Ուրբաթ 16 Փետրուար 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Մայր Աթոռի Վեհարանին մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառը հանդիպում մը ունեցաւ «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր ընկ. Սեւակ Յակոբեանի հետ, որ Էջմիածին կ’այցելէր՝ պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնելու Վեհափառ տիրոջ «80-ամեակին առիթով «Զարթօնք»-ին շնորհած իր Օրհնութեան Գիրին համար: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ «Զարթօնք»-ի երկարամեայ աշխատակից ընկ.հի Ճենի Գրիգորեան – Բարսեղեանը:
Հանդիպման ընթացքին ընկ. Յակոբեան Վեհափառին զեկուցեց տպագիրին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ի մասնաւորի լիբանանահայ մամուլի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին: Խօսակցութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց նաեւ հայ վարժարանն ու անոր կենսական կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի ապագայի կերտման գործընթացին մէջ:
Վեհափառ Տէրը արդարօրէն կարեւորեց իր հովանաւորութեամբ հայրենիքի մէջ գործող «Հայորդաց տուներ»-ուն կարեւորութիւնը եւ պարզեց իր տեսլական ծրագիրը Մայր Աթոռի շրջափակին մէջ հիմնելու նաեւ «Թիւմօ»-ի նոր կեդրոն մը հոն արդէն իսկ գործող վարժարանին կողքին:
Այս նախաձեռնութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ Մայր Աթոռին մէջ օրական հազարաւոր հայ մանուկներու գոյութեան անոնց աւելի եւս կապելով հայ եկեղեցւոյ:
Հայրենիքն ու Սփիւռքը յուզող այլեւայլ նիւթերու քննարկումէ ետք՝ հանդիպման աւարտին Վեհափառը «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիրին յանձնեց 18-րդ դարու անյայտ հայ նկարիչի մը «Աստուածամայրը մանկան հետ» նկարի կրկնօրինակը հեղինակութեամբ Տիգրան Բարխանաճեանի, որպէսզի զետեղուի «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ՝ իբրեւ օրհնութիւն Մայր Աթոռի: Գարեգին Բ. Վեհափառը ընկ. Յակոբեանին եւ ընկ.հի Գրիգորեանին շնորհեց նաեւ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը» յուշադրամ-մետալները: