Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԻԸ – Ուրիշին Դժբախտութիւն Չի Կրնար Ըլլալ Ֆրիտիոֆ Նանսենի Թանգարան

*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Նա երկրի վրայ ապրեց հիւսիսափայլի պէս` ինքնայրումով, գեղեցիկ ու անհանգիստ շողարձակումներով, լոյս եւ ուրախութիւն սփռելով ամբողջ աշխարհի վրայ: Իսկ յետոյ որպէս մեծ բնապաշտ ու մեծ մարդասէր, ձուլուեց տիեզերական յաւերժութեանը` դառնալով ամենավառ ժպիտով հիւսիսից մարդկութեանը ժպտացող յաւերժական լուսարձակը`Հիւսիսափայլը…

Ֆելիքս Բախչինեան «Ֆրիտիոֆ Նանսենը եւ Հայսատանը»

 Հայոց մեծերու երկնակամարին վրայ անմար աստղեր կան, որոնցմէ շատերը շատոնց դադրած են ժողովուրդի մը սեփականութիւնը ըլլալէ եւ իրենց վիթխարի մեծութեամբ կը լուսաւորեն ամբողջ մարդկութեան հանճարի տիեզերքը: Իրենք պատիւ կը բերէին շատ փոքր ու մեծ ազգերու, որոնք ըստ արժանւոյն կը գնահատեն սեփական եւ օտար մեծութիւններու արժէքը:  Հայ ժողովուրդի պատմական բախտի հետ սերտ առնչութիւններ ունեցած են բազմաթիւ ժողովուրդներ: Հարցի էութեան մէջ ամենայն լրջութեամբ խորանալու պարագային թերեւս աշխարհի վրայ չի գտնուիր ժողովուրդ մը, որուն հետ հայ ժողովուրդը որեւէ առնչութիւն ունեցած չըլլայ, որովհետեւ մոլորակի վրայ գրեթէ չկայ անկիւն մը, ուր հասած չըլլայ հայուն տարագիր ցուպը: Սակայն կան ժողովուրդներ, որոնք ճակատագրական դեր ունեցած են մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական ներգործութեամբ՝ փոխելով մեր կեանքի ընթացքը դէպի ետ եւ դէպի առաջ: Խօսքը կը վերաբերի այն մարդուն, որ իբրեւ անհատ, իբրեւ մարդ եւ իբրեւ աշխարհաքաղաքացի խիզախօրէն առաջնորդեց Առաջին համաշխարհային պատերազմի արհաւիրքներէն շնչահեղձ մարդկութեան պաշտպանութիւնը: Պատերազմը իսկական դժոխքի վերածած էր ամբողջ քաղաքակիրթ Եւրոպան, Մերձաւոր Արեւելքը, Ռուսաստանը:

Այդ խիզախ անհատը Ֆրիտիոֆ Նանսենն էր: Արդէն մէկ ու կէս դարէ մարդկութեան համար իր անունը կը խորհրդանշէ փոքրիկ Նորվեկիան՝ այդ հիւսիսային ցուրտ երկիրը, որուն ժողովուրդի սիրտը ամփոփուած է իր տաք ու մեծ սրտին մէջ:

Ֆրիտիոֆ Նանսենի մասին շատ խօսուած է, գրուած են նաեւ բանաստեղծութիւններ եւ ասոյթներ: Եղած հարուստ շտեմարանին նոր բան աւելցնելու կարիքը կարծես թէ չկայ: Սակայն հայ ժողովուրդի երախտագէտ սիրտը կը ցանկայ նորէն ու նորէն խօսիլ անոր մասին, յիշել, պատմել, արժեւորել անոր գործը, իսկապէս <<Քրիստոսի աւետարանի մարդկային թարգմանութիւնն էր>>, ինչպէս պատկերաւոր բնութագրած էր երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Գարեգին Առաջինը:

Ֆրիտիոֆ Նանսենի պայքարը, յանուն մարդու իրաւունքներուն եւ արժանապատուութեան, փոխեց դիւանագէտներու եւ քաղաքագէտներու տեսակէտը սեփական գործունէութեան նկատմամբ եւ ստեղծեց նոր չափանիշներ միջազգային քաղաքականութեան մէջ:

Ֆրիտիոֆ Նանսենի մարդասիրական վիթխարի նուաճումը կարելի է բաժնել հիմնական երեք խումբի.

  1. 1917-1918 թուականներուն ԱՄՆ-էն Նորվեկիա՝ սնունդի պաշարներ փոխադրելու առաքելութիւնը:
  2. Ռազմագերիներուն, սովեալներուն եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի գաղթականներուն ցուցաբերած աջակցութիւնը:
  3. Ազգերու Լիկային իր աջակցութիւնը:

Նանսենեան օգնութեան կոմիտէի նախաձեռնութեամբ Ռուսաստանի (Վոլկայի աւազանի մէջ) եւ Ուքրանիոյ մէջ շուրջ տասը միլիոն մարդկային կեանք փրկուեցաւ: Անգնահատելի է Ֆ. Նանսենի դերը թուրք ճիւաղներու հրահրած ու իրագործած Հայոց մեծ եղեռնէն եւ յոյն-թրքական պատերազմէն մազապուրծ քաղաքակիրթ քրիստոնեայ երկու ժողովուրդներու փրկութեան եւ օգնութեան հետամուտ գործին մէջ:

320 հազար հայեր նանսենեան անձնագիրերով քաղաքացիութիւն ստացան աշխարհի 52 տարբեր երկիրներու մէջ, յաջողեցան օճախներ հիմնել եւ շարունակել կեանքը, իսկ 50 հազար հայեր Յունաստանէն գաղթեցին Մայր հայրենիք եւ բնակութիւն հաստատեցին Սարդարապատ, ուր կենսապայմաններ ստեղծելու գործին մէջ նոյնպէս մեծ էր բարոյականութեան բարձրակէտին վրայ կանգնած Ֆրիտիոֆ Նանսենի եւ իր ղեկավարած յանձնախումբի դերը: Անոնք սկսան փորձագիտական-հետազօտական աշխատանքներ, որոնց նկարագրութիւններն ու առաջարկները ժամանակին իբրեւ փաստաթղթային ապացոյցներ տեղ գտած են Ժընեւեան հաղորդագրութիւններուն մէջ, ապա դուրս եկած են արխիւներէն ու հասած մեր օրերը՝ դառնալով մեծ նորվեկացիին նուիրուած հայ ժողովուրդի երախտագիտութեան ու սիրոյ առհաւատչեան:

Փաստաթուղթերը, այնուամենայնիւ, չէին կրնար պահել Ֆրիտիոֆ Նանսենի հոգիի թրթիռները, երբ ան կը քալէր հին Երեւանի փողոցներով կամ երբ կը մասնակցէր Շիրակի ջրանցքի բացումին: Իր հայաստանեան տպաւորութիւնները վերածուեցան սիրոյ խոստովանութիւններու, որոնց մէջ մեզ պարտաւորեցնող էին մասնաւորաբար հետեւեալ խօսքերը. «Իմ յոյսն է յաջողիլ նորէն վերադառնալ…»:  Քաղաքականութեան եւ բարոյականութեան հաշտեցման ճամբուն վրայ Ֆրիտիոֆ Նանսենին ուժ կը հաղորդէին հայ որբուկներու սովահար աչքերը:

Այս շաբաթ «Զարթօնք»-ի կանգառը Ֆրիտիոֆ Նանսենի թանգարանն է: Թանգարանի կառոյցի ու նախագիծի հեղինակներն են՝ բարերարներ, ՀՀ վաստակաւոր բժիշկներ Կառլեն եւ Սարա Եսայեանները, ճարտարապետը՝ Ալպերթ Սոխիկեանը։ Հոն կը ցուցադրուին նորվեկացի բեւեռախոյզ, Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Ֆրիտիոֆ Նանսենի կեանքին եւ գիտական ու մարդասիրական գործունէութեան առնչուող գիրքեր, ֆիլմեր, ցուցապաստառներ, յոբելեանական նիւթերու միջոցով թողարկուած քանդակներ։ Թանգարանին մէջ առանձին բաժին յատկացուած է Կառլեն եւ Սարա Եսայեան հովանաւորներու կեանքին եւ հայրենասիրական գործունէութեան: 2015 թուականին Երեւանի Չեխովի անուան թիւ 55 դպրոցին կողմէ Նանսենի անուան թանգարանին բացուած է «Ֆրիտիոֆ Նանսեն. Աշխարհի խիղճը» խորագիրը կրող վահանակ։ Թանգարանի մակերեսը՝ 40.6 քմ:

Թանգարանի մուտքի մօտ տեղադրուած է Ֆրիտիոֆ Նանսենի արձանը:

Թանգարանը ցուցադրուող հայերէն գիրքերուն, ֆիլմերուն, ցուցապաստառներուն, քանդակներուն եւ թողարկուած յոբելեանական նիւթերուն միջոցով այցելուները մօտէն կը ծանօթանան նորվեկացի բեւեռախոյզ, Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Ֆրիտիոֆ Նանսենի կեանքին եւ գիտական ու մարդասիրական գործունէութեան:

Տակաւին 1906 թուականին Իզմիրի մէջ հայերէնով հրատարակուած է Ֆ. Նանսենի «Դէպի Բեւեռ» գիրքը: Ասիկա հայ ընթերցողի առաջին ծանօթութիւնն էր անուանի գիտնական-բեւեռախոյզին հետ: Իսկ 1925-ի հայաստանեան ուղեւորութենէն ետք Ֆրիտիոֆ Նանսենի հրատարակած «Խաբուած ժողովուրդ» գիրքը Հայ դատի յենասիւներէն է, Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին նուիրուած լաւագոյն գիրքերէն մէկը:

Մեր զրուցակիցը թանգարանի տնօրէն Ֆելիքս Բախչինեանն է, որ նաեւ «Ֆրիտիոֆ Նանսեն» հիմնադրամի նախագահն է:
Տնօրէնը սիրով ընդունեց մեզ եւ մեծ ոգեւորութեամբ պատմեց թանգարանի ու Նանսենի կեանքի եւ գործունէութեան մասին:

«Զ.» – Պարո՛ն Բախչինեան, կ’ըսէ՞ք՝ ո՛վ եւ ե՛րբ հիմնած  է թանգարանը: Ի՞նչ է թանգարանի խորհուրդը:

 

«Ֆ. Բ.» – Թանգարանը նոր թանգարան է: Տակաւին 2011 թուականին մենք մեծ շուքով նշեցինք Նանսենի 150-ամեակը: Արամ Ա. Կաթողիկոսի կազմակերպութեամբ յոբելեանական միջոցառումներ տեղի ունեցան նաեւ արտասահմանեան շարք մը երկիրներու մէջ, որոնցմէ են՝ Հալէպ եւ Պէյրութ եւ այդտեղ ալ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով տպագրուեցաւ  Նանսենի  «Հայաստանը եւ Մերձաւոր Արեւելքը» գիրքը, որ երկրորդ հրատարակութիւնն էր: Առաջինը տպագրուած է 1958 թուականին:  Հաշուի առնելով, որ Հայաստանը խորհրդային երկիր էր՝ գիրքը չէր տպագրուած Հայաստանի մէջ, միայն 2000 թուականին տարբեր վերնագիրով («Խաբուած ժողովուրդ») գիրքը կարելի եղաւ տպագրուել Հայաստանի մէջ: Ատիկա հրաշալի գիրք մըն է, որ կը պատմէ Նանսենի 1925 թուականին Հայաստան կատարած այցելութիւնը: Ան շրջած է գրեթէ ամբողջ Հայաստանը, եղած է Երեւան, Կիւմրի, Վանաձոր, Ստեփանավան, Դիլիջան, Սեւան եւ այդ ժամանակ ալ գրած է «Խաբուած Ժողովուրդ» գիրքը: Գիրքը ոչ միայն կը նկարագրէ ուղեւորութիւնը, այլեւ կը վերլուծէ ամբողջ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը: Կարելի է զայն համարել գիտական բարձրարժէք գիրք մը:

Նանսենի 150-ամեակին նուիրուած միջոցառումներ եղան նաեւ Արժանթինայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, իսկ ես, Հայսատանի «Ֆրիտիոֆ Նանսեն» հիմնադրամի նախագահը ըլլալով, նիւթեր տրամադրեցի, որպէսզի այդ միջոցառումները իրականացնեն: Այդ ժամանակ թանգարանը դեռ չկար: 150-ամեակի առթիւ ստեղծուեցաւ կառավարական յոբելեանական յանձնաժողով՝ գլխաւորութեամբ փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանի: Թանգարան բանալու ծրագիրը ներկայացուցած էի ես, որ գրեթէ 100 տոկոսով իրականացուեցաւ բարերարներ, ՀՀ վաստակաւոր բժիշկներ Կառլեն եւ Սարա Եսայեաններու հովանաւորութեամբ:  Այսօր դիւրին բան չէ, որ մարդը սեփական ուժերով հովանաւորէ թանգարանի կառուցումը: Անկէ ետք Երեւանի մէջ տեղադրուեցաւ Նանսենի երկու յուշարձան, մէկը թանգարանի բակը, միւսն ալ Աբովեան-Մոսկովեան խաչմերուկին մօտ, ստեղծուեցաւ նաեւ ֆիլմ՝ <<Նանսենը եւ Հայաստանը>>, հրատարակուեցաւ գիրք մը՝ նորէն <<Նանսենը եւ Հայաստանը>> վերնագիրով:  Պետական մակարդակով միջոցառումներ տեղի ունեցան նաեւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի օփերայի եւ պալէյի ազգային  ակադեմական թատրոնին մէջ, որուն ներկայ էր նաեւ Նորվեկիոյ Արտաքին գործոց նախագահը տիկնոջ հետ եւ Նանսենի թոռնուհին, որուն Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր յանձնեց հանրապետութեան նախագահը, քանի որ Նանսենը իր նանսենեան  անձնագիրերով  Եղեռնէն մազապուրծ 320 հազար հայ փրկած է: Իր թոռնուհիին՝ Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր նուիրելը «փոխհատուցման» խորհրդանիշ էր:

Թանգարանը բացուեցաւ 2014 թուականի Հոկտեմբեր  12-ին ՀՀ վաստակաւոր բժիշկներ Կառլեն եւ Սարա Եսայեաններու հովանաւորութեամբ: Թանգարանը կը պատկանի Երեւանի քաղաքապետարանին: Ի հարկէ, թանգարանի տարածքը շատ պզտիկ է, հետեւաբար հոս կարելի չէ մեր ունեցած բոլոր նիւթերը ցուցադրել, ընդամէնը 42 քառակուսի մեթր տարածք է:

 

«Զ.» -Ի՞նչպէս կը կազմակերպէք այցելութիւնները: Ի՞նչ գիրքեր հրատարակուած են Նանսենի մասին: Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ:

 

«Ֆ. Բ.» – Այցելութիւնները մեր քով անվճար են: Բացի Երկուշաբթի եւ Կիրակի օրերէն, ամէն օր կ’աշխատինք ժամը 10:00-էն 18:00: Թանգարանը խթան հանդիսացաւ, որ յատկապէս սքանտինավեան երկիրներէն՝ ֆինլանտայէն, Դանիայէն, Զուիցերիայէն, ներառեալ Նորվեկիայէն բաւականին հիւրեր գան: Մեզ կ’այցելեն նաեւ Նանսենի նորվեկիական կեդրոններու գիտաշխատողներ` Օսլոյէն, Լիլիհամերէն եւ տարբեր քաղաքներէ:
Բոլորը կը հիանան ժողովուրդով մը, որ այսքան Նանսենին կ’անդրադառնայ, քանի որ ինք միայն հայերուն չէ օգնած, բայց եւ այնպէս միայն Հայաստան ստեղծուած են Նանսենի անուան փողոցները, այգին եւ թանգարանը: Մեր  հիմնադրամի միջնորդութեամբ փողոցներ բացուած են նաեւ Սպիտակ եւ Ստեփանավան քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ երջանկայիշատակ Անդրանիկ Մարգարեանի որոշումով՝ Կիւմրի գտնուող մանկատունը, ուր  1925 թուականին այցելած է Նանսենը, իր անունով կոչուեցաւ, մեր հիմնադրամի աջակցութեամբ նաեւ Նանսենի անուան լսարաններ բացուած են Երեւանի պետական եւ սլավոնական համալսարաններու մէջ: Նանսենը եղած է Երեւանի պետական համալասարանի առաջին պատուաւոր դոկոտորը: Մենք շատ դժուարութեամբ կրցանք Նանսենի անուան լսարաններ բանալ:

Մենք 8 հատորով հրատարակած ենք Նանսենի գիրքերը, ուր տեղ գտած են միայն իր գրածները եւ 12 հատոր՝ Նանսենի մասին: Պէտք է նշեմ, որ 8 հատորով հրատարակուած գիրք չկայ նորվեկերէն լեզուով, նորվեկերէն հրատարակուած է ընդամէնը 5 հատոր: Ի հարկէ, այս բոլորը կատարուած են բարերարներու շնորհիւ, պետական որեւէ աջակցութիւն չենք ստացած:  Նանսենի ամենաստուար հատորը հովանաւորած է արդէն մեր ազգային հերոս Էդուարդօ Էռնեկեանը, որուն պարգեւատրած են Նանսենի ոսկեայ յուշամետալով: Էռնեկեանը շատ յուզուած էր այդ պարգեւով, որովհետեւ նանսենեան անձնագիրով փրկուած էին իր ծնողները: Նանսենեան անձնագիրերով փրկուած են նաեւ Շառլ Ազնաւուրի ծնողները եւ քոյրը: Այսօր սփիւռքի մէջ գրեթէ չկան նանսենեան անձնագիրերով փրկուածներ, բայց կան անոնց երեխաները, թոռները, որոնք իբրեւ սրբութիւն կը պահեն այդ անձնագիրը: Մենք պէտք է շնորհակալ ըլլանք, որ այսօրուան սփիւռքի մեծ տոկոսը փրկուած  է նանսենեան անձնագիրերուն շնորհիւ:

«Զ.» – Ի՞նչ միջոցառումներ կը կազմակերպուին թանգարանին մէջ, ինչպիսի՞ բնոյթ կը  կրեն անոնք: Ի՞նչ կրթական ծրագիրներ կ’իրականացուին:

«Ֆ. Բ.» – Տարբեր միջոցառումներ կը կազմակերպենք, հիմնականը նուիրուած Նանսենին, իր հայապաշտպան գործունէութեան: Այլ միջոցառումներ ալ կ’ունենանք, այս պարագային հանդիպումներ եւ քննարկումներ մեր նշանաւոր մտաւորականներուն հետ, կամ անոնց գիրքերուն շուրջ, Նանսենին նուիրուած ֆիլմերու դիտումներ: Նանսենին նուիրուած գեղարուեստական ամէնէն հետաքրքրական ֆիլմը նկարահանած է Ս. Փեթերսպուրկ ապրող  Սերկէյ Միքայէլեանը: Այդ ֆիլմը Նորվեկիոյ մէջ ամէն Երկուշաբթի կը ցուցադրեն որպէս ուսումնական ֆիլմ, որպէսզի դպրոցականներուն ծանօթացնեն Նանսենի կեանքին եւ գիտական ու մարդասիրական գործունէութեան, որովհետեւ Նանսենը, շատ մեծ գիտնական ըլլալով, իր կեանքը նուիրեց մարդասիրական գործունէութեան:  1922 թուականին Նանսենը արժանացաւ Նոպելեան Խաղաղութեան մրցանակին: Հայաստանի կառավարութեան որոշումով ստեղծուած են նաեւ նանսենեան յուշադրամներու շուրջ 10 հազար օրինակներ: Մեր ժողովուրդը երախտամոլ է եւ ամէն կերպ կը փորձէ իր երախտագիտութիւնը յայտնել: Նանսենի դուստրը երեք հատոր աշխատութիւն գրած է «Գիրք հօրս մասին» խորագիրով: Հոն հայերուն նուիրուած գլուխ մը կայ, որ <<Մոռցուած ժողովուրդ>> կը կոչուի, ուր ան կը խոստովանի, թէ Նանսենի ամենամեծ յուշարձանը հայերու սէրն է անոր նկատմամբ:

Երեխաներուն համար կրթական ծրագիրներ կը կազմակերպուին հիմնականը Նանսենի անուան թիւ 150 դպրոցին մէջ: Դպրոցին մէջ նոյնպէս կայ Նանսենին նուիրուած փոքրիկ թանգարան: Մենք Նանսենի ծննդեան ու մահուան յիշատակի օրերուն միջոցառումներ կը կազմակերպենք ոչ միայն դպրոցին մէջ, այլ նաեւ իր յուշարձանին մօտ, նաեւ թանգարանին մէջ: Մեր հիմնադրամը հասարակական կազմակերպութիւն է եւ թանգարանին հետ միասին կոչուած են Նանսենի յիշատակը որոշ չափով ներկայացնել եւ հասցնել մարդոց, որովհետեւ ամէն հայ պէտք է ճանչնայ Ֆրիտիոֆ Նանսենին: Մենք շատ բարեկամներ ունեցած ենք եւ այսօր ալ ունինք, բայց 320 հազար հայ փրկողը ոեւէ մէկուն հետ չենք կրնար համեմատել: Ես մինչեւ իմ կեանքիս վերջը պէտք է ներկայացնեմ ու տարածեմ, որպէսզի մարդիկ ճանչնան եւ գիտնան Նասնենի կատարած հայապաշտպան գործունէութեան մասին:

«Զ.» – Նանսենի թանգարանի դռները միշտ բաց են բոլոր այցելուներուն համար: Հոն կրնաք ծանօթանալ իր կեանքին եւ գործունէութեան: Յիշեցնեմ, որ թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանը Նանսենի անուան փողոցին վրայ:

Հեռ. +374-94-33-60-00, +37577870000
Էլ. փոստ`fbakhchinyan@yahoo.com

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին