Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Տօնական Համերգ` Նուիրուած Արցախեան Շարժումի 30-ամեակին

Փետրուար 20-ին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական համերգ` նուիրուած Արցախեան շարժումի 30-ամեակին:

«Արցախփրէս»-ի հաղորդմամբ` համերգը մեկնարկած է Շուշիի ազատագրման ռազմական  գործողութեան ժամանակ հերոսաբար զոհուած Օլեգ Փիրումեանի կնոջ` երգահան Իրինա Փիրումեանի հեղինակած եւ Սիմոն Սարգսեանի կողմէ մշակուած «Վերադարձի՛ր» երգով:

Այնուհետեւ հանդիսաւոր ձեռնարկին Ստեփանակերտի մշակութային օճախներու սաները, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ժամանած երգիչ-երգչուհիները հանդէս եկած են երաժշտական կատարումներով եւ պարային ելոյթներով:

Տօնական ձեռնարկին ներկայ եղած են Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, պաշտօնատար այլ անձիք, Արցախեան շարժումի մասնակիցներ, հիւրեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին