Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը արժանաւորապէս նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը` վերանորոգելով իր ուխտը հաւատարիմ մնալու հայրենիքի եւ հաւատքի պաշտպանութեան անոնց կտակին:
Մեսրոպեանի աշակերտները, ըստ բաժանմունքներու, առանձին չորս հանդիսութիւններով ոգեկոչեցին Աւարայրի հերոսներուն յիշատակը՝ անոնց նուիրուած գեղարուեստական ելոյթներով, մինչ բանախօսները հանդէս եկան պատգամներով՝ յատկապէս շեշտելով տօնին այժմէական նշանակութիւնը նոր սերունդին համար:
Տօնին նուիրուած աշակերտական կատարումները յատկանշուեցան անմիջականութեամբ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ, որուն ի խնդիր նաեւ պատասխանատու ուսուցիչներուն կատարած աշխատանքը ակներեւ դարձաւ:
Տարրականի աշակերտներուն յաւուր պատշաճի խօսք ուղղեց վարժարանի անձնակազմի անդամ օրդ. Իզապէլ Լեւոնեան, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն՝ տիկին Մարալ Հարպոյեան, իսկ երկրորդականի աշակերտներուն՝ մանկավարժ տիկին Սրբուհի Ճենանեան: Անոնք բացատրեցին Աւարայրի ճակատամարտի պատմական պայմաններն ու անոր նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար: Բանախօսները անդրադարձան մշակութային այլասերումին եւ ազգային հարցերուն հանդէպ անտարբերութեան, զորս վտանգի կ’ենթարկեն հայութիւնը եւ որոնց նկատմամբ պէտք է նոյն քաջութեամբ, գիտակցութեամբ ու հաւատքով ծառանալ, ինչպէս Վարդանանք դիմագրաւեցին յազկերտեան վերջնագիրը:
Բոլոր հանդիսութիւններուն եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեանի տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստ: Պարոն տնօրէնը դիտել տուաւ, որ, ի տարբերութիւն բազմահազար հայ մանուկներու եւ պատանիներու, աշխարհի ամբողջ տարածքին Մեսրոպեանի նման հայկական վարժարաններու աշակերտները պէտք է բախտաւոր եւ հպարտ զգան, որ կ’ապրին հայօրէն՝ խօսելով, երգելով եւ ասմունքելով իրենց հայրերու լեզուով, որուն պաշտպանութեան համար Վարդանանք զոհուեցան: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ ոչ միայն այս արժէքները յաւերժ ապրեցնեն իրենց մէջ, այլ նաեւ տարածողները ըլլան այդ արժէքներուն, յատկապէս հայութենէն մեկուսացած իրենց տարեկիցներու շրջանակին մէջ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի