Հոլանտայի խորհրդարանի ստորին պալատը` Tweede Kamer-ը Հինգշաբթի ձայներու մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուաւ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին երկու բանաձեւներուն: Այդ մասին կը յայտնէ «Նիուզ»-ը՝ վկայակոչելով «NLTimes»-ը:
Բանաձեւներէն առաջինը կը նշէ, որ Tweede Kamer-ը «կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», միւսը, որ Հոլանտայի Արտաքին գործոց նախարարը պէտք է Ապրիլին ներկայ գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման արարողութեան Հայաստանի մէջ: Կ’ակնկալուի, որ այս որոշումը վատ անդրադառնայ Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի յարաբերութիւններուն վրայ, կը հաղորդէ «ANP»- ն:
Երկու բանաձեւներն ալ ներկայացուած էին ChristenUnie կուսակցութեան պատգամաւոր Եոյել Ֆորտեւինտի կողմէ: Բոլոր 4 համախոհ ուժերը սատարած են այդ բանաձեւներուն:
Մինչեւ հիմա Հոլանտան երբեք պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը` միշտ խօսելով «Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի մասին»: Բայց խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կը գտնէ, որ ժամանակն է ատիկա փոխելու: «Մենք չենք կրնար ժխտել պատմութիւնը պատժամիջոցներու վախէն, որովհետեւ մեր երկիրը միջազգային իրաւունքի մայրաքաղաքն է, ուստի մենք պէտք չէ վախնանք ճիշդ քայլեր առելէ»,– «Trouw»-ին ըսած է Ֆորտեւինտը: