիւնը, որուն կ’անդամակցին շուրջ 35 հայ գործարարներ, նպատակ ունի զարգացնելու տնտեսական, գործարար կապերը Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ, խթանելու զբօսաշրջութեան զարգացումը:

«2017 թուականի Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած տնտեսական, գիտական եւ թեքնիկական համագործակցութեան հարցերով հայ-եգիպտական միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի 5-րդ նիստի ընթացքին, որուն կը մասնակցէր Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան ներդրումներու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Սահար Նասրին, որոշուեցաւ եւ ինծի յանձնարարուեցաւ ստեղծել գործարար միութիւն` երկու երկիրներու ներդրումներու ոլորտին մէջ համագործակցութիւն իրականացնելու համար: Մէկ ամիս առաջ հիմնադրեցինք «Հայ-եգիպտական գործարար միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն անդրանիկ նիստը կայացաւ Փետրուար 22-ին»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ նորաստեղծ միութեան նախագահ էդուարդ Մանուկեան, որ վերջերս նշանակուած էր նաեւ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի պաշտօնական ներկայացուցիչը Եգիպտոսի մէջ:

Մէկ ամիս ետք Գահիրէի մէջ կը կայանայ արդէն եգիպտական կողմի անդրանիկ հաւաքը, որմէ ետք  Ապրիլ կամ Մայիս ամիսներուն Եգիպտոսի  կամ Հայաստանի մէջ կը գումարուի միութեան երկկողմ ժողովը, որուն ներկայ կ’ըլլան երկու երկիրներու պատասխանատու գերատեսչութիւններու ղեկավարները:

«Միութեան գործունէութեան շնորհիւ` փոխշահաւէտ համագործակցութիւն կրնայ յառաջանալ գործուածքի արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, դեղագործութեան, զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ: Մեր առաջնային աշխատանքներէն է նաեւ Երեւան-Գահիրէ ուղիղ օդանաւային չուերթի բացումը: Կը կարծեմ, նորաստեղծ միութիւնը նոր թափ կը հաղորդէ հայ-եգիպտական գործարար կապերուն եւ կը նպաստէ ներդրումներուն ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Եգիպտոսի մէջ»,- նշեց Էդուարդ Մանուկեան:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին