Լեռներու ափին մէջ կորսուած հեքիաթային տուն կարծես ըլլայ Նորագիւղի նորակառոյց մանկապարտէզը: Առաջինը հեքիաթներէ ու շարժանկարի հերոսները կը դիմաւորեն: Շէնքի արտաքին տեսքի գոյները ուղղակի հիասքանչ են: Յետոյ հիասքանչ ժպիտով կը դիմաւորէ տիկին Լիլիան:
Մինչ կը բարձրանանք երկրորդ յարկը, տնօրէնը կը շտապէ տեղեկացնելու` երկյարկանի մանկապարտէզը շուտով Նորագիւղի համար քիչ պիտի ըլլայ: «Երեխաներու թիւը ամէն ամիս կ’աճի: Ծնելիութիւնը կ’աւելնայ, բայց աւելի շատ պայմանաւորուած է ծնողներու վստահութեան հետ: Նոր մշակոյթ է. առաջ մեր գիւղին մէջ մանկապարտէզ չկար: Հիմա 2 տարեկանէն կը բերեն մեր մօտ: Հարեւան համայնքներէն ալ յաճախող երեխաներ ունինք»,– կը նշէ Լիլիա Գալստեանը:
Համայնքին մէջ նախակրթարան գործած է մինչեւ 90-ականները: Պատերազմի ժամանակ այրած է, ատկէ ետք Նորագիւղի երեխաները մեծցած են` չիմանալով` ի՛նչ է մանկապարտէզը: Բայց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի արժանթինահայ բարերար Յովսէփ Թահթան որոշեց փոխել Նորագիւղի փոքրիկներու առօրեան:
«Փող կրնան ունենալ շատերը, բայց ուրիշին տրամադրել` շատ քիչերը»,– կ’ընդգծէ տիկին Լիլիան: Թահթայ ընտանիքը Արցախի մէջ շատոնց սկսած է կրթօճախներ կառուցել: Առաջինը 1996-ին բացուած Վաղուհասի դպրոցն էր, որ տարիներու ընթացքին, երեխաներու թիւը աճելով, վերածուեցաւ մանկապարտէզի, իսկ հիմնադրամը համայնքին մէջ նոր դպրոց կառուցեց:
Լիլիա Գալստեանը 22 տարի Նորագիւղ դպրոցին մէջ պատմութիւն դասաւանդած է: Մանկապարտէզը տնօրինելու պարտականութիւնը ընդունած է պատասխանատուութեամբ. – «Բայց չէի պատկերացներ, որ սկիզբը այդքան դժուար կ’ըլլայ: Ամէն ինչ նոր էր. թղթաբանութիւնը` անծանօթ, աշխատողները` անփորձ, երեխաները շատ էին ու անդադար կու լային: Քիչ մնացած էր յանձնուէի, բայց կրցանք ամէն բան հունի մէջ դնել: Նոր մանկապարտէզը Նորագիւղի մէջ 25 նոր աշխատատեղի ապահոված է: Դաստիարակները ընտրած են մրցութային կարգով, քննութիւն յանձնած են բոլորը ու բոլորն ալ տեղացի են:
Տիկին Արմինէն նախադպրոցական տարիքի երեխաներու հետ աշխատելու փորձ ունի: Նախապէս ունեցած են 5-6 տարեկաններու խմբակ: Գործած է դարմանատան մէջ: Շէնքի Անմխիթար պայմանները, անյարմարութիւնները հիմա այս գոյներուն մէջ վատ երազ կը թուին. «Երեխաները հազիւ ցերեկը մինչեւ ժամը 3 կը պահէինք: Միայն նախաճաշ կրնայինք տալ: Ոչ մէկ բնական պայման կար, պատկերացուցէք, նոյնիսկ աթոռ չունէինք: Տիկին Արմինէն կը շարունակէ իր 26 հոգինոց խումբը ղեկավարել արդէն նոր ու գեղեցիկ դասասենեակի մէջ։
Հաստատութիւնը նախատեսուած է 4 խումբի` մօտ 100 երեխայի համար եւ ունի ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան յարմարութիւններ: Նորագիւղը Արցախի զարգացող համայնքներէն է, այդ է պատճառը, որ նախագիծը փոխուած է երկու անգամ. առաջին յարկին վրայ գումարուած է 2-րդը` հաշուի առնելով երեխաներու թիւի աճը: